Շաբաթ՝ 6 Յունուար 2018ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, ներկայութեամբ Թաղական Խորհուրդի, Տիկնանց Մարմինի եւ շրջանին մէջ գործող բոլոր միութիւններու անդամ-անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ խուռներամ հաւատացեալներու։
Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Քրիստոսի ծննդեան դրուագին եւ, անկէ մեկնելով, հաւատացեալներուն յորդորեց՝ ըսելով.- «Այդ աղքատ մսուրը, որուն մէջ Քրիստոս ծնաւ, մենք՝ որպէս մարդ արարածներ, պէտք է հարստացնենք եւ հարստացնելու համար մեր տուներէն ներս զարդարուած Կաղանդի ծառի կողքին զետեղուած մսուրին առջեւ մեր հոգիով ու սրտով մեր կապուածութիւնն ու սէրը յայտնենք Քրիստոսի։ Մոգերուն կողմէ տրուած նուէրները մեզի առիթ պէտք է հանդիսանան, որպէսզի մենք եւս մեր Արարիչին նուէրներ յանձնենք՝ մեր կեանքն ու մեր անձը նուիրելով Անոր, որպէսզի ինք եւս մեզ համար իր օրհնութիւնները առատօրէն բաշխէ եւ մեր բոորին մեղքերը ներէ»։
Ապա, Հայր Սուրբը շնորհաւորեց իւրաքանչիւրին Ս. Ծնունդը՝ մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Աւետիս, Էմմանուէլ անուն կրողները։
Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէք։ Ջրօրհնէքի խաչի կնքահայրութիւնը ստանձնած էր շրջանի երիտասարդներէն Նարեկ Ալեքսանեան։ Եկեղեցւոյ սարկաւագներուն եւ ուրարակիրներուն կողմէ ժողովուրդի բոլոր զաւակներուն բաժնուեցաւ օրհնուած ջուր։
Նշենք, որ մէկ օր առաջ, Ուրբաթ՝ 5 Յունուար 2018ի երեկոյեան ժամը 7։00էն սկսեալ, կատարուեցան Ճաշու եւ Երեկոյեան Ժամերգութիւններ, ինչպէս նաեւ Ընթերցուածներու ներկայացում։ Երեկոյեան ժամը 8։30էն սկսեալ, մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին Թեսաղոնիկէի երգչախումբի անդամ-անդամուհիները, դաշնակի ընկերակցութեամբ տիկ. Նունէ Տօնիկեանի։
Գիշերուան Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, «Տէր-Զաքարեան» սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդին, տեղի ունեցան Գաթայի կտրում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։ Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի ատենապետ պրն. Արթին Աբրահամեան խօսք առնելով յաջողութիւն, առողջութիւն եւ փափաքներու իրականացում մաղթեց բոլորին։ Նկատի առնուած էր երկու տեսակի Գաթայի կտրում, առաջինը՝ բոլոր միութիւններուն, եւ երկրորդը՝ ներկաներուն բաժնուած։ Բոլոր միութիւններուն Գաթայի կտրման մետաղադրամ յայտնուեցաւ եկեղեցւոյ բաժինին մէջ, ուր շրջանի Հայր Սուրբին յանձնուեցաւ գեղեցիկ եւ յիշատակելի նուէր մը, իսկ երկրորդը՝ մետաղադրամը յայտնուեցաւ մնացած պատրաստի Գաթաներուն մէջ եւ Թաղականութիւնը յարմար տեսաւ նուէրը յանձնելու շրջանի Դպրոցին՝ առ ի գործածութիւն։
Այս բոլորէն ետք, գիշերուան ուշ ժամերուն, կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի Հ.Յ.Դ. «Ս. Թեհլիրեան» Երիտասարդական Միութեան, տեղի ունեցաւ Աւետիսի աւանդական շրջագայութիւնը, շրջանի ծխականներու տուներէն ներս, ուր խումբ-խումբ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ «Խորհուրդ Մեծ…» եւ «Այսօր Տօն է…» շարականներով աւետեցին Բարի Լուրը Թեսաղոնիկէի տարբեր շրջաններուն մէջ բնակող հաւատացեալ մեր ամբողջ ժողովուրդին՝ մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը շրջագայելով։
Կիրակի, 7 Յունուար 2018-ին, Յիշատակ Մեռելոց էր։ Այս առթիւ, Հայր Սուրբը առաւօտեան ժամը 10։00-14։00 եւ երեկոյեան ժամը 16։00-18։00 ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի Ազգ.Գերեզմանատուն եւ կատարեց Գերեզմանօրհնէք։ Իսկ Երկուշաբթի, 8 Յունուարէն սկսեալ, Հայր Սուրբը, Ս. Ծննդեան Տօնին առթիւ, սկսաւ Թեսաղոնիկէի ծխայիններուն տուները այցելել եւ Տնօրհնէք կատարել։
ԲՈԼՈՐԻՆ ՎԱՐՁՔԸ ԿԱՏԱՐ.
«ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ»