Երկուշաբթի` 6 Յունուար 2020ի առաւօտեան, Ս.Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Թեսաղոնիկէի «Ս.Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս.եւ Անմահ Պատարագ, որ մատուցեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ.Փաշայեան, ներկայութեամբ Թաղական խորհուրդի, Տիկնանց միութեան եւ շրջանին մէջ գործող բոլոր կառոյցներու անդամներուն, ինչպէս նաեւ խուռներամ հաւատացեալներուն։ Հիւրաբար ներկայ էր նաեւ յոյն ուղղափառ «Ս. Կոստանդինոս եւ Ս. Էլէնի» եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ հայր Իգնատիոսը, որ իր սրտի խօսքը ուղղեց եւ շնորհաւորեց Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին Ս. Ծնունդը։
Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Քրիստոսի ծննդեան դրուագին եւ անկէ մեկնելով հաւատացեալներուն յորդորեց, ըսելով.«Այդ աղքատ մսուրին մէջ որ Քրիստո՛ս ծնաւ, մենք, որպէս մարդ արարածներ, զայն պէտք է հարստացնենք եւ հարստացնելու համար մեր տուներէն ներս զարդարուած Կաղանդի ծառի կողքին զետեղուած մսուրին առջեւ մեր հոգիով ու սրտով մեր կապուածութիւնն ու սէրը յայտնենք Քրիստոսի։ Մոգերուն կողմէ տրուած նուէրները մեզի առիթ պէտք է հանդիսանան, որպէսզի մե՛նք եւս մեր Արարիչին նուէրներ յանձնենք մեր կեանքն ու մեր անձը նուիրելով Անոր, որպէսզի Ի՛նք եւս մեզ համար իր օրհնութիւնները առատօրէն բաշխէ եւ մեր բոլորին մեղքերը ներէ»։ Հայր սուրբը իր կարգին շնորհաւորեց իւրաքանչիւրին Ս.Ծնունդը, մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Աւետիս, Էմմանուէլ եւ Մկրտիչ անուն կրողները։
Ս.Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ աջակողմը գտնուող Ս. Մկրտարանէն՝ «Լոյս ի Լուսոյ..» գեղեցիկ շարականով, սրբալոյս Միւռոնը բերուեցաւ Ս. Խորան՝ եւ շարականներու ընդմէջէն ու Ս. Միւռոնի հեղումով տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի եկեղեցական արարողութիւնը։ Ջրօրհնէքի խաչի կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ ուրարակիրներէն՝ Նարեկ Ալեքսանեանը։ Ս. Պատարագի վերջաւորութեան, եկեղեցւոյ սպասաւորներուն կողմէ բոլոր ժողովուրդի զաւակներուն բաժնուեցաւ օրհնուած ջուր։
Նշենք, որ մէկ օր առաջ, Կիրակի՝ 5 Յունուար 2020ի երեկոյեան կատարուեցաւ Ճաշու եւ երեկոյեան ժամերգութիւն, ինչպէս նաեւ ընթերցուածներու ներկայացում։ Ապա, մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ պատարագ։ Սոյն պատարագի երգեցողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ սօփրանօ Սիրանոյշ Չալըքեան՝ մեներգելով Ս. Պատարագէն կարգ մը հատուածներ՝ առաւել եւս գեղեցկացնելով օրուան խորհուրդը։
Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ նախատօնակի աւանդական արարողութիւնը, ուր հաւատացեալներու մասնակցութեամբ եւս երգուեցան «Խորհուրդ Մեծ» եւ «Այսօր Տօն է» շարականները։
Ս. Պատարագէն անմիջապէս ետք, «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի կազմակերպած գաթայի կտրումն ու պատշաճ հիւրասիրութիւնը։ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Արթին Աբրահամեան խօսք առնելով՝ յաջողութիւն, առողջութիւն եւ փափաքներու իրականացում մաղթեց բոլորին։ Բոլոր միութիւններուն գաթայի կտրման մետաղադրամը յայտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բաժինին մէջ, իսկ երկրորդ մետաղադրամը յայտնուեցաւ պատանի եւ մեր Ծաղկոցի աշակերտներէն՝ Մարիա Վոյանօ Զաքարեանին եւ ան ստացաւ իր պատշաճ նուէրը։
Ապա, յաջորդեց Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբի Աւետիսի շրջագայութիւնը, այցելելով տուները ու բարի լուրն ու աւետիսը փոխանցելու մեր ժողովուրդի զաւակներուն։
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը` Թեսաղոնիկէի մէջ
Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը` Թեսաղոնիկէի մէջ