Ս. Ծննդեան տօնին առիթով, Շաբաթ, 21 Յունուար 2023-ի երեկոյեան ժամը 6-ին, Գարէայի ազգապատկան սրահին մէջ զետեղուած «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» Ս. Խորանին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, ուր պատարագեց եւ քարոզեց Գարէա-Կեսարեանիի եւ շրջակայքի հայոց հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Նարէկ քհնյ. Շահինեան։
Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ դպրապետութեամբ բարշ. Պետրոս սրկ. Պարսամեանի:
Արարողութեան ներկայ էին Յունաստանի Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ՝ տոքթ. Ստեփան Փափազեան, Յունաստանի Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի տիկ. Լիզա Աւագեան եւ անդամներ, Նէոս Գոզմոս(Ֆիքս)ի «Ս. Յովհ. Կարապետ» եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի եւ Տիկնանց մարմնոյ ներկայացուցիչներ, շրջանիս մէջ գործող կառոյցներու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ շրջանիս հաւատացեալ հայրենակիցներ։
Արարողութենէն ետք, շրջանիս Թաղային խորհուրդի եւ Հ. Կ. Խաչի Գարէայի «Աղթամար» մասնաճիւղի համագործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ ամանորի գաթայի կտրումի ձեռնարկը։
Տէր Նարեկ քահանայ հայրը նախ բարի գալուստ եւ բարի տարի, ինչպէս նաեւ անհատական ու հաւաքական բոլոր ծրագիրներուն յաջողութիւն մաղթեց, ապա իր մօտ հրաւիրեց ներկաներէն ամենատարէց երկու հայրենակիցներ՝ պրն. Մանուկ Գասպարեանն ու պրն. Կարպիս Չիլինկիրեանը, որպէսզի գաթան օրնելէ ետք, միասնաբար կտրեն զայն։
Ամանորի մաղթանքներով հանդէս եկան՝ Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչն ու Հ. Կ. Խաչի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհին, ինչպէս նաեւ Թաղային խորհուրդի ատենապետ պրն. Աւետիս Էրջէնեան ու Հ.Կ.Խաչի Գարէայի «Աղթամար» մասնաճիւղի ատենապետուհի տիկ. Ծաղիկ Ճամուզեան-Խորոզեան։
Ուրախալի էր տեսնել առաջին անգամ ըլլալով, Գարէայի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի նորակազմ սկաուտական խմբակին ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը Ս. Պատարագին, որոնք գաթայի կտրումի աւարտին՝ Ս. Ծննդեան երգերով ճոխացուցին երեկոն։ Յաջորդեց հիւրասիրութիւն։
Վարձքը կատար բոլորին:
Լիլիթ Վարդանեան- Եզէկիէլեան