Կիրակի՝ 6 Յունուար 2019ի առաւօտեան ժամը 10։30ին, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Ս. Պատարագը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեան, ներկայութեամբ՝ Թաղական Խորհուրդի, Տիկնաց Միութեան եւ շրջանին մէջ գործող բոլոր ազգային կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու անդամ-անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ խուռներամ հաւատացեալներուն։
Հայր Սուրբը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Քրիստոսի ծննդեան դրուագին եւ անկէ մեկնելով հաւատացեալներուն յորդորեց՝ ըսելով.- «Այն աղքատ մսուրը, ուր Քրիստո՛ս ծնաւ, մենք՝ որպէս մարդ արարածներու, զայն պէտք է հարստացնենք եւ հարստացնելու համար մեր տուներէն ներս զարդարուած Կաղանդի ծառի կողքին զետեղուած մսուրին առջեւ մեր հոգիով ու սրտով մեր կապուածութիւնն ու սէրը յայտնենք Քրիստոսի։ Մոգերուն կողմէ տրուած նուէրները մեզի առիթ պէտք է հանդիսանան, որպէսզի մե՛նք եւս մեր Արարիչին նուէրներ յանձնենք՝ մեր կեանքն ու մեր անձը նուիրելով Անոր, որպէսզի Ի՛նք եւս մեզ համար իր օրհնութիւնները առատօրէն բաշխէ եւ մեր բոլորին մեղքերը ներէ»։ Հայր Սուրբը իր կարգին շնորհաւորեց իւրաքանչիւրին Ս. Ծնունդը՝ մաղթելով առողջութիւն, յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում, ինչպէս նաեւ շնորհաւորեց Աւետիս, Էմմանուէլ եւ Մկրտիչ անուն կրողները։
Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ աջակողմը գտնուող Ս. Մկրտարանէն՝ սարկաւագներու, կիսասարկաւագներու եւ դպիրներու մասնակցութեամբ եւ «Լոյս ի լուսոյ..» գեղեցիկ շարականով՝ միւռոնաթափ սրբալոյս միւռոնը բերուեցաւ ու բարձրացուեցաւ Ս. Խորան եւ շարականներու, աղօթքներու, քարոզներու, մաղթանքներու, Աւետարանի ընթերցանութեամբ՝ Ս. Միւռոնի հեղումով, ինչպէս նաեւ խաչ հանելու աւանդական դրութեամբ, տեղի ունեցաւ Ջրօրհնէքի եկեղեցական արարողութիւնը։ Ջրօրհնէքի խաչի կնքահայրութիւնը ստանձնած էր Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ աւագ սարկաւագներէն Աւետիս Սրկ. Աւետիսեան։ Ս. Պատարագի աւարտին, եկեղեցւոյ սարկաւագներուն եւ ուրարակիրներուն կողմէ բոլոր ժողովուրդի զաւակներուն բաժնուեցաւ օրհնուած ջուր։
Նշենք, որ մէկ օր առաջ, Շաբաթ՝ 5 Յունուար 2019ի երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, կատարուեցան Ճաշու եւ Երեկոյեան ժամերգութիւններ, ինչպէս նաեւ ընթերցուածներու ներկայացում։ Երեկոյեան ժամը 8։30էն սկսեալ, մատուցուեցաւ Ճրագալոյցի Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Սոյն Պատարագի երգեցողութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Թեսաղոնիկէի ծխայիններէն՝ սոփրանօ տիկ. Սիրանոյշ Չալըքեան՝ մեներգելով Ս. Պատարագէն կարգ մը հատուածներ, առաւել եւս գեղեցկացնելով օրուան խորհուրդը։
Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի կազմակերպած գաթայի կտրումն ու Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» Երիտասարդական Միութեան Աւետիսի շրջագայութիւնը յետաձգուեցան՝ նկատի ունենալով Թեսաղոնիկէի մէջ տեղացած տեղատարափ ձիւնն ու օդի սառնամանիք վիճակը։
Իսկ Երկուշաբթի՝ 7 Յունուար 2019ին, Յիշատակ Մեռելոց էր։ Այս առթիւ, Հայր Սուրբը առաւօտեան ժամը 10էն 14 եւ երեկոյեան ժամը 16էն 18 ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի ազգային գերեզմանատուն եւ կատարեց գերեզմանօրհնէք։
Երեքշաբթի՝ 8 Յունուարէն սկսեալ, Հայր Սուրբը, Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ, սկսաւ Թեսաղոնիկէի ծխականներուն տուները այցելել եւ տունօրհնէք կատարել։
Թեսաղոնիկէի թղթակից
Պատկերները՝ Ռուբէն Ֆալատեանէն