17 եւ 18 Սեպտեմբեր 2022-ին` Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ հիւսիսային Յունաստանի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաներէն ներս մեծ շուքով նշուեցաւ Վերացման Սուրբ Խաչի տօնը։ Տօնն էր Գաւալայի «Ս. Խաչ» եկեղեցւոյ, որուն տօնախմբութիւնը կատարուեցաւ եպիսկոպոսական հանդիսաւոր պատարագով։ Շաբաթ առաւօտեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում. աւելի ուշ, եկեղեցւոյ կամաւոր հաւատացեալները սկսան մատաղի պատրաստութեան։
Կիրակի, 18 Սեպտեմբերին, հանդիսապետութեամբ եւ նախագահութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի, հաւատացելոց հոծ բազմութիւնը մասնակից դարձաւ Պատարագի սրբազան արարողութեան Գաւալայի «Սուրբ Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ։ Ներկայ եղան նաեւ շրջաններու թաղային խորհուրդներու անդամները ու Գաւալայի յոյն մետրոպոլիտը: Օրուան պատարագիչն էր Սրբազան հայրը, որ այդ օրերուն հիւրաբար կը գտնուէր Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններէն ներս: Յընթացս Սրբոյ Պատարագի, «Հայր Մեր»-էն առաջ նորաօծ Սրբալոյս միւռոնով կատարուեցաւ ջրօրհնէք, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան հայրը սրտի խօսքը ուղղեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ներկայացնելով Ս. Խաչի պատմական իրողութիւնը, փոխանցեց խաչափայտին խորհուրդը եւ շեշտեց խաչին խորհրդանշական կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն Հայաստանի դէմ Ատրպէյճանի շղթայազերծած յարձակումներուն հետեւանքով հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած եւ իրենց կեանքը զոհաբերած հայոց քաջարի զինուորներու հոգիներուն խաղաղութեան համար։ Պատարագէն ետք քաղաքի ճաշարաններէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ:ԹՂԹԱԿԻՑ