Այս տարի եւս, մեծ հանդիսաւորութեամբ նշուեցաւ Ս. Խաչի Վերացման տօնը Գաւալայի «Ս. Խաչ» եկեղեցւոյ մէջ՝ 15-16 Սեպտեմբեր 2018ին, հովանաւորութեամբ յունահայոց առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի։ Շաբաթ առաւօտեան, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում. աւելի ուշ, եկեղեցւոյ կամաւոր հաւատացեալները սկսան մատաղի պատրաստութեան։
Կիրակի՝ 16 Սեպտեմբեր 2018ին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մատուցեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ՝ առընթերակայութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանի եւ Արեւելեան Մակեդոնիոյ ու Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս Վրդ. Սաղտըճեանի։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ քառաձայն՝ Գոմոթինիի դպրաց դասուն կողմէ, ղեկավարութեամբ տիկ. Նէլի Անդրէասեանի, իսկ խորանին վրայ սպասարկեցին սարկաւագներ։
Տօնախմբութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուեցին Գաւալայի եւ շրջակայքի մետրոպոլիտ Ստեփանոս Սրբազան եւ շրջանի մարզպետի տեղակալը։ Պատուոյ հիւրերու կարգին կը գտնուէին յունահայոց Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան, ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան, ինչպէս նաեւ՝ Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի անդամ տիկ. Ատրիկ Ստեփանեան։ Յատկանշական էր մասնակցութիւնը Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ մեծ թիւով ուխտաւորներու, շրջակայքի եկեղեցիներու Թաղային Խորհուրդներու անդամներուն, նաեւ՝ Հայ Գթութեան Խաչի մասնաճիւղներու վարչականներուն։
Պատարագի ընթացքին, Առաջնորդ Սրբազանը իր կուռ քարոզին ընդմէջէն անդրադարձաւ Ս. Խաչի պատմութեան, փոխանցեց խաչափայտին խորհուրդը եւ շեշտեց խաչին խորհրդանշական կարեւորութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ան ներկայացուց Քրիստոսի յատկանիշները՝ հաւատարմութիւն, հնազանդութիւն, խոնարհութիւն, աղօթական կեանք եւ ամբողջական նուիրում։ Եզրափակելով իր խօսքը՝ Սրբազան Հայրը թելադրեց հաւատարիմ մնալ Աստուծոյ, մեր քրիստոնէական ճշմարիտ հաւատքին եւ ազգային արժէքներուն՝ հայապահպանման եւ հայակերտումի կարեւոր աշխատանքին մէջ, յատկապէս շրջանի հայութեան խաւերէն ներս։
Պատարագի աւարտին, Սրբազան Հայրը կատարեց մատաղի օրհնութիւնը: Այնուհետեւ, օրհնուած մատաղը բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակներուն։
Կէսօրին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ներկայ ժողովուրդը բոլորուեցաւ շքեղ սրահի մը մէջ, ուր տեղի ունեցաւ տարեկան ճաշկերոյթը Ս. Խաչի տօնին առիթով՝ ջերմ եւ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։ Արտասանուեցան զանազան խօսքեր եւ եղան բարեմաղթութիւններ։
ԹՂԹԱԿԻՑ