Ս. ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը, հայ գի­րի եւ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ նշա­նա­կա­լից տօ­նը ըլ­լա­լու ի­րո­ղու­թեամբ, պատ­շա­ճօ­րէն կը նշո­ւի յատ­կա­պէս հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ, ո­րու ըն­թաց­քին օ­րո­ւան յա­տուկ խոր­հուր­դին ներշնչու­մով՝ հայ ա­շա­կերտ­նե­րը կը զգան հայ գի­րե­րու գիւ­տին եւ մեր մե­ծաս­քանչ լե­զո­ւի պատ­մա­կան ու ազ­գա­յին նշա­նա­կու­թիւ­նը։
Այս­պէս, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 11 ­Հոկ­տեմ­բեր 2017ի ա­ռա­ւօ­տուն, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, նշո­ւե­ցաւ Ս. ­Թարգ­ման­չաց տօ­նը, հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ թե­միս ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նի։ ­Ներ­կայ էին Հ. Կ. ­Խա­չի ­Գո­քի­նիոյ Ազ­գա­յին «­Զա­ւա­րեան» վար­ժա­րա­նի ա­շա­կեր­տու­թիւ­նը եւ ու­սուց­չա­կան կազ­մը։ ­Ներ­կայ ե­ղան նաեւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան եւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան։
Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Վահ­րիճ Վրդ. ­Ղա­րա­խա­նեան, ա­պա՝ օ­րո­ւան խոր­հուր­դին մա­սին իր հայ­րա­կան քա­րո­զը տո­ւաւ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը։ ­Վար­ժա­րա­նի բարձ­րա­գոյն կար­գե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թեան եւ ի­րենց ա­նոյշ ձայ­նե­րով եր­գե­ցին պա­տա­րա­գի բո­լոր մա­սե­րը։
Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը իր քա­րո­զին մէջ բա­ցատ­րեց Ս. ­Թարգ­ման­չաց տօ­նին ի­մաս­տը, հայ գի­րե­րու գիւ­տին պատ­մա­կա­նը կա­տա­րեց եւ յա­տուկ շեշտ դրաւ մեր լե­զուն շա­րու­նակ խօ­սե­լու, ա­նոր­մով ար­տա­յայ­տո­ւե­լու եւ զար­գաց­նե­լու կա­րե­ւո­րու­թեան վրայ։ Ա­ւար­տին, իր հայ­րա­կան օրհ­նու­թիւ­նը փո­խան­ցեց բո­լոր փոք­րիկ­նե­րուն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րուն, գնա­հա­տանք յայտ­նե­լով բո­լո­րին՝ ­Պա­տա­րա­գին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։

Թղ­թա­կից

ԲԱԺՆԵԼ
Նախորդ յօդուածը«Ազ­դա­րար»
Յաջորդ յօդուածը«Կարաւան 1915»