3 ­Դեկ­տեմ­բե­րին ­Հա­յաս­տա­նեայց ա­ռա­քե­լա­կան Ս. ե­կե­ղե­ցին նշեց հա­յոց աշ­խար­հի ա­ռա­ջին լու­սա­ւո­րիչ­ներ Ս. ­Թա­դէոս եւ Ս. ­Բա­թո­ղի­մէոս Ա­ռա­քեալ­նե­րուն տօ­նը. այս ա­ռի­թով Ս. Է­ջի­մա­ծի­նի մէջ Ս. ­Պա­տա­րագ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ՝ հան­դի­սա­պե­տու­թեամբ ­Գա­րե­գին Բ. Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սի։ ­Պա­տա­րա­գիչն էր ­Մայր Ա­թո­ռի հո­գե­ւոր-կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վե­րա­տե­սուչ ­Գէորգ Ե­պիս­կո­պոս ­Սա­րո­յեան:

Ս. ­Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին հայ­րա­պե­տա­կան հան­դի­սա­ւոր թա­փօ­րով մայր տա­ճար բե­րո­ւե­ցաւ Աս­տո­ւա­ծա­մուխ Ս. ­Գե­ղար­դը, որ­պէս­զի հա­յու­թեան հո­գե­ւոր կեդ­րո­նին մէջ մէկ­տե­ղո­ւած հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը կա­րե­լիու­թիւն ու­նե­նայ համ­բու­րե­լու հրա­շա­գործ Ս. ­Գե­ղար­դը եւ ստա­նա­լու աս­տո­ւա­ծա­յին օրհ­նու­թիւն­ներ:

Իր քա­րո­զին մէջ՝ ­Գէորգ Սր­բա­զան ներ­կա­յա­ցուց ա­ռա­քեալ­նե­րու քա­րոզ­չու­թիւ­նը եւ անդ­րա­դար­ձաւ ա­ռա­ջին լու­սա­ւո­րիչ­նե­րու ա­ռա­քի­նի կեր­պա­րին. Սր­բա­զան ­Հայ­րը դի­տել տո­ւաւ, որ ա­նոնց ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը հա­յու­թեան հա­մար կա­րե­ւոր է այն ի­մաս­տով, որ ա­նով կ­՛ազ­դա­րա­րո­ւի քրիս­տո­նէա­կան ո­գիին ծնուն­դը հայ մար­դու կեան­քին մէջ:

Ան նաեւ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ աս­տո­ւա­ծա­մուխ Ս. ­Գե­ղար­դը դուրս բե­րե­լու ե­րե­ւոյ­թը՝ հաս­տա­տե­լով, որ ա­նի­կա բա­ցա­ռիկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի ո՛չ միայն հայ ժո­ղո­վուր­դին, այլ նաեւ ողջ քրիս­տո­նեայ աշ­խար­հին հա­մար՝ իբ­րեւ նո­ւի­րա­կան մա­սունք, զոր տես­նե­լու հա­մար ա­մէն տա­րի աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն ուխ­տա­ւոր­ներ կու գան ­Հա­յաս­տան: