Անցնող շաբաթավերջին, Յունաստանի հայոց Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ նշուեցաւ Ս. Զատիկի տօնը, որ կը կատարուի յոյն եկեղեցւոյ օրացոյցին համաձայն։
Այսպէս՝ Աթէնքի, Թեսաղոնիկէի եւ Թրակիոյ հայկական եկեղեցիները լեցուեցան հաւատացեալներով, որոնք համավարակի պատճառած երկու տարուան ընդմիջումէն ետք, բազմամարդ ներկայութեամբ միասնաբար տօնեցին Աւագ Շաբթուան եւ Ս. Յարութեան խորհուրդը, հետեւելով հոգեպարար արարողութիւններուն եւ բարեմաղթութիւններ տալով իրար։
Աթէնքի առաջնորդարանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Թեմակալ Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան։ Ըստ երկար տարիներու սովորութեան, Աւագ Շաբաթուան կէս գիշերին Առաջնորդ Սրբազան հայրը ներկայ գտնուեցաւ Աթէնքի յունաց մայր եկեղեցին, ուր պաշտօնական հիւրերու շարքին հետեւեցաւ Ս. Յարութեան պատարագին։
Աւարտին, Սրբազան հայրը յունահայ համայնքին անունով իր բարեմաղթութիւնները տուաւ կրօնական, պետական, քաղաքական եւ զինուորական կարգերու ներկայացուցիչներուն։
Կիրակի, 24 Ապրիլին, բոլոր եկեղեցիներէն ներս կատարուեցաւ բարեխօսական կարգ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակին։