«Այ­սօր զսպա­սէք չա­րա­չա­րա­նաց ե­լից Իս­րա­յէ­լի փո­խե­ցեր ի փրկու­թիւն հոգ­ւոց ­Զա­տիկ սուրբ յա­րու­թեան քո Ք­րիս­տոս»։ ­Շա­րա­կան

­Հին Կ­տա­կա­րա­նի եբ­րա­յե­ցի­նե­րուն պա­սէ­քի տօ­նը յի­շա­տակն էր Ե­գիպ­տո­սի գե­րու­թե­նէն ա­զա­տագր­ման՝ Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թեամբ եւ հրե­ղէն սիւ­նի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ։ ­Հին կտա­կա­րա­նի Ե­լից գրքին մէջ ար­ձանագ­րո­ւած են այն բո­լո­րը զոր Աս­տո­ւած կա­տա­րեց, որ­պէս­զի եբ­րա­յե­ցի ժո­ղո­վուր­դը փա­ռա­ւո­նին գե­րու­թե­նէն անվ­նաս ա­զա­տագ­րե­լով ե­գիպ­տո­սէն դուրս բե­րէ։ Ո­րով­հե­տեւ, փա­րա­ւո­նին խստասր­տու­թեան պատ­ճա­ռաւ Աս­տո­ւած Ե­գիպտա­ցի­նե­րը տա­սը պա­տու­հաս­նե­րով հա­րո­ւա­ծեց¸ ո­րոնց ա­մե­նա­վեր­ջի­նը, մա­հո­ւան հրեշ­տա­կի մի­ջո­ցաւ Ե­գիպ­տո­սի բո­լոր բնակ­չու­թեան եւ ա­նա­սուն­նե­րուն առ­ջի­նեկ­նե­րը մա­հուամբ հա­րո­ւա­ծելն էր։
Ե­գիպ­տո­սէն դուրս ել­լե­լը եւ ­Կար­միր ­Ծո­վը ճեղ­քե­լով անց­նի­լը ­Պա­սէք կո­չո­ւե­ցաւ, ի յի­շա­տակ անց­ման։ Այ­նու­հե­տեւ¸ եբ­րա­յե­ցի ժո­ղո­վուր­դը պա­տո­ւէր ստա­ցած էր, ա­մէն տա­րի նշե­լու Աս­տու­ծոյ ձե­ռամբ Ե­գիպ­տո­սի գե­րու­թե­նէն ա­զա­տագ­րո­ւի­լը։ ­Պա­սէ­քի տօ­նին կա­պո­ւած պա­տո­ւի­րան­նե­րը ա­մէն տա­րի կի­րար­կե­լով, եբ­րա­յե­ցի ժո­ղո­վուր­դը կը վեր­յի­շէր Ե­գիպ­տո­սէն ել­լե­լու բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը, շեշ­տե­լով, թէ Աս­տո­ւած է, որ ա­զա­տեց զի­րենք եւ դէ­պի Ա­ւե­տեաց եր­կիր ա­ռաջ­նոր­դեց, ինչ­պէս որ Աբ­րա­հա­մին խոս­տա­ցած էր։
­Պա­սէ­քի տօ­նին կեդ­րո­նա­կան բա­ժի­նը կը կազ­մէր միա­մեայ գառ­նու­կին զե­նումն ու ճա­շա­կու­մը։ Ո­րով­հե­տեւ Ե­գիպ­տո­սէն ել­լե­լու վեր­ջին գի­շե­րը, երբ մա­հո­ւան հրեշ­տա­կը պի­տի հա­րո­ւա­ծէր ա­մէն ըն­տա­նի­քի առ­ջի­նե­կը, Աս­տո­ւած ­Մով­սէ­սին պա­տո­ւի­րած էր, որ ա­մէն եբ­րա­յե­ցի ըն­տա­նիք միա­մեայ գառ­նուկ մը մոր­թե­լով, ա­նոր ա­րիւ­նէն դրան մուտ­քին քսեն, որ­պէս­զի զերծ մնան մա­հա­ցու հա­րո­ւա­ծէն։
­Պա­սէ­քի տօ­նը գառ­նու­կի ա­րեան հե­ղու­մով՝ որ յի­շա­տա­կումն էր եբ­րա­յե­ցի ժո­ղո­վուր­դին գե­րու­թե­նէ ա­զա­տագր­ման, ինք­նին նա­խա­պատ­կերն էր ­Գառն Աս­տու­ծոյ՝ Ք­րիս­տո­սի ա­րեան հեղ­մամբ Աս­տու­ծոյ նոր ընտ­րեալ ժո­ղո­վուր­դը մեղ­քի գե­րու­թե­նէն ա­զա­տագ­րե­լուն եւ դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կան եր­կիր ա­ռաջ­նոր­դե­լուն։
Ք­րիս­տոս՝ ­Պա­սէ­քի տօ­նին Ինք իբ­րեւ ­Գառ­նուկ, խա­չի զո­հա­սե­ղա­նին վրայ պա­տա­րա­գո­ւե­ցաւ։
Ք­րիս­տո­սի ­Յա­րու­թեան տօ­նը նոր պա­սէքն է՝ ­Զա­տի­կը, ան­ցու­մը այս երկ­րա­ւոր աշ­խար­հէն դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կան կեանք։
­Նոր կտա­կա­րա­նին մէջ սուրբ Ա­ռա­քեալ­նե­րուն քա­րո­զու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րու հո­գե­ւոր գրա­կա­նու­թիւ­նը, ի շարս ո­րոնց ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ շա­րա­կան­նե­րը, նոր ­Զա­տի­կին՝ Ք­րիս­տո­սի ա­րեամբ փրկո­ւե­լու մա­սին կը պատ­մեն. այս­պէս, ­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կորն­թա­ցի­նե­րուն ա­ռա­ջին նա­մա­կին մէջ կ’ը­սէ, «­Չա­րու­թեան հին խմո­րը դուրս նե­տե­ցէք ձեզ­մէ, որ­պէս­զի ամ­բող­ջու­թեամբ նոր եւ անխ­մոր զան­գո­ւած մը ըլ­լաք, ինչ­պէս որ էք ար­դէն, քա­նի որ Ք­րիս­տոս՝ մեր ­Զա­տի­կին գառ­նու­կը զո­հո­ւե­ցաւ։ (Ա. ­Կորն­թա­ցուոց 5։7)»։
Իսկ ­Պետ­րոս Ա­ռա­քեալ իր առ­ջին նա­մա­կին մէջ կ’ը­սէ, «­Գիտ­նա­լով որ կորս­տա­կան ար­ծա­թով կամ ոս­կիով չէ որ փրկո­ւե­ցաք ձեր հայ­րե­րէն ժա­ռան­գած ձեր ու­նայն կեն­ցա­ղէն, այլ ան­բիծ եւ ա­նա­րատ ­Գառ­նու­կին՝ Ք­րիս­տո­սի թան­կա­գին ա­րիւ­նով։ (Ա. ­Պետ­րո­սի 1։18-19)»։ ­Նաեւ շա­րա­կա­նա­գի­րին բա­ռե­րով, «Ք­րիս­տոս¸ այ­սօր քու սուրբ յա­րու­թեամբդ՝ Իս­րա­յէ­սլի ել­քի չար­չա­րան­քի պա­սէ­քը հո­գի­նե­րու փրկու­թեան զա­տի­կի փո­խե­ցիր»։
Հ­րա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան տօ­նին, Աս­տու­ծոյ տնօ­րի­նու­մով մար­դուն մահ­կա­նա­ցու բնու­թիւ­նը յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի յոյ­սը ու­նե­նա­լու ու­րա­խու­թեամբ կը լե­ցո­ւինք։ ­Մա­հը կը դադ­րի սոս­կում ըլ­լա­լէ եւ կը դառ­նայ կեան­քէ կեանք անց­նե­լու հանգ­րո­ւան մը, ուր որ­պէս վե­րա­նո­րո­գո­ւած ա­րարծ­ներ, կ’ապ­րինք նոր կեանք մը, ինչ­պէս որ ­Պօ­ղոս Ա­ռա­քեալ կ’ը­սէ, «Ոե­ւէ մէ­կը որ Ք­րիս­տո­սի միա­ցած է՝ նոր ա­րա­րած է, այ­լեւս չէ այն՝ ինչ որ էր նա­խա­պէս, ո­րով­հե­տեւ ամ­բող­ջու­թեամբ նո­րո­գո­ւե­ցաւ։ Եւ այս նո­րո­գու­թիւ­նը կու գայ Աս­տուծ­մէ, որ Ք­րիս­տո­սի մի­ջո­ցաւ մեզ Ի­րեն հետ հաշ­տե­ցուց։ (Բ. ­Կորն­թա­ցիս 5։17-18) »։
­Յետ մա­հու յա­ւի­տե­նա­կան կեան­քի յոյ­սէն ան­կախ, Ք­րիս­տո­սի հրա­շա­փառ ­Յա­րու­թեան հա­ւատ­քը, երկ­րա­ւոր այս կեան­քի ըն­թաց­քին, մե­զի կու տայ այս կեան­քին մէջ մեր դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը ապ­րիլ Աս­տու­ծոյ ա­պա­ւի­նու­թեամբ, միշտ ի միտ ու­նե­նա­լով որ Աս­տու­ծոյ օգ­նա­կա­նու­թեամբ ճեղ­քե­լով պի­տի անց­նինք այդ դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րէն։
­Սուրբ ­Զատ­կո­ւան տօ­նին, քրիս­տո­նեա­ներ, ոչ միայն կը յի­շա­տա­կեն Աս­տու­ծոյ կա­տա­րած շնորհ­քը մար­դու փրկու­թեան, այ­լեւ երկ­րա­ւոր ­Զա­տի­կով կը պատ­րաս­տո­ւին վերջ­նա­կան ­Զա­տի­կին՝ ­Պա­սէ­քին՝ Ան­ցու­մին դէ­պի յա­ւի­տե­նա­կա­նու­թիւն, դէ­պի ­Տի­րոջ հետ հան­դի­պում, երկ­նա­յին հար­սա­նե­կան ու­րա­խու­թեան եւ ընթ­րի­քի մաս­նակ­ցու­թեան։
­Սուրբ ­Զատ­կո­ւան տօ­նին առ­թիւ, օրհ­նա­բա­նենք զԱս­տո­ւած, մեր վրայ զե­ղած ան­սա­կարկ շնորհք­նե­րուն հա­մար եւ միա­ձայն գո­չենք ը­սե­լով, որ ակն ու­նինք երկ­նա­ւոր զատ­կո­ւան ու­րա­խու­թեանդ.
Ա­լէ­լո­ւիա։

Ք­րիս­տոս յա­րեաւ ի մե­ռե­լոց¸
Օրհ­նեալ է ­Յա­րու­թիւ­նը Ք­րիս­տո­սի։

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մին

Ա­թէնք, 15 Ապ­րիլ 2023