­Կի­րա­կի, 27 Օ­գոս­տոս 2023-ին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Ս. եւ ան­մահ պա­տա­րագ, որ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան միա­բան­նե­րէն եւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ նախ­կին հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րէն՝ ­Գերպ. Տ. Ս­տե­փա­նոս Ծ. վրդ. ­Փա­շա­յեա­նի կող­մէ: Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցո­ւե­ցաւ ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին ու սար­կա­ւագ­նե­րուն սպա­սար­կու­թեամբ ու եր­գե­ցո­ղու­թեամբ եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին ներ­կա­յու­թեամբ:
Օ­րո­ւան քա­րո­զիչն էր գերպ. հայր սուր­բը: Ան նախ փառք եւ գո­հու­թիւն յայտ­նեց Աս­տու­ծոյ, ա­պա իր խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը յայտ­նեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­թե­մի բա­րե­ջան Ա­ռաջ­նորդ ­գերշ. Տ. ­Գե­ղամ արք. ­Խա­չե­րեա­նին, ե­կե­ղեց­ւոյս հո­գե­ւոր հո­վի­ւին եւ ­Թա­ղա­յին խոր­հուր­դին, որ Ս. եւ ան­մահ պա­տա­րա­գը մա­տու­ցե­լու ա­ռի­թը ըն­ծա­յե­ցին ի­րեն: ­Յե­տոյ, օ­րո­ւան ­Ճա­շու ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցու­մը պար­զա­բա­նե­լով խօ­սե­ցաւ այ­սօ­րո­ւան մեր ապ­րած աշ­խար­հին մէջ տի­րա­պե­տող դժո­ւա­րու­թեանց դի­մաց հա­ւատք ու­նե­նա­լու եւ եր­բեք չյու­սա­հա­տե­լու մա­սին, շեշ­տե­լով, որ միշտ պէտք է ա­պա­ւի­նիլ Աս­տու­ծոյ ներ­գոր­ծող զօ­րու­թեան վրայ:
Ա­ւար­տին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը իր կար­գին, ­Թա­ղա­յին ­խոր­հուր­դին եւ ժո­ղո­վուր­դին ա­նու­նով, բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց եւ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց գերպ. հայր սուր­բին, որ ըն­դա­ռա­ջեց ի­րենց ա­ռա­ջար­կին եւ Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց: Ա­պա յայտ­նեց, որ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ իր մեծ ըն­տա­նի­քը ա­ղօ­թող են, որ Աս­տո­ւած ա­ռողջ, ա­րեւ­շատ եւ եր­կար օ­րեր պար­գե­ւէ հայր սուր­բին:

Թղթակից