Կիրակի, 16 Յունիս 2024-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ, զոր մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց շրջանիս հոգեւոր հովիւ՝ հոգշ. Տ. Եղիա վրդ. Մալխասեանը: Ս. Խորանի սպասարկութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյս սարկաւագները, իսկ երգեցողութիւնը՝ դպրաց դասի անդամ-անդամուհիները։ Հայրերու տօնին ուրախ առիթով, կազմակերպութեամբ շրջանիս Թաղական խորհուրդին, «Արցախ» սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ փոքրիկ հանդիսութիւն մը։ Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ թաղական խորհուրդի անդամուհի՝ օրդ. Մարգրիտ Գոստիկեանը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն, որոնք քաջալեր հանդիսացան սոյն համեստ հանդիսութեան։ Ընթացքին, Մալաքեան-Գասպարեան շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներէն՝ Արմէն Եսայեան բանաստեղծութիւն մը ասմունքեց, իսկ Քրիստիանա Խորուաթ՝ ջութակ նուագեց։ Աւարտին, Հայր սուրբը իր կարգին փառք եւ գոհութիւն յայտնեց երկնաւոր Հօր Աստուծոյ, որ արժանացուց այս գեղեցիկ հանդիսութեան իրականացման։ Ապա ան խօսեցաւ ծնողքի դերակատարութեան մասին եւ յիշեցուց, որ ծնողքի մը գլխաւոր պարտականութիւնն է զաւակները Քրիստոսի խօսքով ու սիրով դաստիարակել, եկեղեցւոյ պաշտամունքին ընծայել ու նուիրաբերել եւ անոնց մէջ հայրենասիրութեան հունտերը ցանել, որպէսզի մեր եկեղեցին եւ ազգը միշտ պայծառ մնան։ Հայր սուրբին խօսքէն ետք, ներկայ գտնուող հայրերուն, ինչպէս նաեւ երկու աշակերտներուն, թաղական խորհուրդին կողմէ յուշանուէրներ տրամադրուեցան։










