Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօներուն առիթով, Կիրակի, 15 Յունուար 2023-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանին բարձր տնօրինումով եւ թոյլ տուութեամբ, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն շրջանս հիւրաբար ժամանած եւ Թեսաղոնիկէի նախկին հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանին կողմէ: Ապա, եկեղեցւոյ կից գտնուող ազգապատկան «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս, կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան, տեղի ունեցաւ Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան գաթայի հատումը, ներկայութեամբ շրջանիս Հոգեւոր Հովիւին՝ Եղիա աբղ. Մալխասեանին, ազգային պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ շուրջ հարիւր հաւատացեալներու:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տիկնանց միութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Վերգին Աւետիսեան, բարի գալուստ եւ բարի Նոր տարի մաղթելով բոլորին: Ապա հրաւիրուեցաւ հայր սուրբը եւ իր կարգին գաթայի հատումը կատարելով իր սիրտի խօսքը արտասանեց եւ շնորհաւորեց բոլորին Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը, մաղթելով՝ առողջ, ուրախ եւ բարեբեր տարի մը:
Մետաղադրամը յայտնուեցաւ Թագւոր Աւետիսեանին՝ գաթայի իր բաժինին մէջ: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն եւ ներկաներէն շատեր բախտաւորուեցան նուէրներով:
ԹՂԹԱԿԻՑ