Ուրբաթ՝ 22 Փետրուար 2018ի կ.ա. ժամը 11ին, Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան Յունաստանի Վարիչ Մարմինը այցելեց Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանին, Աթէնքի ազգային առաջնորդարանէն ներս։
Վարիչ Մարմնի այցելութեան ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան։
Վարիչ Մարմնի ատենապետ Յովհաննէս Շահինեան շնորհակալութիւն յայտնեց ընդունելութեան համար՝ յայտնելով Վարիչ Մարմինի շնորհաւորանքները Առաջնորդ Սրբազանին՝ Յունաստանի հայոց թեմին առաջնորդ ընտրութեան առթիւ։
Ներկայացնելէ ետք Վարիչ Մարմինի անդամները՝ ան ընդհանուր պատկեր մը փոխանցեց Վարիչ Մարմինի գործունէութեան մասին։
Առաջնորդ Սրբազանը բարի գալուստ մաղթելով շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար, որ իր երեւոյթով դրական հոլովոյթ մը կը ցոլացնէ համայնքային կեանքի իրականութեան մէջ։ Նկատի ունենալով, որ Ազգային Առաջնորդարանը համայնքին հոգեւոր եւ վարչական կեդրոնն է` իր ներկայացուցչական եւ պաշտօնական հանգամանքով, համայնքէն ներս գործող բոլոր կառոյցներն ու մարմինները ողջունելի են եւ բոլորն ալ կոչուած են ներդաշնակ եւ համագործակցական ոգիով ներդրում ունենալու համայնքը շահագրգրռող բոլոր աշխատանքներու յաջողութեան մէջ։
Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմինը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
Ս.Դ.Հ.Կ. Վարիչ Մարմինը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին