­Կի­րա­կի՝ 11 ­Փետ­րո­ւար 2017ի կէ­սօ­րին, ­Սո­ցեալ-­Դե­մոկ­րատ Հն­չա­կեան ­Կու­սակ­ցու­թեան նո­րա­կազմ ­Վա­րիչ ­Մար­մի­նի ան­դամ­ներ այ­ցե­լե­ցին Հ.Յ.Դ ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդր. ­Կո­մի­տէի Ա­թէն­քի գրա­սե­նեա­կը եւ տե­սակ­ցու­թիւն ու­նե­ցան Կ.Կ.ի պա­տո­ւի­րա­կու­թեան հետ։
­Հան­դի­պու­մը ծա­նօ­թաց­ման բնոյթ ու­նէր։
­Կեդր. ­Կո­մի­տէն բա­րի յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ կա­տա­րեց նո­րաս­տեղծ ­Վա­րիչ ­Մար­մի­նին եւ իր պատ­կե­րա­ցում­նե­րը փո­խան­ցեց յու­նա­հայ գա­ղու­թի ներ­կայ ի­րա­կա­նու­թեան մա­սին, ինչ­պէս նաեւ՝ կա­ռոյց­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան եւ յու­նա­հայ ազ­գա­յին, քա­ղա­քա­կան եւ միու­թե­նա­կան կեան­քի ո­լորտ­նե­րուն ու ա­նոնց զար­գաց­ման վե­րա­բե­րեալ։
Ս.Դ.Հ.Կ.ի նո­րըն­տիր ­Վա­րիչ ­Մար­մի­նը, իր կար­գին, իր գոր­ծու­նէու­թեան ու­ղին հաս­տա­տագ­րե­լու հե­ռան­կա­րով, ներ­կա­յա­ցուց կարգ մը կէ­տեր եւ մտա­ծում­ներ ար­ծար­ծուած նիւ­թե­րուն կա­պակ­ցու­թեամբ։