­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 27 ­Փետ­րո­ւար 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7:30ին, ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իր տե­սա­կին ու ո­րա­կին մէջ իւ­րա­յա­տուկ դա­սա­խօ­սու­թիւն մը, նո­ւի­րո­ւած՝ հայ մեծ ­Սուր­բին՝ Ս. Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիին։
­Ձեռ­նար­կին նա­խա­գա­հեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան։ ­Ներ­կայ էին ­Յով­սէփ Ծ. Վրդ. ­Պէ­զա­զեան, ­Վե­րա­պա­տո­ւե­լի ­Վի­գէն ­Չո­լա­քեան, Հ­րայր Աւ. Քհնյ. ­Նի­կո­լեան, ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան, Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան, միու­թիւն­նե­րու, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդ­նե­րու եւ ­Տիկ­նանց ­Մար­մին­նե­րու ան­դամ­ներ ու գնա­հա­տե­լի թի­ւով ժո­ղո­վուրդ։
­Հարկ է նշել, թէ ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դը՝ ըն­դա­ռա­ջե­լով ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեա­նի փա­փա­քին, օ­րին նշա­նա­կեց ե­ռան­դամ յանձ­նա­խումբ մը, որ­պէս­զի ստանձ­նէ դա­սա­խօ­սա­կան ձեռ­նար­կին կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տան­քը։
­Բաց­ման խօս­քը կա­տա­րեց շրջա­նի ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րէն ­Գէորգ Ա­ւա­գեան։ Ա­պա՝ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րին ա­ռա­ջին մա­սը։ Ս. Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցիի գրու­թիւն­նե­րէն հա­տո­ւած մը ըն­թեր­ցեց Ա­զատ ­Մի­նա­սեան, իսկ ­Նա­թա­լի Է­քի­զեան թաւ­ջու­թա­կով ներ­կա­յա­ցուց հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տա­կան կտոր մը։
Ետ­քը բեմ հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան բա­նա­խօս պրն. Ա­րա ­Ման­կո­յեան։ ­Հարկ է նշել, թէ յանձ­նա­խում­բին կող­մէ բա­նա­խօ­սի ընտ­րու­թիւ­նը պա­տահ­մամբ չե­ղաւ, այլ հա­կա­ռա­կը։ Պրն. ­Ման­կո­յեան գիր ու գրա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան լայ­նա­ծա­նօթ անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ։ Ան ար­դէն լծո­ւած է ­Նա­րե­կա­ցիի ա­ղօ­թա­մա­տեա­նի յու­նա­րէն լե­զուի թարգ­մա­նու­թեան կա­րե­ւոր աշ­խա­տան­քին։
Պրն. ­Ման­կո­յեան իր նիւ­թը ներ­կա­յա­ցուց յա­տուկ գլուխ­նե­րու բաժ­նած, ո­րոնք են.- ­Նա­րե­կա­ցիի կեան­քը, ե­կե­ղե­ցա­կա­նի նո­ւի­րու­մը, գրու­թիւն­նե­րը՝ յատ­կա­պէս «­Մա­տեան Ող­բեր­գու­թեան»ը, մեծ ու­սու­ցի­չի հան­գա­ման­քը, աս­տո­ւա­ծա­բա­նու­թիւ­նը, հրա­շա­գոր­ծու­թիւ­նը, սրբա­դա­սու­մը, հա­մա-քրիս­տո­նէա­կան ար­ժէ­քը ե­ւայլն։ Ան յայտ­նեց, թէ ­Նա­րե­կա­ցին մեր ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան ու գրա­կա­նու­թեան ե­զա­կի դէմ­քե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ։ Ա­նոր տի­պար կեն­ցաղն ու խո­րի­մաստ գրու­թիւն­նե­րը ներշն­չած են նաեւ օ­տար ե­կե­ղե­ցա­կան­ներն ու ժո­ղո­վուրդ­նե­րը։ Այդ իսկ պատ­ճա­ռով, ա­նոր գրու­թիւն­նե­րէն ո­մանք թարգ­մա­նո­ւած են օ­տար լե­զու­նե­րու։ Ա­ռա­ւել եւս, ­Սուր­բի ար­ձա­նը զե­տե­ղո­ւած է ­Վա­տի­կա­նի պար­տէ­զին մէջ, օ­րո­ւան ­Պա­պի յա­տուկ հրա­մա­նով։
Պրն. ­Ման­կո­յեա­նի խօս­քի ա­ւար­տին ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րի երկ­րորդ մա­սը։ Ըն­թեր­ցա­նու­թեամբ դար­ձեալ հան­դէս ե­կաւ Ա­զատ ­Մի­նա­սեան, իսկ ­Վար­դու­հի ­Գա­սար­ճեան դաշ­նա­մու­րի վրայ ներ­կա­յա­ցուց հո­գե­ւոր ե­րաժշ­տա­կան կտոր­ներ։
Ետ­քը խօսք ա­ռաւ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Պա­րէտ Քհնյ. ­Խա­չե­րեան։ Ան յա­նուն ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուր­դին գնա­հա­տեց յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց կազ­մա­կերպ­չա­կան ժրա­ջան աշ­խա­տան­քին շնոր­հիւ դա­սա­խօ­սա­կան ծրա­գի­րը հա­սաւ իր նպա­տա­կին։ Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց օ­րո­ւան բա­նա­խօս պրն. Ա­րա ­Ման­կո­յեա­նին, որ մաս­նա­գի­տա­կան մօ­տե­ցու­մով ներ­կա­յա­ցուց հա­յազ­գի մեծ ­Սուր­բը։ ­Յա­տուկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն, գնա­հա­տանք ու քա­ջա­լե­րանք փո­խան­ցեց ան ե­րի­տա­սարդ տար­րե­րուն, ո­րոնք ներ­կա­յա­ցու­ցին բաց­ման խօսքն ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տա­գի­րը։
Ա­պա՝ ­Պա­րէտ ­Քա­հա­նայ ­Հայ­րը հրա­ւի­րեց ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեա­նը՝ իր եզ­րա­փա­կիչ խօս­քը ուղ­ղե­լու հա­մար։ Սր­բա­զան ­Հայ­րը նախ ար­ժե­ւո­րեց ձեռ­նար­կը՝ զայն կո­չե­լով սնու­ցա­նող եւ օգ­տա­շատ ա­ռիթ, ո­րու կա­րիքն ու­նինք բո­լորս։ Ան յայտ­նեց, թէ կեան­քի մէջ ար­ժէք­նե­րու հե­տա­մուտ ըլ­լա­լը չա­փա­նիշ մըն է։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դը այ­սօր կրօ­նա­կան գի­տե­լիք­նե­րու պա­կա­սը ու­նի։ Ու­րեմն այս­պի­սի ձեռ­նարկ­ներ պի­տի մղեն մե­զի գիտ­նա­լու, թէ մենք ու­նինք հո­գե­ւոր գան­ձեր ու ար­ժէք­ներ, ո­րոնց պար­տա­ւոր ենք տէր կանգ­նե­լու։ ­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ գան­ձին ու ար­ժէ­քին պա­հա­պա­նը մեր ժո­ղո­վուրդն է եւ ա­նոր սիրտն ու հո­գին, ինչ­պէս նաեւ մտա­հո­գու­թիւ­նը հոն պէտք է կեդ­րո­նա­նայ նաեւ։ ­Մեր ար­ժէք­նե­րը գան­ձա­րա­նէն դուրս պէտք է հա­նենք ու նոր սե­րուն­դին յանձ­նենք։ Գ­րի­գոր ­Նա­րե­կա­ցին մեծ ­Սուրբ մըն է եւ թան­կա­գին ար­ժէք, հա­յու­թեան եւ օ­տար ազ­գե­րու հա­մար եւս։ ­Մեր ծնող­նե­րը «­Նա­րեկ» ա­ղօ­թա­գիր­քը պա­հե­ցին ի­րենց տու­նե­րուն մէջ հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ։ Ո­րով­հե­տեւ մար­դը միայն մար­մին չէ, այլ նաեւ հո­գի։ Ուս­տի եր­կու բա­ժին­ներն ալ կա­րե­ւոր են մար­դուն հա­մար։
­Խօս­քի ա­ւար­տին, ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան ­Հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց ­Գո­քի­նիոյ «Ս. ­Յա­կոբ» ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վի­ւը, ­Թա­ղա­յին ­Խոր­հուրդն ու յանձ­նա­խում­բը, հո­գե­ւոր շուն­չով ու ապ­րում­նե­րով լե­ցուն ձեռ­նար­կի մը կազ­մա­կերպ­ման հա­մար։ Ան գնա­հա­տեց ու քա­ջա­լե­րեց այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք ստանձ­նե­ցին բաց­ման խօսքն ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րի ներ­կա­յա­ցու­մը։ Ա­պա՝ մե­ծա­պէս շնոր­հա­ւո­րեց օ­րո­ւան բա­նա­խօս պրն. Ա­րա ­Ման­կո­յեա­նը։ Ա­ռա­ւել եւս ան գնա­հա­տեց «­Նա­րեկ»ը յու­նա­րէն լե­զո­ւի թարգ­մա­նու­թեան ա­նոր նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը եւ յա­ջո­ղու­թիւն մաղ­թեց։
­Ձեռ­նար­կը իր ա­ւար­տին հա­սաւ «­Հայր ­Մեր»ի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։

ԹՂԹԱԿԻՑ