30 Սեպտեմբերէն 2 Հոկտեմբեր 2022-ին Տիտիմոթիքոյի շրջանէն ներս մեծ շուքով նշուեցաւ Սուրբ Գէորգ զօրավարի տօնը։
Ուրբաթ առաւօտեան, եկեղեցւոյ փակին մէջ տեղի ունեցաւ աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում. աւելի ուշ, եկեղեցւոյ կամաւոր հաւատացեալները սկսան մատաղի պատրաստութեան։
Շաբաթ օր, Յունահայոց թեմական Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան եւ Յունաստանի հիւսիսային Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջանի առաջնորդական փոխանորդ Գեր. Տ. Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեանին հետ միասին հանդիպեցան Տիտիմոթիքոյի յոյն մետրոպոլիտին հետ եւ խօսակցութիւն ունեցան հայ եւ յոյն եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն մասին, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ եղաւ շրջանի հայկական համայնքի գործունէութեան ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն։
Կիրակի, 2 Հոկտեմբերին, հաւատացեալներուն հոծ բազմութիւնը մասնակից դարձաւ պատարագի սրբազան արարողութեան Տիտիմոթիքոյի «Սուրբ Գէորգ» եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Յունաստանի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան։
Պատարագին ներկայ էին Տիտիմոթիքոյի պետական մարմիններու ներկայացուցիչներ, Յունահայոց Ազգային վարչութեան ներկայացուցիչներ, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններու թաղային խորհուրդի անդամներ։
Յընթացս ս.պատարագի, «Հայր մեր»էն առաջ, նորաօծ Սրբալոյս Միւռոնով կատարուեցաւ ջրօհրհնէք, որմէ ետք Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդին։
Ներկայացնելով Ս. Գէորգի կեանքը, Սրբազան հայրը շեշտեց անոր հաւատքի եւ քաջասիրտութեան յատկանիշները, նաեւ քրիստոնէութիւնը պահպանելու եւ հաւատքը չուրանալով նահատակուելու գերագոյն զոհողութիւնը։
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։
Տիեզերական պատրիարքը հիւրընկալեց
հայկական պատուիրակութիւնը
Յունաց տիեզերական պատրիարք` Պարթոլոմէոսի յատուկ հրաւէրով¸ Յունաստանի Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ. վրդ. Սաղտըճեան¸ ընկերակցութեամբ Թրակիոյ շրջանի Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի փոխատենապետ Թադէոս Գասպարեանի¸ 10-13 Հոկտեմբեր 2022-ին գտնուեցան Պոլիս։
Յայտնենք¸ որ 9 Սեպտեմբերին Այիոն Օրոսէն Ս. Աստուածածնի սրբանկարին Գոմոթինի ժամանման առթիւ¸ տիեզերական պատրիարքը գտնուած էր Գոմոթինի¸ եւ ի պատիւ իրեն եղած ճաշկերոյթին ընթացքին¸ հրաւիրեալներու ներկայութեան դրուատիքով անդրադառնալէ ետք Առաջնորդական փոխանորդի Թրակիոյ շրջանէն ներս հոգեւոր ծառայութեան եւ ընդհանրապէս Յունաստանի եկեղեցական եւ պետական իշխանութեանց վայելած յարգանքին ու գնահատանքին¸ Հայր Սուրբը պատուեց պատրիարքարանի Ասպետի խաչով։ Նոյն առիթով¸ Պատրիարքը Առաջնորդական փոխանորդին¸ ինչպէս նաեւ Գոմոթինիի եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի ատենապետ Ստեփան Մատթէոսեանին¸ յատուկ կերպով հրաւիրեց իր հիւրերը ըլլալու Պոլիս։
Երեքշաբթի¸ 11 Հոկտեմբերին Առաջնորդական փոխանորդը եւ Թադէոս Գասպարեան այցելեցին տիեզերական պատրիարքին՝ Պոլսոյ Ֆանարի պատրիարքարանի գրասենեակէն ներս։
Հայր Սուրբը առաջին հերթին¸ պատրիարքին փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Վեհափառ հայրապետ Արամ Ա. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները¸ որոնց մտերմիկ ծանօթութիւնը եւ սերտ գործակցութիւնը միջեկեղեցական համաշխարհային ոլորտի մէջ տասնամեակներու անցեալ ունի։ Նաեւ փոխանցեց Յունաստանի թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեանի շնորհակալութիւնները Թրակիոյ հայ համայնքին նկատմամբ ցուցաբերած գնահատանքին եւ ընդունելութեան համար։
Հայր Սուրբը իր որդիական շնորհակալութիւնը յայտնենց Պատրիարքին¸ իրեն նկատմամբ ցուցաբերած հոգատար հետաքրքրութեան եւ շնորհած Պատրիարքարանի Ասպետի խաչին համար¸ յատկապէս նաեւ Պոլիս այցելելով Պատրիարքարանին մէջ սեղանակից ըլլալու յատուկ պատիւին համար։ Նաեւ որդիական բարեմաղթութիւնները Գոմոթինիի Թաղական Խորհուրդի ատենապետ Ստեփան Մաթէոսեանին կողմէ¸ որ բանաւոր պատճառներով չկարողացաւ ներկայ ըլլալ ու անոր փոխարէն ընկերացաւ Թաղական խորհուրդի փոխատենապետ Թադէոս Գասպարեան։
Այցելութեան առիթով¸ Պատրիարքը Հայր Սուրբին նուիրեց վարդապետական լանջախաչ¸ մաղթելով որ Հայր Սուրբը նոյն ոգիով Յունաստանի հայ համայնքին առընթեր իր դրական եւ գնահատելի ծառայութիւնը շարունակէ բերել Յունաստանի եկեղեցական թէ պաշտօնական շրջանակներուն մօտ։
Փոխադարդձելով, Գոմոթինիի եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին անունով Հայր Սուրբը պատրիարք հօր նուիրեց եկեղեցական արուեստի արժէքաւոր գեղեցիկ յուշանուէր մը։
Կէսօրին¸ Առաջնորդական փոխանորդը եւ Թադէոս Գասպարեան եղան պատրիրաքարանի ճաշի հիւրը։
Երկուշաբթի¸ 10 Հոկտեմբեր 2022-ին¸ Առաջնորդական Փոխանորդ Հայր Սուրբը եւ Թադէոս Գասպարեան այցելեցին Պոլսոյ հայոց պատրիարք՝ Ամենապատիւ Տ. Սահակ Բ. Արքեպիսկոպոսին՝ հայոց պատրիարքարանէն ներս։ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետի հայրական օրհնութիւնները¸ ինչպէս նաեւ Յունասատնի թեմի Առաջնորդ Սրբազան հօր եղբայրական ողջոյնները փոխանցելելէ ետք¸ երկու այցելուները յայտնեցին Պոլիս այցելութեան նպատակը ապա պատրիարք հօր Գոմոթինիի եկեղեցւոյ թաղականութեան կողմէ սրբանկար մը նուիրեցին։ Հայր Սուրբը եւ թաղականութեան փոխատենապետը Պոլիս կեցութեան օրերուն հիւրըկալուեցան հայոց պատրիարքարանին կողմէ։
ԹՂԹԱԿԻՑ