Սուրբ Գէորգը Տիտիմոթիքոյի եւ Օրէսթիատայի հայկական գաղութի գոյութեան ու գոյատեւման հիմնաքարն է։ Մեծ Սուրբը շրջանի հայութեան ծարաւը յագեցնող զուլալ աղբիւրն է։ Մեծ Սուրբը շրջանի հայութեան հոգեւոր սնունդ տածող շտեմարանն է։ Մեծ Սուրբը շրջանի հայութիւնը յուսադրող եւ խրախուսող աներեւոյթ զօրութիւնն է։
Կիրակի՝ 1 Հոկտեմբեր 2017ին քաղաքի սուրբին տօնն էր, հետեւաբար՝ շրջանի ողջ հայութիւնը, գլխաւորութեամբ շրջանի հոգեւոր հովիւին, Թաղային Խորհուրդին եւ Գթութեան Խաչին՝ աշխատանքի լծուած էր։
Ուրբաթ՝ 29 Սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 9ին, հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան օրհնեց աղը, որմէ ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ սկսաւ մատաղի պատրաստութիւնը: Իսկ կէսօրին, Թաղային Խորհուրդը կազմակերպեց ճաշի աւանդական սեղանը:
Աղի օրհնութենէն ետք, Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան մեկնեցաւ Ալեք-սանտրուպոլսոյ օդակայանը՝ դիմաւորելու համար թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանը։ Սրբազան Հայրը հրաւիրուած էր Թաղային Խորհուրդին կողմէ, տօնին առթիւ Պատարագը մատուցելու։ Յաջորդ օր՝ Շաբաթ կէսօրին, Տիտիմոթիքոյի մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Թաղային Խորհուրդին հետ, որմէ ետք տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթ։
Կիրակի առաւօտեան ժամը 10:30ին, Ս. Պատարագը մատուցեց թեմակալ առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան։ Խորանին վրայ Սրբազան Հօր սպասարկեցին Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան։ Ինչպէս նաեւ՝ Թեսաղոնիկէի, Քսանթիի եւ Գոմոթինիի եկեղեցիներու սարկաւագներ ու դպիրներ։ Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Գոմոթինիի դպրաց դասը, խմբավարութեամբ տիկ. Նէլլի Անդրէասեանի: Ներկայ էին քաղաքապետ պրն. Բ. Բացուրիտիս, փոխ-քաղաքապետը, Տամասքինոս Մետրապոլիտի ներկայացուցիչ Աբոսթոլոս Վարդապետը, Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ անդամներ տիկք. Վերա Պլէճեան ու Զապէլ Այվազեան, Միջ-թաղայինի ատենապետ պրն. Պետրոս Մելքոնեան, Թաղային Խորհուրդներու ատենապետներ ու անդամներ, ինչպէս նաեւ շրջակայ քաղաքներէն եւ ի մասնաւորի Թեսաղոնիկէէն ու Պոլիսէն մեծ թիւով հաւատացեալ ժողովուրդ:
Քարոզի ընթացքին, պատարագիչ Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ որպէս յունահայոց Առաջնորդի իր անդրանիկ Պատարագէն ետք, յաջորդը կը կատարէ հեռաւոր քաղաքի Ս. Գէորգ պատմական եկեղեցւոյ մէջ։ Ան հաստատեց, թէ բոլոր ներկաները ուխտաւորներ են։ Եւ իւրաքանչիւր մարդ ուխտաւոր ըլլալու համար կարիքն ունի 3 պայմաններու կամ միջոցներու որոնք են՝ ՀԱՒԱՏՔ, ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ եւ ՅՈՅՍ։
Հաւատքը՝ ուխտաւորութեան ճամբու սկիզբն է։ Յիսուս իւրաքանչիւր հրաշագործ բժշկութենէ առաջ դիմողին հարցուց՝ «Հաւատք ունի՞ս»։ Երբ «Այո՛» ըսաւ՝ բժշկեց անոր։ Հաւատք ունենալ կը նշանակէ յանձնառութիւն ունենալ։ Իսկ յանձնառութիւնը ինքնին նպատակ մը կը հետապնդէ։ Եւ յոյսը՝ կեանքի շարունակութիւնն ու յաւիտենական կեանքի պատրաստութիւնն է։
Ս. Գէորգն ու բոլոր սուրբերը տարբեր տեղեր են ծնած ու աճած։ Սակայն անոնք իրար կը նմանին իրենց հաւատքով ու նպատակով։
Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ օրուան զուգադիպող Խաչվերացի տօնին, ապա՝ յունարէն լեզուով շնորհակալութիւն յայտնեց
Մետրապոլիտի ներկայացուցիչին ու քաղաքապետին, անոնց ներկայութեան ու քաջալերանքին համար։
Արարողութեան աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէքը, ապա եւ՝ հոգե-հանգիստ, եկեղեցւոյ մէջ ծառայած հանգուցեալ կղերական դասու, դպիրներու, Թաղային Խորհուրդի անդամներու եւ բարերարներու հոգիներուն համար։ Այնուհետեւ, բոլորը միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» ու «Մեր Հայրենիք» ոգերգները, որմէ ետք Սրբազան Հայրը իր օրհնութիւնը տուաւ բոլորին։ Տ. Աբոսթոլոս Վարդապետ յանուն Մետրապոլիտին, որ արտասահման մեկնած էր, շնորհաւորեց Սրբազան Հօր ու հոգեւոր հովիւին։ Նոյնանման շնորհաւորանք յայտնեց նաեւ պրն. քաղաքապետը։
Կէսօրուան ժամը 2ին «Ալեքսանտր» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ճաշկերոյթը: Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողմէ սեղանին օրհնումէն ետք, տիկ. Զապէլ Փափազեան յանուն Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին բարի գալուստ մաղթեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Ազգային Վարչութեան ատենապետին եւ հաւատացեալ ժողովուրդին։ Ապա՝ բեմ հրաւիրուեցաւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղռս Չոլաքեան՝ իր ողջոյնի խօսքը ուղղելու։ Ան յանուն Ազգային Վարչութեան շնորհաւորեց շրջանի հոգեւոր հովիւը, Թաղային Խորհուրդն ու հայութիւնը՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Ան յայտնեց իր մեծ տպաւորութիւնը կազմակերպչական աշխատանքին նկատմամբ։ Աւարտին, ան յաջողութիւն մաղթեց բոլորին՝ վստահեցնելով, թէ Ազգային Վարչութիւնը մօտէն պիտի հետաքրքրուի ու աջակցի հեռաւոր շրջաններու կարիքներուն։
Ճաշկերոյթի ընթացքին, Տիտիմոթիքօ-Օրէսթիատայի Թաղային Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու յանձնում երկու ազգայիններու՝ տիկք. Անահիտ Գասապեանին եւ Արաքսի Վահեւնունիին, որոնք երկար տարիներ իրենց օգտաշատ ներդրումը բերած են քաղաքի համայնական կեանքին մէջ։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բեմ հրաւիրուեցաւ յուշանուէրները յանձնելու համար։
Թաղային Խորհուրդը, մեկնելով երախտագիտութեան ու շնորհակա-լութեան զգացումներէն, Ս. Գէորգի արծաթեայ պատկերով պատուեց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանը եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեանը։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս իր մեծ տպաւորութիւնը յայտնեց շրջանի հայութեան հանդէպ եւ քաջալերեց բոլորը, որպէսզի միասնական ուժերով շարունակեն առաքելութիւնը։
Պարգեւատրեալ երկու տիկինները իրենց կարգին շնորհակալութիւն յայտնեցին Թաղային Խորհուրդին գեղեցիկ մտածումին համար։ Տիկ. Անահիտ Գասապեան յայտնեց, թէ սրտով ծառայեց ազգին ու Հ.Օ.Մ.ին եւ կարծէք տակաւին երէկ էր ազգային «Եփրեմեան» սրահի բացումը։ Ան յատկապէս շնորհակալութիւն յայտնեց տիկ. Ազնիւ Թորոսեանին, հայերէն լեզուի դա-սաւանդումին համար, ինչպէս նաեւ՝ իր ուրախութիւնը յայտնեց երիտա-սարդներուն համար, որոնք ընտանիքներ կազմեցին եւ կը ծառայեն գաղութին, հետեւելով իրենց ծնողաց քայլերուն։ Այս ուրախ առիթով, Տիկ. Գասապեան 1000 եւրօ նուիրեց Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ նորոգութեան աշխատանքին համար։ Տիկ. Արքասի Վահեւնունի եւս իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Թաղային Խորհուրդի յուշանուէրին համար։ Ան քաղաքի հայութեան մօտիկ անցեալի գեղեցիկ պատկերներէն ոմանք վերաթարմացուց։ Նշեց հաւատքի մեծ ոգին եւ ծառայութեան ուժականութիւնը իրենց մօտ, որոնք մղում տուին եւ կարելի դարձուցին, որ շրջանի հայութիւնը ապրի եւ գոյատեւէ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ յարկին տակ։
Ետքը ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Տեղւոյն հայկական պարախումբը ներկայացուց երկու պարեր։ Իսկ Արիս Գասապեան հայկական երաժշտութիւն նուագեց ջութակի վրայ։ Ճաշկերոյթի ընթացքին կազմակերպուեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն։
Հարկ է նշել, թէ Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու Ազգային Վարչութեան անդամները, Կիրակի օրուան ճաշկերոյթէն ետք, հանդիպում մը ունեցան հոգեւոր հովիւին, Միջ-Թաղայինի ատենապետին ու հինգ քաղաքներու Թաղային Խորհուրդներու ատենապետներուն հետ։

ԹՂԹԱԿԻՑ