­Հա­մայն քրիս­տո­նէու­թիւ­նը Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի ­Վե­րա­փոխ­ման տօ­նը մեծ շու­քով կը տօ­նախմբէ 15 Օ­գոս­տո­սին: Իսկ հայ ե­կե­ղե­ցին` 15 Օ­գոս­տո­սի մօ­տա­ւոր ­Կի­րա­կին, այ­սինքն 12-էն 18 Օ­գոս­տո­սի մի­ջեւ: ­Տօն մը, որ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ հայ­րե­րը հինգ տա­ղա­ւար տօ­նե­րէն մէ­կը հա­մա­րած են, եւ կը տօ­նո­ւի ի­նը օ­րեր շա­րու­նակ, ո­րուն ըն­թաց­քին շա­րա­կան­նե­րու եր­գե­ցո­ղու­թեան ընդ­մէ­ջէն կ­՚ո­գե­կո­չո­ւի Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նի եր­կինք փո­խադ­րո­ւի­լը:
Այս տա­րի եւս, մեծ շու­քով նշո­ւե­ցաւ Ք­սանմ­թիի «Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին» ե­կե­ղեց­ւոյ տօ­նախմ­բու­թիւ­նը։ ­Շա­բաթ, 12 Օ­գոս­տոս 2023-ին, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­ղօրհ­նէք եւ ոչ­խար­նե­րու զե­նում, ա­պա ե­կե­ղեց­ւոյ հա­ւա­տա­ցեալ տի­կին­ներ սկսան պատ­րաս­տել մա­տա­ղը։ ­Նոյն օ­րո­ւան ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ ընթ­րիք ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կին մէջ։
­Կի­րա­կի՝ 13 Օ­գոս­տոս 2023-ի, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10։30-ին, սկիզբ ա­ռաւ Ս. եւ Անմահ պա­տա­րա­գը նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Յու­նաս­տա­նի ­Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան փո­խա­նորդ հոգշ. ­Տէր ­Յով­հան­նէս Ծ. վրդ. ­Սաղ­տը­ճեա­նի։ ­Պա­տա­րա­գիչն էր ­Մա­կե­դո­նիոյ եւ Թ­րա­կիոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ արժ. ­Տէր ­Դա­նիէլ քհնյ. ­Գա­լօղ­լեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյ նոր պատ­րաս­տո­ւած երգ­չա­խում­բի ան­դա­մու­հի­նե­րը, մաս­նակ­ցու­թեամբ ­Գո­մո­թի­նիի շրջա­նի «­Սուրբ Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ»­ ե­կե­ղեց­ւոյ դպրաց դա­սի ան­դամ­նե­րուն։ Ա­նոնք ա­ռա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով շատ գե­ղե­ցիկ կեր­պով եր­գե­ցին Ս. եւ Ան­մահ պա­տա­րա­գը, որ նոյ­նիսկ ներ­կա­նե­րուն զար­մանք, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ու­րա­խու­թիւն պատ­ճա­ռեց. այն ի­մաս­տով, որ եր­կար տա­րի­ներ ետք ե­կե­ղե­ցին ու­նե­ցաւ իր երգ­չա­խում­բը։
­Տէր հայ­րը քա­րո­զի ըն­թաց­քին յա­յտ­նեց, թէ Աս­տո­ւա­ծած­նի տօ­նը քրիս­տո­նէա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ մե­ծա­գոյն յար­գան­քի, բա­րե­պաշ­տա­կան բիւ­րեղ զգա­ցու­մի եւ հա­ւատ­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն մըն է, որ կ­՚ըն­ծա­յո­ւի Աս­տո­ւա­ծա­մօր։ Ան շնորհք գտաւ Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ, սնու­ցա­նեց մա­նուկ Աս­տո­ւա­ծոր­դին, դաս­տիա­րա­կեց եւ ըն­ծա­յեց զայն աշ­խար­հին` յա­նուն մարդ­կու­թեան որ­պէս փրկիչ եւ մար­դա­ցեալ Աս­տո­ւա­ծոր­դին:
Ս. պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ­Հայր սուր­բը սրտի խօս­քը փո­խան­ցե­լէ ետք, տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղօրհ­նէք եւ խա­ղո­ղօրհ­նէք: Այս գե­ղե­ցիկ ա­ւան­դու­թիւ­նը հայ ժո­ղո­վուր­դի բա­րե­պաշ­տու­թեան մէջ իւ­րա­յա­տուկ տեղ գրա­ւած է: Ե­կե­ղե­ցին տա­րո­ւան բո­լոր պտուղ­նե­րուն ար­գա­սիք­նե­րուն մէ­ջէն խա­ղո­ղը ընտ­րած է այն պտու­ղը որ­պէս­զի օրհ­նո­ւի: ­Հայր սուր­բը ըն­թեր­ցե­լէ ետք Ս. ­Ներ­սէս Շ­նոր­հա­լի ­Հայ­րա­պե­տին ա­ղօթ­քը, օրհ­նեց խա­ղո­ղի ող­կոյզ­ներն ու ճի­ռե­րը, ը­սե­լով. «Օրհ­նես­ցի եւ սրբես­ցի ող­կոյզս եւ ճիռս խա­ղո­ղոյս»:
Ա. Աս­տո­ւա­ծած­նայ տօ­նը ան­գամ մը եւս ա­ռիթ դար­ձաւ շրջա­նի հա­յու­թեան հա­մար վե­րա­նո­րո­գե­լու իր ուխ­տը հան­դէպ հայ ե­կե­ղեց­ւոյ եւ տո­գո­րո­ւե­լու Աս­տո­ւա­ծա­մօր մեծ տօ­նախմ­բու­թեան խոր­հուր­դէն։

ԹՂԹԱԿԻՑ