Ընդհանրապէս թագավարակի ստեղծած կացութեան պատճառով, մեր ժողովուրդի զաւակներուն առողջութեան նկատմամբ ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով, այս տարի Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման եւ ուխտի օրուան տօնը դժբախտաբար տեղի չունեցաւ աւանդութիւն դարձած իրենց հանդիսաւոր տօնախմբութեամբ, ինչպէս՝ ուխտի շաբթուան նուիրուած մատաղի պատրաստութիւնը, մատուցուեցաւ միայն Ս. եւ Անմահ Պատարագ եւ խաղողօրհնէքի արարողութիւն։
Շաբաթ՝ 15 Օգոստոս 2020-ին, Քսանթիի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Յունաստանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Ազգային վարչութեան անդամ տիկ. Զապէլ Այվազեան եւ Գավալայի «Ս. Խաչ» եկեղեցւոյ ատենապետ պրն. Աբրահամ Աշըրեան։
Պատարագիչ հայր սուրբը յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ բնաբան ունենալով «Աստուածամայրը որպէս հոգատար մայր, շարականագիրի բառերով «Լոյս լուսոյ Մայր եւ կենարար բանին բնակարան»։
Հայր Սուրբը նշեց եւ անդրադարցաւ հիմնական 3 կէտերու մասին
Ա- Աստուածամայրը որպէս հաւատքի ջահակիր։
Բ- Աստուածամայրը որպէս օրինակելի մայր։
Գ- Աստուածամայրը որպէս բարեխօս։
Աւարտին, պատարագիչ հայր սուրբը աղօթք բարձրացուց եւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը հայցեց, որպէսզի իր օրինակով խոնարհինք Աստուծոյ առջեւ, փշրենք մեր «ես»-ը եւ յանձնուինք Աստուծոյ կամքին։
Յաւարտ Ս. եւ Անմահ Պատարագին, տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որ կը բովանդակէ արտին երախայրիքը Աստուծոյ ընծայման խորհուրդը։
——————————
Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ
Աղօթք՝ Լիբանանի մէջ պատահած ահաւոր պայթումի
անմեղ զոհերու յիշատակին
Բարձր հովանաւորութեամբ եւ տնօրինումով Յունաստանի հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութեամբ Յունաստանի հայոց թեմի Կրօնական ժողովին, Կիրակի՝ 9 Օգոստոս 2020-ի առաւօտեան, Յունաստանի հայոց թեմի բոլոր եկեղեցիներու մէջ, ս. եւ անմահ պատարագներու ընթացքին, այնպէս ալ Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ «Տէր ողորմեա» շարականի երգեցողութիւն՝ վերջերս Լիբանանի մէջ պատահած ահաւոր պայթումի անմեղ զոհերու յիշատակին։
Առ այդ, Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեան, իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ վերջերս Լիբանանի մէջ պատահած ահաւոր պայթումի մասին եւ թարգման հանդիսանալով, գաղութին կողմէ խոր ցաւակցութիւններ ու վշտակցութիւններ յայտնեց անմեղ զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, առողջութիւն եւ բժշկութիւն մաղթեց բոլոր վիրաւորներուն եւ միաժամանակ գաղութին անունով զօրակցութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառին՝ համազգային ջանքերով անգամ մը եւս վերականգնելու Լիբանանը ու յատկապէս եւ մասնաւորաբար Լիբանանահայութիւնը՝ առաւել եւս յոյս ու կորով ներշնչելով ներկաներուն։