Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը Ս.Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը Նէոս Գոզմոսի Ս.Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ

0
1633

Կի­րա­կի, 18 Օ­գոս­տոս 2019ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նայ ­Վե­րա­փոխ­ման տօ­նին ա­ռի­թով, ­Նէոս ­Գոզ­մոս (­Ֆիքս)ի «Ս. ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր Ս. ­Պա­տա­րագ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ ­Խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն, ա­պա ­Մե­ռե­լո­ցի հո­գե­հան­գիստ փո­խան Եր­կու­շաբ­թիի, ներ­կա­յու­թեամբ ­Թա­ղա­կան խոր­հուր­դի, ­Տիկ­նանց մարմ­նոյ ան­դամ- ան­դա­մու­հի­նե­րուն, ար­տա­սահ­մա­նէն քա­ղաքս այ­ցե­լող ե­կե­ղեց­ւոյս բա­րե­րար­նե­րու եւ բա­րե­կամ­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ շրջա­նիս հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հոծ բազ­մու­թեան:
Ս. ­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ե­կե­ղեց­ւոյս դպրաց դա­սը, խմբա­վա­րու­թեամբ բարշ. ­Պետ­րոս սրկ. ­Պար­սա­մեա­նի, իսկ Ս. ­Խո­րա­նին սպա­սար­կե­ցին բարշ. ­Լե­ւոն սրկ. Ու­նա­նեան, փոք­րիկ դպիր­ներ՝ Գ­րի­գոր Ու­նա­նեան, որ ըն­թեր­ցեց օ­րո­ւան ­Ճա­շու գիր­քը եւ ­Փի­լի­պոս Պ­րուն­ծոս (Ե­րա­նո­սեան), որ ըն­թեր­ցեց օ­րո­ւան ­Ճա­շու սաղ­մո­սը:
Ս. ­Պա­տա­րա­գի եր­գե­ցո­ղու­թեան իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ե­կե­ղեց­ւոյս եր­կա­րա­մեայ (այժմ Ֆ­րան­սաբ­նակ) նախ­կին դպրա­պետ՝ Գ­րի­գոր սրկ. ­Դա­ւի­թեան։
­Պա­տա­րա­գիչ ­Տէր հայ­րը իր քա­րո­զի բնա­բա­նը ընտ­րած էր օ­րո­ւան Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նայ նո­ւի­րո­ւած տա­ղէն՝«­Վա­րա­նիմք ի մե­ղաց դու ա­զա­տիչ մե­ղու­ցե­լոյս, ով ­Տի­րա­մայր.ո՜հ ով ­Տի­րա­մայր, ո՜հ ցօ­ղեա՝ կա­թիլ մի կու­սա­կան զօ­րեղ կե­նաց , ո՜հ զօ­րեղ կե­նաց: Յիմ նախ­կին վա­յել­մանց ար­ժա­նա­պէս ար­տաք­սե­ցայ, ո՜հ եղ­կե­լոյս, ո՜հ եղ­կե­լոյս. ո՜հ փուշ եւ տա­տասկ բու­սոյց եր­կիր ո­ղոր­մե­լոյս, ո՜հ ո­ղոր­մե­լոյս»:
­Տէր հայ­րը կա­րե­ւո­րու­թեամբ շեշ­տեց անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը Ս. Աս­տո­ւա­ծած­նայ սրբա­կեաց կեան­քէն օ­րի­նա­կո­ւե­լով եւ Իր բա­րե­խօ­սու­թեամբ, մեր մեղ­քե­րու ծան­րու­թե­նէն -հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ- ա­զա­տե­լու եւ Աս­տո­ւա­ծա­հա­ճոյ կեան­քի մը նոր հո­րի­զոն­ներ բա­նա­լու հա­մար:
Ա­րա­րո­ղու­թեանց ա­ւար­տին, ­Տէր ­Նա­րեկ քա­հա­նայ հայ­րը շնոր­հա­ւո­րեց բո­լոր ներ­կայ մայ­րերն ու քոյ­րե­րը ի­րենց ա­նո­ւան տօ­նին ա­ռի­թով:
Ուխ­տա­ւոր­նե­րը հո­գե­պէս լիա­ցած, մեկ­նե­ցան օրհ­նո­ւած խա­ղո­ղին ի­րենց բա­ժի­նը ստա­նա­լով:
­Յի­շեց­նենք, որ ­Շա­բաթ՝ 17 Օ­գոս­տոս 2019ի ե­րե­կո­յեան, ե­կե­ղեց­ւոյս ­Տիկ­նաց մարմ­նոյ ան­դա­մու­հի­նե­րը յա­ջորդ օ­րո­ւան խա­ղո­ղի օրհ­նու­թեան հա մար Ս. ­Խո­րա­նի ափ­սէին մէջ եւ մօտ 200 խա­ղո­ղի ծրար­ներ պատ­րաս­տե­լու կա­մա­ւոր աշ­խա­տանք­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ կա­տա­րե­ցին։
Ուխտն ու վարձ­քը կա­տար բո­լո­րին։

ԹՂԹԱԿԻՑ