Հանդիսապետութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի բարեջան առաջնորդ՝ Գեղամ արք. Խաչերեանի, Կիրակի՝ 18 Օգոստոս 2019ի առաւօտեան Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով, Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ հանդիսաւոր Ս. եւ Անմահ Պատարագ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ Խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն, ներկայութեամբ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքի Թաղական Խորհուրդի անդամներուն, Տիկնանց Մարմինի անդամուհիներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ թեսաղոնիկահայ հաւատացեալներու հոծ բազմութեան: Պատարագը մատուցեց Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանը։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեցին եկեղեցւոյս դպիրները, ինչպէս նաեւ գաղութիս ծխայիններէն եւ սոփրանօ սոլիստ Սիրանոյշ Չալըքեան, որ իր գեղեցիկ ու քաղցրաթրթիռ ձայնով հմայեց ու առաւել ճոխութիւն շնորհեց Պատարագի երգեցողութեան։
Օրուան հայրական պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը ան իր պատգամին մէջ բացատրեց ու խօսեցաւ սրբութեան ու մաքրութեան գաղափարի մասին, համեմատելով Ս. Կոյսին կեանքը որպէս տիպար ու օրինակելի անձնաւորութիւն։ Սրբազան հայրը մանրամասն կերպով անդրադարձաւ տարբեր եկեղեցիներու եւ մեր եկեղեցւոյ աստուածաբանութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնի վերաբերեալ։ Իր խօսքին մէջ ան ըսաւ. «Աստուածամայրը որպէս կենդանի աղբիւր, մաքուր անօթ եւ լուսաւոր ամպ մեր մէջ պէտք է միշտ ներկայութիւն դառնայ, որովհետեւ Անոր միջոցաւ է որ բոլորս ճանչնանք զԱստուած, որուն միջոցաւ Աստուած հաճեցաւ Անոր մէջ ծնիլ։ Ա՛ն եղաւ առաջին անձնաւորութիւնը, որ ուրախութեամբ գիտցաւ թէ իրմէ ծնածը Աստուած է, Աստուծոյ Որդին է։ Մենք Աստուածամայրը չէ՛ որ կը պաշտենք, այլ կը մեծարենք ու խորապէս մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք Անոր։ Կը խնդրենք Անկէ, որ բարեխօսէ մեզի համար իր Միածին Որդիին մօտ, որպէսզի մեր մեղքերը ներէ ու մեր բոլորին իր օրհնութիւնն ու շնորհքը պարգեւէ։ Այս Ս. Խորանէն կոչ կ’ընեմ յատկապէս ու մասնաւորաբար մեր երիտասարդ սերունդին, որպէսզի իրենց զաւակները քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութեամբ դաստիարակեն, հայապահպանման ու հայակերտումի աննկուն կամքով պատրաստեն, քրիստոնէաբար ապրին բարոյական բարձր ու առողջ սկզբունքներով առաջնորդուելով, հայօրէն կառչած մնան ազգային արժէքներուն՝ հեռու մնալով այլասերիչ հոսանքներէ։ Մեր կեանքին մէջ այսօր սրբութիւնները նուազած են. աշխարհը այսօր, դժբախտաբար, չարիքներով եւ պղծութիւններով լեցուն է։ Աստուածամայրը որպէս յաւերժ սրբութիւն, բոլոր ժամանակներէն աւելի այսօր մանաւանդ, մեր առօրեայ կեանքին մէջ պէտք է տիրական ներկայութիւն դառնայ, որպէս տիպար՝ սրբութեան, պարզութեան եւ հաւատարմութեան»:
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ նաեւ ազգային պատկանելիութեան ու ինքնութեան մասին, շեշտը դնելով որպէս եկեղեցի, ազգ, Հայրենիք եւ Սփիւռք միասնականութեան ոգիով, ամուր կեցուածքով ամէն տեսակի դժուարութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն դիմաց կանգուն մնալու։ Այս առիթով, ան սրտանց շնորհաւորեց ու լաւագոյն բարեմաղթութիւնները փոխանցեց Մարիամ, Մարի, Մարիա, Թագուհի, Իսկուհի, Բերկրուհի, Տիրուհի եւ Անթառամ անուն կրող մեր շատ սիրելի հաւատացեալ ու ազգանուէր ժողովուրդի զաւակներուն, ինչպէս նաեւ մեր բոլոր մայրերուն ու քոյրերուն պատուիրեց իրենց զաւակները սրբութեանց անուններով կոչեն, Աստուածամօր անունով, մեր Հայրապետներու կտակած սուրբերու անունններով:
Ս. եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւնը եւ ապա Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր ձեռքով հաւատացեալ ժողովուրդին բաժնեց խաղողներ, որպէս առաջին օրհնութիւն եւ ապա հերթաբար, ներկաները, Տիկնանց մարմնի անդամուհիներուն հսկողութեամբ, մէկական ողկոյզ առնելով վերադարձան իրենց տուները:
Նշենք, որ յաջորդ օր, Երկուշաբթի՝ 19 Օգոստոսին, Հայր սուրբը առաւօտեան եւ երեկոյեան որոշուած ժամերուն, ներկայ գտնուեցաւ Թեսաղոնիկէի ազգ. գերեզմանատուն եւ գերեզմանօրհնէք կատարեց։
Յայտնենք, որ Ուրբաթ՝ 16 եւ Շաբաթ՝ 17 Օգոստոս 2019ին, եկեղեցւոյ սպասաւորներն ու Թեսաղոնիկէի «Ս. Աստուածածին» եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան անդամուհիներն ու շատ մը կամաւոր անհատներ, նախապատրաստական աշխատանքներու սկսան տօնի նախօրեակին՝ եկեղեցին առաւել եւս պայծառացնելու եւ զարդարելու, ինչպէս նաեւ խաղողօրհնէքի պատրաստման գործերը ամբողջացնելու։
Նաեւ, հաւատացեալներուն կողմէ փոխան խաղողի նուիրատուութիւններ եղան։
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը նշուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը նշուեցաւ Թեսաղոնիկէի մէջ