­Կի­րա­կի, 13 Օ­գոս­տոս 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ մա­տու­ցո­ւե­ցաւ Ս. եւ Ան­մահ ­Պա­տա­րագ, մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­կե­ղեց­ւոյս սպա­սա­ւոր­նե­րուն եւ ներ­կա­յու­թեամբ շրջա­նիս միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն եւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն:
­Պա­տա­րա­գը մա­տու­ցեց եւ յա­ւուր պատ­շա­ճի քա­րո­զեց շրջա­նիս հո­գե­ւոր հո­վիւ Ե­ղիա աբղ. ­Մալ­խա­սեան: ­Հայր ­Սուր­բը քա­րո­զի սկիզ­բը ամ­փոփ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց ­Մա­րիամ Աս­տո­ւա­ծա­ծի­նի կեան­քը, ա­պա եր­կու կէ­տե­րով փո­խան­ցեց օ­րո­ւայ պատ­գա­մը: ­Նախ խօ­սե­ցաւ հնա­զան­դու­թեան մա­սին, այլ խօս­քով հնա­դան­դիլ Աս­տու­ծոյ խօս­քին ու կա­տա­րել Ա­նոր կամ­քը: Երկ­րորդ կէ­տին մէջ խօ­սե­ցաւ թէ ինչ ձե­ւով կա­րե­լի է ­Յի­սուս Ք­րիս­տո­սի խօս­քը մեր կեան­քին մէջ գոր­ծի վե­րա­ծել:
­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, բո­լոր ե­կե­ղեց­ւոյ սպա­սար­կող­նե­րը բարձ­րա­ցան Ս. ­Խո­րան, ուր ­Հայր սուր­բին նա­խա­գա­հու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ խա­ղո­ղօրհ­նէք: Ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք, ներ­կայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը Ս. Ա­ւե­տա­րա­նը համ­բու­րե­ցին եւ ա­պա ­Տիկ­նանց միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րու կող­մէ ստա­ցան օրհ­նո­ւած խա­ղող:
­Յայտ­նենք նաեւ, Աս­տո­ւա­ծած­նայ ­Վե­րա­փոխ­ման նա­խօ­րեա­կին, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց ­Միու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րը, Ուր­բաթ, 11 Օ­գոս­տոս 2023-ի ա­ռա­ւօ­տեան, հա­մախմ­բո­ւե­ցան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ե­կե­ղեց­ւոյ բա­կը, ուր խա­ղո­ղօրհ­նէ­քի նա­խա­պատ­րաս­տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րը կա­տա­րե­ցին, ինչ­պէս նաեւ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րէ ստա­ցան խա­ղող եւ նիւ­թա­կան նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն­ներ:
Իսկ, յա­ջորդ օ­րը, նկա­տի ու­նե­նա­լով ­Մե­ռե­լո­ցի յի­շա­տա­կը, ­Հայր սուր­բը գտնո­ւե­ցաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի ազգ. գե­րեզ­մա­նա­տուն, ուր գե­րեզ­մա­նօրհ­նէք կա­տա­րեց բո­լոր ննջե­ցեալ­նե­րու հո­գի­նե­րուն հա­մար:
Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն բո­լոր նո­ւի­րա­տու­նե­րուն եւ ­Տիկ­նանց միու­թեան վարձ­քը կա­տար: ­Բո­լո­րին ուխ­տը ըն­դու­նե­լի ըլ­լայ:

ԹՂԹԱԿԻՑ