Սմբատ Վրդ. Սապունճեան
Հինգշաբթի՝ 23 Փետրուար 2017ին, երեկոյեան ժամը 5։30ին, Յունահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան, Ազգային Վարչութեան ներկայացուցիչ Տիկին ՎերաՊլեճեան, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան եւ Թաղական Խորհուրդի անդամներ ուղղուեցան դէպի Սերրէս՝ նշելու համար Ս. Վարդանանցի տօնը սերրէսահայ համայնքին հետ։ Սրբազան Հայրը սիրով ողջունեց սերրէսահայ համայնքի զաւակները։ Մտերմիկ զրոյցէ մը ետք, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութեան արարողութիւն՝ Վարդանանց տօնին առիթով, ապա՝ Սրբազանը իր պատգամը ուղղելով՝ ըսաւ.- «Հայ ժողովուրդը վարժուած է իր կեանքի գնով պաշտպանելու իր գոյութիւնը, իր ինքնութիւնը, իր պապերէն ժառանգած հաւատքն ու հայրենիքը։ Նոր սերունդները անգամ ժառանգորդներն են մեր հերոս նախահայրերու անպարտելի ոգիին եւ որուն վկայութիւններէն մէկն է ձեր, Յունաստանէն ներս, Սերրէս քաղաքին մէջ, իրագործած հայպահպանման ճիգը, որուն շնորհիւ ստեղծած էք եկեղեցի եւ սրահ՝ համախմբուելու եւ փոխանցելու նոր սերունդին մեր հերոսներուն եւ նախահայրերուն սրբազան ժառագութիւնը»։ Ապա՝ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն ի պատիւ Սրբազան Հօր, որմէ ետք խումբը վերադարձաւ Թեսաղոնիկէ։
Հանդիպում Թեսաղոնիկէի մէջ
Ուրբաթ՝ 24 Փետրուար 2017ի ժամը 21։00ին, «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում Յունահայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեանի եւ Թեսաղոնիկահայ համայնքէն ներս գործող միութիւններուն միջեւ։
Բացման խօսքը կատարեց Վահրամ Սրկ. Պէքթաշեան, որ յանուն Թաղական Խորհուրդին՝ Սրբազան Հօր մաղթեց բարի առաքելութիւն, առաւել եւս իր ծառայութիւնը մատուցելով Յունահայոց Թեմի զաւականերուն։ Ապա՝ համայնքի հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր։ Հայր Սուրբը դպրեվանքեան օրերը որպէս օրինակ յիշելով հաստատեց, թէ Սրբազան Հայրը իր նոր առաքելութեամբ հոգեւոր մթնոլորտով պիտի ծաղկեցնէ յունահայոց եկեղեցական կեանքը։ Ապա՝ Սրբազան Հայրը Վեհափառ Հօր ողջոյնները փոխանցեց ներկաներուն։ Սրբազանը սրտի խօսքը սկսաւ յետդարձ մը կատարելով իր Թեսաղոնիկէի մէջ ծառայութեան օրերուն՝ խոստանալով, որ նոյն այդ ոգիով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւը։ Սրբազան Հայրը իր առաքելութեան մեկնակէտն ու նպատակը ամփոփեց մէկ բառի մէջ. «Ծառայութիւն»՝ անոր իմաստը մարմնաւորելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի առաքելութեամբ, որն է Ծառայութիւն՝ Հայ Ազգին։
Ապա՝ մտերմիկ մթնոլորտը սիրոյ սեղանին շուրջ իր աւարտին հասաւ, երբ Սրբազան Հայրն ու Հայր Սուրբը դպրեվանքի աւանդութեան համաձայն «Պահապան ամենայնի» աղօթքը աղօթեցին եւ «Հրեշտակ Զուարթուն» երգելով բարի գիշեր մաղթեցին բոլորին։