Չորեքշաբթի 24 Ապրիլ 2019-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Գալամա-թայի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ Ս. պատարագ հայ ժողովուրդի Մեծ Եղեռնի յիշատակութեան առթիւ։
Պատարագը մատուցեց Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան։ Ներկայ էին Ազգային Վարչութեան Ատենադպիր պրն. Թագւոր Յովակիմեան, քաղաքապետ պրն. Բանայիոթիս Նիքաս, փոխ նա-հանգապետուհի տիկ. Անտոնիա Պուզա եւ շրջանի հայութիւնը։ Ներկայ էր նաեւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յունաստանի Յանձնախումբին կողմէ ընկ. Խաչիկ Խաչատուրեան: Խորանին վրայ ծառայեցին Բարշ. Կարօ սրկ. Քէօսէեան եւ դպրաց դասէն անդամներ։ Տ. Պարէտ Քահանայ իր քարոզին նիւթը ընտրած էր.- «Նահատակք կենդանիք սիրողք Քրիստոսի» տողը։ Ան պատմական անդրադարձ կատարեց հայ ժողովուրդի պատկանելիութեան գիտակցութեան ու հաւատքի զօրութեան մասին։ Մեր ժողովուրդին մօտ այդ երկուքը զգացում, ճառախօսութիւն կամ լոկ ապրում չէին։ Այլ կեանք, իմաստ ու նպատակ։
Ս. պատարագի վերջաւորութեան քահանայ հայրը կատարեց նաեւ Մեծ Եղեռնի զոհերուն նուիրուած նախատօնակը։
Ապա խօսք առաւ Գալամաթայի Թաղային խորհուրդի անդամ տիկ. Վարսէնիկ Գալստեան։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ յայտնեց, թէ հայութեան համար Ապրիլ 24ը յատկանշական օր մըն է։ Այդ օր ողջ հայութիւնը կը յիշատակէ 1915ի Մեծ Եղեռնի անմեղ զոհերը եւ կը շարու-նակէ պահանջել իր արդար իրաւունքը։
Ուստի, Գալամաթայի հայութիւնը եւս, որպէս մէկ մասնիկը պատուական հայ ժողովուրդին կը միանայ իր հարազատներու կանչին։
Ետքը, եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղի ունեցաւ դափնեպսակի զետեղում։ Քաղաքապետ պրն. Նիքաս խօսք առնելով գնահատեց հայ ժողովուրդը, որ 104 երկար տարիներ կը շարունակէ իր գոյատեւման ու միեւնոյն ժամանակ պահանջատիրութեան պայքարը։ Ան ուրախութեամբ յայտնեց, թէ քաղաքապետարանի համաձայնութեամբ ի մօտոյ եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող «Ֆրանկուլիաս» հրապարակին վրայ պիտի զետեղուի հայկական խաչքար մը, ի յիշատակ Հայ ժողովուրդի Մեծ Եղեռնին։
Ապա եկեղեցւոյ դիմացի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք մը։ Պրն. Թագւոր Յովակիմեան հրաւիրուեցաւ իր խօսքը ուղղելու։ Ան ամփոփ կերպով անդրադարձաւ 1915 թուականի Հայ ժողովուրդի ապրած ու տարապած Ցեղասպանութեան ու անոր ցաւալի արդիւնքին մասին։
Բազմաթիւ հայեր բռնի կերպով տեղահան եղան իրենց օճախներէն եւ բռնեցին գաղթի անորոշ ճանապարհը։ Շատեր սպաննուեցան, շատեր մահացան իսկ մնացեալները կիսամահ հասան օտար ափեր։
Բայց այս բոլորով հանդերձ, հայկական ազգային ոգին ու տոկուն կամքը վերապրեցուց հայ ժողովուրդը։ Եւ մենք այսօր վկաներն են մեր անցեալին ու ճանապարհը նոր ապագային։ Այսօր Յունաստանի մէջ ապրող հայութիւնը կը նշէ Մեծ Եղեռնի յիշատակը, միաժամանակ իր զաւակներուն կը փոխանցէ պահանջատիրութեան ոգին ու ազգային գիտակցութիւնը։
Մեծ Եղեռնի նուիրուած եկեղեցական արարողութեան ու հաւաքի աւարտին, ներկայ հայորդիները հոգենորոգ տրամադրութեամբ եւ վերանորոգ ուխտով վերադարձան իրենց բնակարանները։
ԹՂԹԱԿԻՑ