Այս տարի եւս, Գոմոթինիի մէջ նշուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ հայրապետի տօնախմբութիւնը, նախագահութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր։ Այս առիթով, տեղի ունեցան զանազան միջոցառումներ, որոնք կը ներկայացնենք ստորեւ։
Աղի օրհնութիւն
Ուրբաթ՝ 6 Դեկտեմբեր 2019ին, Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ, տեղի ունեցաւ աղօրհնէք՝ ձեռամբ Արտաւազդ վրդ. Շարոյեանի։ Հայր սուրբը ներկաներուն բացատրեց աղի իմաստը եւ նշանակութիւնը մեր քրիստոնէական հաւատքին մէջ, ինչպէս նաեւ թելադրեց՝ իրենց կեանքին պահակները դառնան եւ հեռու մնան ամէն տեսակի աշխարհիկ մեղքերէն, որոնք հոգիին սպիտակութիւնը կը կորսնցնեն ու կը սեւցնեն զայն։ Խօսքը աւարտելէն ետք, Տիկնանց միութեան անդամները լծուեցան մատաղի պատրաստութեան։
Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ՝ յունաց Ս. Նիկողայոսի տօնակատարութիւն
Ուրբաթ՝ 6 Դեկտեմբեր 2019ին, Ս. Նիկողայոս տօնին առթիւ, Ալեքսանտուպոլսոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագի հանդիսաւոր տօնակատարութիւն։
Սոյն պաշտօնական տօնակատուրութեան ներկայ գտնուեցաւ Յունաստանի նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոբուլոս, ինչպէս նաեւ Ալեքսանտուպոլսոյ Անթիմոս Մետրոպոլիտի յատուկ հրաւէրով, մասնակցեցաւ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. խաչերեան։ Առաջնորդ Սրբազան հօր կ՚ընկերանար Առաջնորդական փոխանորդ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան։
Այս առթիւ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ հայր սուրբը պատարագէն ետք ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան նախագահի հրատարակած գիրքի շնորահանդէսին, որմէ ետք սեղանակից եղան նախագահին եւ պաշտօնական հիւրերուն ի պատիւ տրուած ճաշկերոյթին։
Նոյն օրը յետմիջօրէին, առաջնորդ Սրբազան հայրը եւ հայր սուրբը մետրոպոլիտին այցելեցին եւ յուշանուէր մը յանձնեցին, առ ի գնահատանք եւ շնորհակալութիւն իր ցուցաբերած եղբայրական սիրոյն հայ ժողովուրդին հանդէպ եւ ցուցաբերած ջերմ ընդունելութեան՝ յատկապէս շրջանի հայութեան համար:
Հոգեհանգիստ եւ դափնեպսակի զետեղում
Շաբաթ՝ 7 Դեկտեմբեր 2019ին, Գոմոթինիի «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Յունաստանի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. խաչերեանի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր պաշտօն 1988ի Հայաստանի երկրաշարժի աղետալի զոհերու հոգիներուն համար։ Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ֆադէյ Չարչօղլեան, ինչպէս նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան եւ ատենադպիր Թագւոր Յովակիմեան ու Գոմոթինիի Թաղային խորհուրդի ատենապետ Ստեփան Մատթէոսեան։ Աւարտին, Սրբազան հայրը խօսքը ուղղելով ըսաւ.- «Որքան որ մեր ազգին բոլոր նահատակներուն, զոհերուն եւ յատկապէս երկրաշարժի զոհերուն հոգեհանգստեան պաշտօն կատարելը քրիստոնէական հաւատքի արտայայտութիւն եւ ազգային պարտականութիւն է՝ միաժամանակ վերապրումի կանչ եւ կամք է։ Հետեւաբար, ֆիզիքական կորուստներ կրնան ըլլալ, սակայն ոգին է կենդանարար եւ սերունդներուն վերապրումը նահատակներուն եւ զոհերուն վերապրումն իսկ է»։
Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ այս առթիւ տեղադրուած սգաբեմին առջեւ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը կատարեց դափնեպսակի զետեղում, ապա տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն։
Գոմոթինիի Մշակութային միութեան «Ուրարտու» պարախումբը ներկայացուց օրուայ առթիւ պատշաճ պարերու փունջ մը։ Նոյն օրուայ երեկոյեան, պաշտօնական հիւրերը եւ հաւատացեալ ժողովուրդը ներկայ գտնուեցան Տիկնանց միութեան պատրաստած ճաշկերոյթին։
Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի տօնակատարութիւն Գոմոթինիի մէջ
Կիրակի՝ 9 Դեկտեմբեր 2019ին առաւօտեան, սկիզբ առաւ Ս. եւ անմահ պատարագը։ Պատարագիչն էր Առաջնորդ Սրբազան հայրը։ Պատարագին ներկայ գտնուեցան Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը, Ազգային վարչութեան ատենապետն ու ատենադպիրը, ինչպէս նաեւ շրջանի քաղաքապետը, երեսփոխանները եւ պետական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։ Իր քարոզին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը, անդրադառնալով Գոմոթինիի մէջ Ս. Յակոբի հրաշագործ հնամեայ աւանդութեան, թելադրեց կառչած մնալ եւ պահպանել աւանդութեան ընդմէջէն մեզի փոխանցուող հաւատքին։
Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը ուրախութեամբ յայտարարեց, Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ հոգեւոր հովիւ Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեանի նոր պաշտօնը՝ որպէս Յունաստանի թեմի առաջնորդական փոխանորդ։
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէք։ Պատարագէն ետք Առաջնորդ Սրբազան հայրը, Ազգային վարչութեան անդամները եւ Գոմոթինիի Թաղական խորհուրդի անդամները, շնորհաւորութիւններ ընդունեցին շրջանի մետրոպոլիտին եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններուն կողմէ՝ եկեղեցւոյ սրահէն ներս։
Վերջապէս, Թաղականութեան հրաւէրով, ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան օրուան պաշտօնական հիւրերը՝ ուխտաւոր հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ։ Սոյն ճաշկերոյթին նաեւ ներկայ էին երեք շրջաններու (Գավալա, Ալեքսանտրուպոլիս, Քսանթի) թաղականութեանց անդամները, միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ ժողովուրդը։ Բացման խօսքը կատարեց Յովհաննէս վրդ. Սաղտըճեան։ Ճաշկերոյթը ճոխացուցին Գոմոթինիի «Ուրարտու» եւ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի մասնաճիւղի «Մասիս» պարախումբերը։ Հայ Գթութեան Խաչի միօրեայ վարժարանի փոքրիկները, իրենց դասատուի՝ Ռուզան Զօհրապեանի առաջնորդութեամբ ներկայացուցին շարք մը ասմունքներ եւ խլեցին բոլոր ներկաներուն ջերմ գնահատանքը։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ նշեց, թէ այս փոքրիկ երեխաները, որոնք պարեցին, երգեցին եւ արտասանեցին՝ անո՛նք են մեր յոյսն ու ապագան։ Այնքան ատեն, որ ապագայ ունինք կը նշանակէ՝ կանգ ու կը գոյատեւենք։ Սրբազան հայրը գնահատեց բոլոր անոնց, որոնք ոչ մէկ ճիգ եւ միջոց կը խնայեն պատրաստելու համար այս նոր սերունդը, նկատի ունենալով Հայ Գթութեան Խաչի մասնաճիւղը, Թաղային խորհուրդը եւ մշակութային միութիւնը, դպրաց դասը եւ եկեղեցւոյ տիկնանց յանձնախումբը, թելադրելով Թրակիոյ մնացեալ եկեղեցիներու պատասխանատու խորհուրդներուն՝ իրենք եւս պատրաստեն Տիկնանց յանձնախումբերու համար անդամուհիներ։ Աւարտին, գոհունակութեամբ եւ գնահատանքով անդրադառձաւ շրջանի երկու հոգեւոր հովիւներու կատարած ջանքերուն՝ եկեղեցական եւ ազգային գործերուն մէջ։ Ի վերջոյ, Առաջնորդ Սրբազան հայրը բոլոր նուիրեալ անձնաւորութիւններուն շնորհաւորեց առանձնաբար, քաջալերեց, օրհնեց անոնց աշխատանքը եւ մաղթեց բոլորին ծաղկուն օրեր։
Թղթակից