28 Մայիս 1966-ին, իր յոգնաբեկ աչքերը փակեց յունահայ գաղութի երախտաւոր մը, Սօս-Վանին (աւազանի անունով՝ Կարապետ Յովհաննէսեան)։
Յունահայ իրերայաջորդ սերունդները անոր կը պարտին հայեցի կրթութեան, հայ գիրի ու դպրութեան լուսաւոր ճաճանչումները, որոնք Սօս-Վանին, որպէս ուսուցիչ եւ անփոխարինելի դաստիարակ, տարածեց հայորդիներուն։ Անկէ անդին, ան որպէս գրագէտ եւ հեքիաթագիր, բազմաթիւ գրական գործեր թողեց իր ետին, որոնց մէջ կ՚արտացոլայ հայ հողի ու երկինքի ուժը, հայոց լեզուի նրբաճաշակ գունաւորումներով եւ ճարտարութեամբ։ Մեծ եղաւ նաեւ Սօս-Վանիի հանրային եւ կուսակցական նուիրումը, մանաւանդ յունահայ գաղութի կազմաւորման առաջին տասնամեակներուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սօս-Վանիի մահէն որոշ ժամանակ յետոյ՝ Մարգար Շարապխանեանի ստորագրութեամբ կենսագրական գրութիւնը, որպէս նուազագոյն տուրք մեծ ուսուցիչի ու մտաւորականի անմառ յիշատակին։
Ուսուցիչը՝ որ քառասուն օր առաջ հողին յանձնեցինք, կը պատկանէր այն անձնուրաց սերունդին, որ իր բովանդակ կեանքը նուիրեց՝ մեր աննման ժողովուրդի զաւակները ազգային շունչով դաստիարակելու եւ անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ, Հայկազեան անմահ ոգին միշտ վառ եւ արթուն պահելու համար:
Գրագէտը՝ որ դժբախտութիւնն ունեցանք քառասուն օր առաջ կորսնցնելու, մաս կը կազմէր՝ հայրենաշունչ ոգիով տոգորուած այն սերունդին, որ համակ սէր ու պաշտամունք զգաց հայրենի աշխարհի հողին ու ջուրին, քարին ու ձորին ու… հայկական աւանդութիւններուն հանդէպ:
Եւ վերջապէս, այն հանրային մարդը՝ որ քառասուն օր առաջ մեզմէ յաւէտ բաժնուեցաւ, հայրենի գաւառէն սկսեալ մինչեւ այս հիւրընկալ ափերը, ճիշդ կէս դար, խղճմտօրէն ծառայեց՝ հայ դպրոցին ու դպրութեան. շունչ ու մելան սպառեց, հոգի ու միտք մաշեցուց, սերունդներ հասցուց եւ հատորներ դիզեց… եւ այսպէսով կարողացաւ իր անունը յաւերժացնել ու յիշուիլ հարիւրաւոր աշակերտներու եւ հազարաւոր ազգակիցներու հոգիներուն մէջ:
Այժմ, լռած է հայրենասէր ուսուցիչը, լռած է գիւղապաշտ գրագէտը, լռած է նաեւ հայրենակարօտ նուիրեալը:
Սօս-Վանիի մահուան քառասունքին առթիւ, իր աշխարհացրիւ աշակերտներն ու աշակերտուհիները, խոր յարգանքով կը վերյիշեն իրենց սիրելի գրագէտ-ուսուցիչին՝ յաւէտ անմոռանալի անունը, իր հայրենաշունչ հեքիաթներն ու իր իմաստալից աւանդութիւնները, որոնք անջնջելիրօրէն դրոշմուած կը մնան ամէն աշակերտի հոգիին մէջ:
Մենք, անձնապէս, բախտը ունեցանք իր հայրենապաշտ շունչին տակ դաստիարակուելու եւ իր հայադրոշմ դասաւանդութիւններէն օգտուելու: Հոս պէտք է յիշենք, թէ Սօս-Վանին, որպէս հայրենասէր գրագէտ ու դաստիարակ, մեր պատանեկութեան առաջին տարիներուն, ըլլայ վարժարանէն ներս, ըլլայ վարժարանէն դուրս, մեծ տպաւորութիւն ձգած էր մեր պարմանի սրտին մէջ: Եւ այդ առաջին տպաւորութիւնները, իր դառնաղէտ մահէն ետք ալ, մինչեւ այսօր, կը մնան մեր, այժմ երիտասարդ, սրտին մէջ:
Ուսուցչական ասպարէզին մէջ, հակառակ իր ունեցած դառնութիւններուն (քիչեր հասկցան Սօս-Վանին) տարիներ ետք, երբ իմացաւ թէ մենք ալ այդ «ապերախտ» բայց նուիրական գործին ենք լծուած, իր գոհունակութիւնը եւ ուրախութիւնը յայտնեց ու զանազան օգտաշատ խրատներ տուաւ՝ տարիներու իր հարուստ փորձառութենէն: Ալեհեր ուսուցիչ-գրագէտի մը հոգիէն բխած, հայրական յորդորներ՝ որոնք կը ջանանք գործադրել մեր ընդգրկած ասպարէզին մէջ:
Ճերմակին ճերմակ ու սեւին ալ սեւ ըսող ուսուցիչ-մարդ մըն էր ան, որ չէր հանդուրժեր մարդոց խաղերուն: Եւ այսպէս ալ մնաց մինչեւ իր մահը՝ ուղիղ եւ անխորտակ նկարագրով:
Կենսագրական գիծեր
Բուն անունն էր Կարապետ Յովհաննէսեան: Ծնած էր Վան՝ 1895-ին, Շատախ գաւառի Թաղ գիւղը, Տիգրիս գետի ափերուն մօտ: Իր նախնական կրթութիւնը ստացած էր գիւղին եւ Աղթամարի Ժառանգաւորած վարժարաններուն մէջ:
Ժառանգաւորաց վարժարանի տեսչութիւնը զինքը ղրկած էր Վանի Կեդրոնական վարժարանը, ուր երկու տարի կարդալէ ետք, անցած էր Ատաբազար եւ արձանագրուած էր տեղւոյն Կեդրոնականին մէջ, որուն շրջանը աւարտած էր 1913-ին, վարժարանի բոլոր ուսուցիչներու գնահատանքին արժանանալով: Նոյն տարին, հրաւիրուած էր Ատաբազարի «Ստեփանեան» վարժարանին մէջ պաշտօնավարելու որպէս հայերէնի ուսուցիչ:
1915-ին կը ձերբակալուի ու կը բանտարկուի: Տաժանագին եւ անպատում տանջանքներու կ’ենթարկուի…: Ծեծ, բանտ ու շաբաթներով անօթի կը մնայ: Հրաշքով կ’ազատի մեռելներուն մէջէն ու կը փախչի Էսկիշէհիր եւ ապա Գոնիա:
1919-ի սկիզբը, վերստին կ’երթայ Ատաբազար, ուր մինչեւ 1920, որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Ազգային վարժարաններուն մէջ:
Քեմալական շարժման ընթացքին կը փախչի Պոլիս, անկէ կ’անցնի Պանտրմա՝ որպէս ուսուցիչ:
Վերջապէս, Փոքրասիական Աղէտէն ետք, կը թողու իր պաշտած հայրենի աշխարհը եւ ուրիշ գաղթականներու հետ կը հաստատուի Հիւսիսային Յունաստան: Հոս եւս, Սօս-Վանիի գլխաւոր զբաղումը կ’ըլլայ ուսուցչութիւնը: Որպէս հայերէնի եւ Ազգային պատմութեան ուսուցիչ կը պաշտօնավարէ Հիւսիսային Յունաստանի կարգ մը հայահոծ քաղաքներուն մէջ,- ինչպէս՝ Թեսաղոնիկէ, Գավալա, Ալեքսանդրուպոլիս, Տրամա, եւ այլն, ուր բեղուն եւ ազգօգուտ գործունէութիւն մը կ’ունենայ: Հարիւրաւոր գաղթական պատանիներու եւ երիտասարդներու մեր Մեծասքանչ լեզուն ու փառապանծ պատմութիւնը կը սորվեցնէ եւ իր հայրենաշունչ դասաւանդութիւններով, միշտ արթուն կը պահէ հայկական ոգին, անոնց պանդուխտի սրտերուն մէջ: 1949-ին Սօս-Վանի ընտանեօք կը փոխադրուի Աթէնք ու կը հաստատուի Գոքինիոյ մէջ, ուր կը մնար մինչեւ իր կսկծալի մահը, որ տեղի ունեցաւ Բիրէայի պետական հիւանդանոցին մէջ, 28 Մայիսին, Շաբաթ օր, կարճատեւ հիւանդութենէ մը ետք:
Սօս-Վանի տնօրէնութեան պաշտօններ վարած էր Ֆիքսի եւ Գոքինիոյ Ազգային եւ միացեալ «Զաւարեան» զոյգ վարժարաններուն մէջ, ունենալով հարիւրաւոր աշակերտ-աշակերտուհիներ որոնք, հոս թէ արտասահման եւ Հայաստան միշտ երախտագիտութեամբ պիտի յիշեն իրենց սիրելի տնօրէնին անունը:
Քանի մը տարի առաջ, իր յառաջացած տարիքին բերումով հանգստեան կոչուած էր:
Գրագէտն ու գործը
Սօս-Վանի, Արեւմտահայ գաւառական գրականութեան սակաւաթիւ գիւղագիր-հեքիաթագիրներէն մէկն է, որ իր մշակած երկերուն շնորհիւ, ինքնուրոյն տեղ մը կը գրաւէ հայ գրականութեան մէջ:
Ան, տակաւին աշակերտ՝ աշխատակցած է հայկական զանազան օրաթերթերու եւ ամսագրերու, սիրային քերթուածներ ու կարճ հեքիաթներ գրելով:
Իր գրութիւններուն միակ միջավայրը գիւղն է ու մի՛այն գիւղը, իր միամիտ մարդոցմով, իր գեղատեսիլ բնութեամբ եւ իր չարքաշ… անասուններով:
Իր անդրանիկ գրքոյկը՝ «Հայկական Պարերգներ» տպած է 1912-ին, երբ տակաւին աշակերտ էր Ատաբազարի Կեդրոնական վարժարանին մէջ:
Ցարդ՝ իրմէ լոյս տեսած գործերն են.- «Վահագնածնունդ», 1929 Աթէնք, «Անհատական» 1932 Աթէնք, «Ծամթելս Ծովն ինկաւ», 1935 Աթէնք, «Ճանչնանք մեր հայրենիքը», 1938 Աթէնք, գրուած Վասպուրական Աշխարհի մասին:
Վերոյիշեալ չորս հատորներն ալ տպուած են Աթէնքի «Նոր Օր»ի տպարանին մէջ:
Իսկ քանի մը տարի առաջ, Պէյրութի «Սեւան» հրատարակչականը, լոյս ընծայեց «Այն օրէն ի վեր, այն օրէն ասդին» խորագրով, պատմուածքներու եւ աւանդութիւններու երկու հատորներ, բազմաբեղուն հեքիաթագրին տարած աշխատանքը գնահատելու միտումով:
Անտիպներ
Ասոնցմէ զատ, Սօս-Վանի, ունի բազմաթիւ անտիպ գործեր, որոնք իրարու վրայ դիցուած՝ մեկենասի կը սպասեն:
Յիշենք քանի մը հատը միայն.- «Կանաչենց հարսը» իր միակ վէպը, որ 1953-ին լոյս տեսաւ «Ազատ Օր»ի եւ ապա Փարիզի «Յառաջ»ի մէջ իբրեւ թերթօն: «Աշնանային» պատմուածքներ, գիւղի կեանքէն առնուած, «Սասունական» վիպերգներ, «Ծաղիկներ հայրենի աշխարհէն» աւանդութիւններ եւ շատ մը ուրիշ երկեր:
Ասոնցմէ զատ, ունի նաեւ Հայաստանի լիճերու, լեռներու, ձորերու, ձուկերու, կենդանիներու եւ բնութեան մասին գրուած բազմաթիւ հայրենագիտական գրութիւններ, հեքիաթներ ու աւանդութիւններ, որոնք, ինչպէս ըսինք վերը, բարերարի կը սպասեն, լոյս-աշխարհ գալու համար:
Ո՞վ պիտի ստանձնէ անոնց հրատարակութեան գործը: Ահաւասիկ հարցում մը, որուն պատասխանը պէտք է տան մեր ունեւոր հայրենակիցները:
Աթենահայ խումբ մը երիտասարդ-երիտասարդուհիներ, որոնք բախտը ունեցած էին Սօս-Վանիի աշակերտները ըլլալու եւ անոր հայրենասէր շունչին տակ դաստիարակուելու, իր մահէն քանի մը ամիս առաջ, գեղեցիկ գաղափարը յղացած էին, իրենց սիրելի դաստիարակին ծննդեան 70-ամեակին եւ գրական ու դաստիարակչական գործունէութեան 50-ամեակին առթիւ, յոբելենական հանդիսութիւն մը կազմակերպել, պատուելու համար վաստակաւոր ուսուցիչն ու գրագէտը:
Սակայն անգութ մահը, թոյլ չտուաւ, որ անոնք իրագործեն այդ իսկապէս գեղեցիկ գաղափարը եւ զայն կանխաժամօրէն խլեց՝ խոր սուգի մատնելով իր ազնիւ կողակիցը, հարիւրաւոր աշակերտները ու բազմաթիւ բարեկամներն եւ գաղափարի ընկերները:
Հանգիստ իր յոգնաբեկ ոսկորներուն եւ յարգանք իր քաղցր յիշատակին:
Շ. ՄԱՐԳԱՐ