Հայ Օգնութեան Միութեան տնտեսաւորմամբ Ստեփանակերտի մէջ կը վերակառուցուի «Սօսէ» մանկապարտէզը: Այս մասին «Արցախփրես»ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան քաղաքաշինական պետական տեսչութեան պետ Դաւիթ Աւանեսեան` նշելով, որ 2015ի Օգոստոսէն սկսած են մանկապարտէզի վերակառուցման աշխատանքները: «Այժմ կ՛ընթանան մանկապարտէզի ներքին յարդարման, երեսպատման եւ բակի բարեկարգման աշխատանքները: Վերակառուցման աշխատանքները իրականացնելու համար նախատեսուած է 429 միլիոն 827 հազար դրամ: Մանկապարտէզի շէնքը օգտագործման պիտի յանձնուի այս տարուան Օգոստոսին»,- ըսած է Դ. Աւանեսեան:
Ներկայիս «Սօսէ» մանկապարտէզը կը գործէ ժամանակաւոր կերպով տրամադրուած վայրին՝ Ստեփանակերտի նախկին 6րդ դպրոցի մասնաշէնքերէն մէկուն մէջ: Արմինէ Յարութիւնեանի համաձայն՝ այսօր մանկապարտէզ կը յաճախեն շուրջ 70 երեխաներ: Հ.Օ.Մ. Արցախի Շրջանային Վարչութիւնը, «Սօսէ» մանակապարտէզի շինարարութեան յանձնախումբը եւ Հ.Օ.Մ.ի տարբեր միաւորներ՝ Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի եւ այլ երկիրներու մէջ, կը շարունակեն նախաձեռնել դրամահաւաքներու՝ շինարարութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ աւարտելու նպատակով:
«Սօսէ» մանկապարտէզ
Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզըօգտագործման պիտի յանձնուի Օգոստոսին