9 Փետրուարին կ’ոգեկոչենք մահուան տարելիցը հայոց նորագոյն պատմութեան եզակի հայուհիներէն Սօսէ Մայրիկի, որ իր մարմնաւորած ֆետայական կերպարով եւ յեղափոխական անձնազոհութեան օրինակով՝ ազգային ինքնաճանաչման ու հպարտութեան ոգեւորիչ աղբիւր մը կը հանդիսանայ հայ ժողովուրդի ապրող սերունդներուն համար։
64 տարի առաջ, 9 Փետրուար 1953ին, Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքին մէջ, 85 տարեկան հասակին իր աչքերը առյաւէտ փակեց հայ ազգային-ազատագրական պայքարի դիւցազնուհին՝ Աղբիւր Սօսէն։
Սօսէ Մայրիկ հայ ֆետայական շարժման առիւծին՝ Սերոբ Աղբիւրի (Վարդանեան) կինն էր։ Ծնած էր 1868ին (ըստ որոշ աղբիւրներու՝ 1869ին) Սասուն, Նեմրութ լերան փէշերուն գտնուող Թեղուտ գիւղը, բազմանդամ ընտանիքի տէր Մարգար Դրօ-Աստանտուրի յարկին տակ։
Հազիւ պարմանուհի, 13 տարեկանին, Սասնոյ հայերու աւանդութեան համաձայն, ծնողքը ուզեցին ամուսնացնել Սօսէին։ Բարձրահասակ եւ գեղադէմ՝ Սօսէ ըմբոստացման իր առաջին եւ բախտորոշ քայլը կատարեց, երբ ծնողքին առաջարկած թեկնածուները մերժելով՝ ուզեց իր կեանքը կապել Խչէենց Սերոբի հետ, որուն անձնուիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը ներշնչման աղբիւր դարձած էին յեղափոխական հայուհիին համար։
Ինչպէս Սօսէ ինք հետագային պիտի գրէր իր ինքնակենսագրական գրառումին մէջ՝
«Չխուրի շրջանի Քիւրտերը Ահմատ աղայի եւ Զամախանի ղեկավարութեամբ մեր շրջանները կողոպտելու ելած էին: Այդ օրերը կ’ենթադրեմ, որ 1880 թուականներն էին: Անոնց աչքերը դարձած էին Սերոբենց տան վրայ:
«Սերոբենց տունը կը կոչուէր Մխոյ-Խչոյի տուն: Անոնք հաստատուած էին Սոխուրդ գիւղը, որ կը գտնուէր Նեմրութի տակ: Բազմամարդ տուն մը, ուր Սերոբ իր երեք եղբայրներուն, հօրեղբայրներուն եւ անոնց որդիներուն հետ շէն կը պահէին հարուստ ու նահապետական տունը, որուն գլուխը կանգնած էր Մխէն, Սերոբի մեծ եղբայրը: Իսկ Սերոբը՝ չորս եղբայրներու ամէնէն փոքրը, իր երեք քոյրերուն սիրելին էր:
«Այդ թուականներուն Սերոբը զինուած կը պտըտէր եւ որսորդութիւն կ’ընէր: Ահմատ աղան, իր ուժերուն վստահ, կ’ուզէր կողոպտել Սոխուրդի ոչխարները: Զէնքով դիմադրողը Սերոբն եղաւ: Ահմատ աղան պարտուած՝ հեռացաւ գիւղի սահմաններէն:
«Սերոբի անունը բոլորի շրթունքներուն վրայ էր, բոլորին սիրելի: Անիկա շատ յաճախ կուգար մեր տունը եւ կ’ըլլար եղբայրներուս հետ:
«Սերոբը գեղեցիկ տղամարդ մըն էր, բարձրահասակ, հուժկու եւ արագաշարժ: Վարմունքի մէջ շատ լուրջ եւ խօսքի մէջ խելացի:
«Ես շատ երես առած աղջիկ մըն էի մեր տան մէջ եւ հետեւաբար միշտ կը գտնուէի տղամարդոց մէջ եւ համարձակութեամբ կը խօսէի բոլորին հետ:
«Մեր գիւղէն քանի մը ընտանիքներ կ’ուզէին կանուխէն նշան մը կապել մեր տան հետ, որպէսզի զիս հարս տանին: Ես միշտ համարձակութեամբ կը մերժէի, եւ հօրեղբայրներս ալ իմ կամքը կը կատարէին:
«Անգամ մը հօրեղբայրներս, նորէն կատակով, ուզեցին գիտնալ, թէ ես որո՞ւն հետ նշանուիլ կ’ուզեմ: Այդ օրը Սերոբ ալ եղբայրներուս հետ մեր տունն էր: Ես հօրեղբօրս ըսի.
«-Եթէ նշանուիմ, Սերոբին հետ կ’ուզեմ նշանուիլ: Բոլորն ալ խնդացին: Սերոբն ալ խնդաց: Բայց քիչ յետոյ լրջացաւ, լռեց եւ հաց ուտելէ յետոյ մեկնեցաւ:
«Քանի մը ամիս հազիւ անցած էր այդ խօսքի վրայ, երբ Սերոբի տունէն Մըխէն եկաւ իմ նշանը դնելու: Կատակը լուրջի փոխուեցաւ»:
Այդպէ՛ս, Սօսէի կեանքը կապուեցաւ Սերոբ Վարդանեանին, որ կոչուած էր դառնալու Տարօն Աշխարհի յեղափոխական առիծը եւ հայ ազգային-ազատագրական շարժման մէջ անմահանալու իբրեւ դաշնակցական անդրանիկ հայդուկապետներէն Աղբի՛ւր Սերոբը։
Քրտական եւ թրքական անիրաւութեանց ու շահատակութեանց դէմ հայկական ըմբոստացման առաջին բռնկումներու ժամանակաշրջանն էր, ինչպէս նաեւ՝ ապրուստի ապահովման դժուարին պայմաններու յաղթահարման համար գաւառներէն դէպի Պոլիս հայ գեղջուկներու պանդխտութեան տարիներն էին։ Սոխորդ գիւղի բնակիչ Վարդանեաններու տունը եւս ճաշակեց պանդխտութեան դառնութիւնը, երբ 1890ականներու սկիզբը, կնոջն ու անդրանիկ զաւկին՝ Յակոբին առանձին թողած, Սերոբ գնաց պանդխտութեան։
Ընտանեկան օճախի տնտեսումն ու պաշտպանութիւնը իր ուսերուն շալկելու ծանր հոգը, ի հարկին նաեւ զէնքով ծառացումը քրտական առօրեայ գողութեանց դէմ, Սօսէի մէջ կռանեցին դիմադրականութեան ոգին եւ ան լիովին պատրաստ էր արդէն ֆետայական կեանքին, երբ 1895ին Սերոբ վերադարձաւ պանդխտութենէն։ Պոլսոյ մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան անդամագրուած՝ Սերոբ հայրենի գիւղ վերադարձաւ յեղափոխականի «Տղա՛ք, առանց հացի մնացէք, առանց զէնքի մի մնաք» յորդորով պայքարի դրօշը պարզած։ Ամբողջ Սասնոյ հայութեան առջեւ Սերոբ իր անձին օրինակով ուղի բացաւ։
Սերոբ իր շուրջ հաւաքեց մարտունակ ոգիով երիտասարդներու խումբ մը՝ ուխտելով ինքնապաշտպանութեան զինեալ պայքարի դրօշ բարձրացնել հայութիւնը կեղեքող քիւրտ թէ թուրք հրոսակներու եւ ոստիկաններու դէմ։ Սերոբ ունեցած-չունեցածը ծախեց, զէնք ու զինամթերք ապահովեց եւ կնոջ, երկու որդիներուն եւ իր կազմած դաշնակցական խումբին հետ բարձրացան լեռները։
Սօսէի Ֆետայական գործունէութեան այդ շրջանը լաւագոյնս խտացուած է Հայկական Ազատամարտին նուիրուած ժողովրդական երգի՝ «Գնդակ Որոտաց»ի հետեւեալ երկու տուներուն մէջ.-
Գնդակ որոտաց Նոյեմբեր ամսուն,
Պաշարուած ենք մենք, իմ սիրուն Սօսէ,
Վեր առ մոսինդ, քաջութիւնն հոս է,
Քո սիրած Սերոբի օրհնեալ օրն այս է:
Ձայն տուաւ Սօսէն.- Սերոբ ջան հոս եմ,
Զինուած պատրաստուած, ձայնիդ կը սպասեմ,
Քեզի հետ կռուելու, քո կողքին մեռնելու
Ամէն օր, ամէն ժամ, պատրաստ է Սօսէն:
Միայն երեք տարի տեւեց Աղբիւր Սերոբի ֆետայական գործունէութեան շրջանը, որուն ամբողջ տեւողութեան Սօսէ ոչ միայն կինը, այլեւ զէնքի անբաժան ընկերը եղաւ Տարօնի Առիւծին։ Գիւղէ գիւղ եւ քրտական հրոսակներու թէ թրքական զօրքերու դէմ կռիւէ կռիւ, Սերոբ Աղբիւր յեղափոխութեան բոցով պայքարի հանեց ողջ Տարօնի աշխարհը՝ արժանանալով ժողովրդական ու գուսանական բազում երգերու, որոնց մէջ ըստ արժանւոյն ֆետայի հայուհիի իր տեղը ունեցաւ Սօսէ։
Հայ ազգային-ազատագրական շարժման ոգեշնչող աւանդներէն մէկը եղաւ Սօսէի — իբրեւ յեղափոխական հայուհիի — ամբողջական մասնակցութիւնը ֆետայական կեանքին ու մարտական գործունէութեան։ Սօսէ իր անձին օրինակով յեղաշրջեց ընդհանուր մտայնութիւնը.- Առնուազն Սասնոյ հայութիւնը դեռ պատրաստ չէր հասկնալու եւ ընդունելու, որ հաւասարապէս հայուհին եւս իրաւունք ունէր զէն ի ձեռին կանգնելու կռուի դաշտ նետուած հայ տղամարդու կողքին՝ միասնաբար յառաջ մղելու համար Հայաստանի եւ հայութեան ամբողջական ազատագրութեան պայքարը։
Աւելի՛ն. կը տիրէր այն մտայնութիւնը, որ ֆետայական շարժման բարոյական օրէնքներով՝ ֆետային պէտք չէ ամուսնանար, իսկ եթէ արդէն ամուսնացած էր՝ ընտանիքին հրաժեշտ պէտք է տար ու անմնացորդ նուիրուէր ազգի ազատագրութեան պայքարին։
Իբրեւ իր ատենի ֆետայական շարժման անվիճելի առաջնորդը՝ Աղբիւր Սերոբ իր իսկ զինուորներուն կողմէ քննադատուեցաւ Սօսէն ու զաւակները իր կողքին պահելու որոշումին համար։ Բայց զուր անցան ֆետայական կեանքէն բաժնուելու եւ զաւակներու հոգատարութեան նուիրուելու իմաստով Սօսէին ուղղուած նոյնիսկ սրտցաւ յորդորները, որովհետեւ Սօսէ որքան կին էր ու մայր, նոյնքան եւ ֆետայի էր ու իբրեւ այդպիսին մնաց մինչեւ 1899ի այն սեւ ու մուր օրը, երբ Սերոբ հայ դաւաճանի մատնութեան զոհ գնաց. ծխախոտով զինք թունաւորեց հայ մատնիչ մը, որուն ցուցմունքով Պշարէ Խալիլի գլխաւորած թուրք ու քիւրտ զօրքը փութաց պաշարելու Սերոբն ու անոր խումբը։
Սերոբ եւ Սօսէ թագստոց ընտրած էին Գեալիգիւզան գիւղը։ Սերոբի գլխուն համար թրքական իշխանութեանց խոստացած պարգեւներէն շլացած՝ հայանուն մատնիչ-դաւաճան մը ոչ միայն իշխանութեանց տեղեկացուց Աղբիւրի թագստցոցը, այլեւ՝ իբր թէ բարեկամաբար հիւրընկալելով Սերոբը, անոր հրամցուցած ծխախոտին մէջ թոյն խառնելով անշարժութեան մատնեց Տարօնի Առիւծին։ Այնուհետեւ՝ թուրք զինուորները իրենց յարձակումը գործեցին։ Սերոբ անոյժ էր դիմադրելու համար, բայց Սօսէ, անդրանիկ զաւակը՝ Յակոբ եւ երկու եղբայրները՝ Զաքար ու Մխօ հերոսաբար կռուեցան անարգ թշնամիին դէմ։ Սերոբ, զաւակը եւ երկու եղբայրները սպաննուեցան. ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ նաեւ Սօսէ։
Պշարէ Խալիլ եւ իր զինուորները կտրեցին արդէն սպաննուած Սերոբի գլուխը, բայց թուրք հրամանատարը թոյլ չտուաւ, որ ձեռք տան Սօսէին։ Վիրաւոր Սօսէն նախ ապաքինումի տարուեցաւ եւ ապա բանտ նետուեցաւ, բայց կարճ ժամանակ ետք ազատ արձակուեցաւ։ Իսկ փոքր զաւակը տարին քիւրտերը եւ այլեւս չգտնուեցաւ անոր հետքը։
Վերջ գտաւ Սօսէի ֆետայական գործունէութեան շրջանը եւ սկսան աստանդական ու տարագիր կեանքի ծանր տարիները, որոնք հիւսեցին տխուր, դառն ու դաժան պատմութիւնը հայ դիւցազնուհիին։
Աւելի քան յիսուն տարի, Սօսէ Մայրիկ անվհատ վկան ու շրջուն քարոզիչը եղաւ Աղբիւր Սերոբի հերոսական աւանդին ու հայ ազգային-ազատագրական պայքարի յաղթաշունչ երթին։ Գնաց հոն, ուր Դաշնակցութիւնը զինք կանչեց։ Եւ ամէնուր բաժնեկից դարձաւ մեր ժողովուրդին բաժին հանուած տառապանքներուն ու հալածանքներուն՝ դիմադրական կորով ներշնչելով իր շրջապատին։
Առաջին Աշխարհամարտի բռնկման ժամանակ Սօսէ Մայրիկ կը գտնուէր Վան, ուր մասնակից դարձաւ ինքնապաշտպանութեան հերոսամարտին, ինչպէս եւ դէպի Արեւմտահայաստանի խորերը Հայ Կամաւորական Գունդերու յառաջխաղացքին։ Բայց երբ վրայ հասաւ ռուսական զօրքերու նահանջը Արեւմտահայաստանի ազատագրուած շրջաններէն, Վասպուրականի եւ Սասունի գաղթական հայութեան հետ Սօսէ Մայրիկ ինք եւս անցաւ Երեւան, ուր մնաց մինչեւ Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդայնացումը։
Դաշնակցական գործիչներու դէմ մոլեգնած պոլշեւիկեան հալածանքներուն հետեւանքով՝ Սօսէ Մայրիկ անցաւ Պոլիս, ուր շատ կարճատեւ եղաւ իր կեցութիւնը։ Քեմալական վտանգին դէմ յանդիման՝ Սօսէ Մայրիկին թելադրուեցաւ երթալ Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր ան աւելի քան քառորդ դար ապրեցաւ եւ շարունակեց ծառայել իր պաշտած ժողովուրդին՝ հայ ազգային-ազատագրական պայքարի դրօշակիր Դաշնակցութեան ճամբով։
Աղեքսանդրիա իր կեցութեան ամբողջ շրջանին, Սօսէ Մայրիկ ապրեցաւ Հայկ Խանամիրեանի ընտանիքին հետ եւ ամբողջ գաղութին կողմէ արժանացաւ գաղափարական մօր մը վերապահուած յարգանքին ու սիրոյ։
Տարագիր իր կեանքը Սօսէ Մայրիկ լեցուց Երկրի կարօտով ու անխոնջ վկայութեամբը հերոսական այն պայքարին, որուն անսակարկ նուիրուեցաւ իր կեանքին գնով Սասնոյ լեռներուն վրայ, Տարօնի Առիւծին կողքին։
Իր մահէն 45 տարի ետք, 1998ին, Հայաստանի Հանրապետութեան 80ամեակին առիթով, Սօսէ Մայրիկի աճիւնները տեղափոխուեցան հայրենիք, ուր իրենց վերջնական հանգիստը գտան Եռաբլուրի մէջ։
Սօսէի տարագիր կեանքը նաեւ առօրեայ հաղորդութեան առիթ մը եղաւ սփիւռքեան ափերու վրայ կազմաւորուած հայ սերունդներուն համար, որոնք հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի ազատագրութեան ուխտով իրենց կեանքը իմաստաւորեցին ու հունաւորեցին՝ Սօսէ Մայրիկի շունչով, խօսքով եւ օրինակով փարելով Յեղափոխական Հայուհիի անմահական աւանդին։
Սօսէ Մայրիկի մարմնաւորած այդ խորհուրդին նուիրուած է սփիւռքահայ ծանօթ բանաստեղծ Արսէն Երկաթի քերթուածին հետեւեալ վկայութիւնը.
Աղբիւր-Սօսէ.
Ի՜նչ քաղցրութիւն եւ ի՜նչ անպատում հրապոյր,
Ի՜նչ սրբազան հաղորդութիւն ոյժի եւ կախարդանքի,
Քեզ կը բարձրացնէր պատուանդանի մը վրայ՝
Որուն միայն պաշտումով կը հասնէին ձեռքերը մեր,
Ինչպէս դիցուհիի մը՝ կարկառուն
Աղօթամրմունջ զմայլանքով։
Աղբիւր-Սօսէ.
Լոյսի բխում եւ պատգամող սօսափ,
Սիրատոչոր շուշան եւ ատելավառ զայրոյթ,
Ի՜նչ գաղտնիք էր աստուածներէն շնորհուած,
Որ քեզ կեանքին շղթայեց անձանձպոյթ տարիներով.
Ի՜նչ լռութիւն իր բիւրեղը քանդակեց
Քու պանծալի անունիդ շուրջ,
Աղբիւր-Սօսէ…