Մաննիկ Պէօրէքճեան – Աշրեան
Սփիւռքի երկրորդ տարուայ հռչակումը 2023ի սկիզբը, յիշեցուց ինծի նախորդ տարուայ վերջաւորութեան «Աղօթք» յօդուածիս հետեւալ տողերը՝ «Տէր մեր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառին խոր ներշնչումով սատարէ միշտ իր բացառիկ ընտրանքներուն, որպէս զի «Սփիւռքի Տարուայ» վերջաւորութիւնը դառնայ մեր վերածնուող ազգի Նոր Զարթօնքի մը սկիզբը»:
Եւ այո’, Սփիւռքի վերակազմակերպման 2րդ տարի 2023ը հնարաւոր է մեզի առաջնորդել Նոր Զարթօնքի մը, եթէ սփիւռքահայերս, որ մէկ օտար երկրի քաղաքացիներ ալ ըլլանք, ազգայինը գերադասելու գիտակցութեամբ լրջօրէն աշխատինք ամէն տեսակի ոլորտներէն ներս:
Նկատի ունենալով, թէ 50է աւելի երկիրներու մէջ, տարբեր պայմաններ եւ մտայնութիւններ կը դժուարացնեն համախմբումը, ինչպէս նաեւ դասական Սփիւռքի եւ Նոր Սփիւռքի միջեւ, Սփիւռքի վերակազմակերպման համար, համեստ կարծիքս է, հիմնական սկիզբ դնել լուրջ մարդահամարով:
Յստակ է, թէ եթէ ամէն գաղութի ղեկավարները կարողանան մարդահամարով հայերու թիւը, տարիքները, մասնագիտութիւնները ամփոփել, կը յաջողին ներգրաւել հայրենակիցները զանազան կառոյցներու մէջ եւ վերակազմակերպման յաջողութեան ճանապարհ բանալ:
Ծանօթ է, թէ դասական սփիւռքահայը մէկ դարէ աւելի քաղաքական աքսորեալ մըն է, որ իրմէ խլուած հայրենիքը՝ արեւմտահայաստանը, իր սրտին մէջ պահելով, կը ջանայ պայքարիլ մեր ազգային լինելութեան զանազան վտանգներուն դէմ: Գիտենք, թէ օտարութեան մէջ, ազգային դիմագիծը ժամանակի ընթացքին, օրինաչափօրէն կը գունատի, առաւել եւս համաշխարհայնացման ծաւալող քարոզչութիւններու պատճառաւ:
Իսկ, ինչ կը վերաբերի արտագաղթած սփիւռքահայերուն, որ իրենց հողին վրայ ծնած ու մեծցած են, Սփիւռքի դառնութիւնը չեն ճաշակած ու յատկապէս օտար երկրի մէջ ծնած նոր սերունդը, մեծամասնութեամբ կը հաւատան թէ իրենց ապրած երկրի ժողովուրդին պէտք է համարկուին, նոյնիսկ ձուլումի ճամբով, որպէս զի յաջողութեան հասնին:
Ուստի, մարդահամար եւ ծրագրուած քարոզարշաւ հիմնական սկիզբ է դասական եւ նոր Սփիւռքէն ներգրաւել առաւելագոյն թիւով հայրենակիցներ մեր կառոյցներուն մէջ:
Հայակերտումը կը սկսի օրօրոցէն եւ ընտանիքը, հայ վարժարանը, մեր կառոյցները ու մանաւանդ մեր առաքելական սուրբ եկեղեցին, որ դարեր շարունակ եղած է հայապահպանման հիմնական կեդրոնը, կը պարտինք պահել մեր հայութեան անառիկ բերդերը:
Պատանեկութեան շրջանէն մեր զաւակներուն մօտ պէտք է համոզում դառնայ, թէ իրենք հայկական ծագումով օտարներ չեն, այլ հայեր են, որ թէեւ օտար քաղաքացիութիւն ունին, բայց իրենց հայրենիքը միայն Հայաստանն է:
Սփիւռքի վերակազմակերպման հիմնական թիրախն է, ազգային պատկանելիութեան ուժեղ զգացում ստեղծել մայրենի լեզուով, պատմութեամբ, մեր բացառիկ մշակոյթի ծանօթացմամբ:
Միայն տարբեր մտայնութիւններն ու տարակարծութիւնները մէկդի դնելով եւ նոր սերունդը ներշնչելով ազգայինը գերադասելու սկզբունքով, կը յաջողինք «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք» եռամիասնութիւնը լոզունգէ գործնականի վերածել անմիջապէս, ներկայիս շատ լուրջ տիրող պայմաններուն պատճառաւ:
Դժբախտաբար, անցեալի դարերէն բարբարոս թէ քաղաքակիրթ մեծ ուժերու միջեւ կռուախնձոր դարձած մեր հայրենիքը, կրկին վտանգուած է քաղաքական-զինուորական-տնտեսական շահերու հետապնդման պատճառաւ:
Ուստի, այլընտրանք չունինք այս ճգնաժամի պահուն, բացի անմիջապէս հակաստելէ, չեղարկելէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ապազգային ճանաչումը եւ դիմագրաւելով ազգային պառակտումը, փրկել Արցախն ու Հայաստանը երկրորդ ցեղասպանութենէ, ստեղծելով եռամիասնութեան մասնագէտներու եւ յատկապէս դիւանագէտներու կոմիտէ:
Աշխարհասփիւռ մեր ազգի մէջ ոչ մէկ հայ պէտք է հեռու ձգենք ազգայինէն: Հանգուցեալ մեր տաղանդաւոր Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գիրքի սկզբունքին կառչելով, կը պարտինք ամէն մէկս հայը հայուն մօտեցնող «շունը» դառնալ:
Անտարակոյս, ներկայի պայմաններով, ամէն հայ իր հոգին ու միտքը խոցուած եւ յաճախ աչքերը արցունքոտած, ազգի ապագայի պարագայով յուսալքուած, կը տանջուի: Հասկնալի է անշուշտ այս հիասթափութիւնը:
Սակայն ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ:
Ցեղասպանուած ու յարուցեալ մեր ազգը ընկճելու ի վիճակի ուժ չկայ աշխարհի վրայ:
Մենք «անկարելիին ազգն ենք» ինչպէս ըսած է Ֆրանց Վերֆէլ:
Պիտի չթոյլատրենք, որ Թալէաթ փաշայի «մէկ հայ մնայ թանգարանի համար» թիրախը իրականանայ:
Ինչ որ Թուրքի եաթաղանով չյաջողեցաւ, այսօր ալ թուրք ազերիական գործակցութեամբ պէտք չէ յաջողի:
Մեր ազգային երթը պիտի շարունակենք նոր թափով, հայու անկոտրում կամքով ու Սարտարապատի յաղթական անպարտելի ոգիով: Անշուշտ, աւելի քան երբէք հետեւելով Եղիշէ Չարենցի անմոռանալի ուղղութեան՝ «Ո՛վ հայ ժողովուրդ քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է»: