Ապ­րիլ 11ին Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան ըն­դու­նեց յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Ար­քե­պիս­կո­պոս ­Խա­չե­րեա­նը:
Ող­ջու­նե­լով հիւ­րը` Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան կա­րե­ւոր հա­մա­րեց Սրբա­զա­նի նո­ւի­րեալ աշ­խա­տան­քը` որ­պէս հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ ­Լի­բա­նա­նի մէջ եւ այ­սօր ար­դէն ­Յու­նաս­տա­նի մէջ: Ան ­Գե­ղամ Սր­բա­զա­նին ներ­կա­յա­ցուց սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րը, նշեց, որ այս յո­բե­լի­նա­կան տա­րո­ւան, երբ հայ ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան 100, Ե­րե­ւա­նի հիմ­նադր­ման 2800 ա­մեակ­նե­րը, յու­նա­հայ հա­մայնքն ալ ա­ւե­լի պէտք է հա­մախմ­բո­ւի, ա­ւե­լի աշ­խոյժ ու միաս­նա­կան դառ­նայ:
Այ­նու­հե­տեւ անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ նա­խա­րա­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն՝ հա­մայն­քի ա­ռա­ւել աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ: Քն­նար­կո­ւե­ցան յա­ռա­ջի­կայ ը­նե­լիք­նե­րը, հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռանկար­նե­րը:
­Յու­նա­հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նոր­դը պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նեց ա­ջակ­ցե­լու նա­խա­րա­րու­թեան ծրա­գիր­նե­րուն եւ ա­ւել­ցուց.- «Ու­րախ եմ հան­դի­պե­լու եւ մեր գնա­հա­տան­քը ­Ձեզ փո­խան­ցե­լու: ­Կը լրա­նայ սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հիմ­նադր­ման 10ա­մեա­կը: Ան­ցած տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հսկա­յա­կան աշ­խա­տանք կա­տա­րուած է` բազ­մա­զան ու բազ­մաբ­նոյթ սփիւռ­քը հա­մախմ­բե­լու եւ միա­ւո­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ. այդ ա­մէ­նը շատ ո­գե­ւո­րող է: ­Մեր պարտքն ու պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւնն են հա­մայն­քը հայ պա­հել, հա­մախմ­բել ու զօ­րաց­նել, ամ­րաց­նել կա­պը ­Հա­յաս­տա­նի հետ: ­Հայ­րե­նի­քի հզօ­րաց­ման ծրա­գիր­նե­րուն օգ­նե­լը մեր պարտքն է»: