Սփիւռքի նախարարութիւնը ծրագրած է 2018ին ձեռնարկել հայրենադարձութեան մասին հայեցակարգի ու նաեւ օրէնքի մշակման: Այս մասին տեղեկացուց սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան՝ պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցին, թէ արդեօք իրատեսական կը համարէ՞ նախագահ Սերժ Սարգսեանի 2040ին 4 միլիոն բնակիչ ունենալու տեսլականը:
Յակոբեան յայտնեց, որ պէտք է մանրակրկիտ ուսումնասիրել, թէ ինչպէ՛ս կարելի է մարդիկ շահագրգռել՝ Հայաստան գալու, այստեղ աշխատելու եւ ապրելու համար:
«Ես կը կարծեմ, որ եթէ հանրապետութեան նախագահը յայտարարած է, ուրեմն նաեւ հաշուարկներ, մօտեցումներ, ճշգրտումներ կատարուած են: Ինչ կը վերաբերի սփիւռքին՝ մեքանիկական աճի առումով, ոչ միայն բնական աճի առումով, մենք 2018 թուականին նախատեսած ենք հայրենադարձութեան նախապատրաստական աշխատանքները, մենք, փաստօրէն, պիտի մշակենք հայեցակարգ, ուսումնասիրած ենք ուրիշներու փորձը, պիտի մշակենք օրէնք հայրենադարձութեան մասին, մասնագիտական հայրենադարձութեան համար կը փորձենք աշխատանքներ իրականացնել»,- ըսած է Յակոբեան:
Ըստ սփիւռքի նախարարին՝ հայրենադարձութեան համար հայրենասիրութիւնը բաւարար չէ: «Մենք պէտք է կարենանք Հայաստանի հնարաւորութիւնները ներկայացնել՝ ի՞նչ կրնանք իրենց առաջարկել, ինչպիսի՞ մասնագէտներու կարիք մենք ունինք, որո՞նց մենք պէտք է հրաւիրենք, պայմաններ ստեղծենք: Եթէ անոնք այնպիսի մասնագէտներ են, որոնք պէտք են Հայաստանին եւ Հայաստանի մէջ նման մասնագէտներ կա՛մ չկան, կա՛մ քիչ են, ի հարկէ, պէտք է մտածել անոնց համապատասխան աշխատավարձ տալու մասին, պայման ստեղծելու մասին, որ մարդը գայ: Միայն հայրենասիրութեան դրդումով գայ, կանգնի փողոցը, ատիկա հայրենադարձութիւն չ’ըլլար: Հետեւաբար՝ որոշ պայմաններ մենք պէտք է առաջարկենք: Իւրաքանչիւր նախարարութիւն պէտք է իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ առաջարկներ ներկայացնէ եւ մենք փորձենք ընդհանրացնել, ի մի բերել: Լուրջ բան է նախապատրաստական, կազմակերպչական աշխատանքները հայրենադարձութեան»:
Սփիւռքի նախարարութիւնը հայրենադարձութեան ծրագիր կը մշակէ
Սփիւռքի նախարարութիւնը հայրենադարձութեան ծրագիր կը մշակէ