Յունիս 26ին սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան ընդունեց Յունաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Թէրենս-Նիկոլաոս Քուիքը:
Շնորհաւորելով նախարար Մխիթար Հայրապետեանը պատասխանատու պաշտօն ստանձնելու առթիւ` Թէրենս-Նիկոլաոս Քուիք նշեց, որ Հայաստանի սփիւռքի եւ Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեանց միջեւ ստորագրուած սփիւռքեան հարցերու շուրջ փոխ-ըմբռնման յուշագիրը գործակցութեան լայն հնարաւորութիւններ կ՛ընձեռէ: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալն ընդգծեց, որ երկու երկիրները ունին պատմականօրէն ձեւաւորուած բարեկամական կապեր, եւ հայ ու յոյն սփիւռքներու գործակցութիւնը կը նպաստէ այդ կապերու առաւել սերտացման: «Մենք լիայոյս ենք, որ այս գործակցութիւնը կ’ընդլայնուի նոր, երիտասարդական գաղափարներով»,- շեշտեց Թէրենս-Նիկոլաոս Քուիք: Շնորհակալութիւն յայտնելով այցի համար` նախարար Մխիթար Հայրապետեան նշեց, որ առկայ են կամք, ոգեւորութիւն եւ դրական եռանդ՝ փոխ-ճանաչողութիւնն ու փոխ-գործակցութիւնը շարունակելու համար: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ սփիւռքի նախարարութեան եւ Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահի արտերկրեայ եւ մարդասիրական հարցերով յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ փոխ-ըմբռնման յուշագիրի առկայութիւնը եւ յոյս յայտնեց, որ երեք պետութիւններու սփիւռքները աշխոյժ կը գործակցին, կը ստեղծուին նոր կամուրջներ, ընդհանուր հարթակներ:
Հանդիպման հեռախօսազանգով միացաւ Կիպրոսի նախագահի մարդասիրական եւ արտերկրեայ հարցերով յանձնակատար Ֆոտիս Ֆոտիուն: Ան ընդգծեց, որ կիպրահայերն աչքի կ՛իյնան իրենց աշխուժութեամբ եւ ազգային դիմագիծով: Կողմերը հանդէս եկան հետագայ սերտ եւ ընդգրկուն գործակցութեան պատրաստակամութեամբ:
Սփիւռքի նախարարը ընդունեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին տեղակալը
Սփիւռքի նախարարը ընդունեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարին տեղակալը