ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ-ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեր նորագոյն պատմութեան ամենամեծ իրագործման՝ Հայաստանի պետականութեան վերականգման հարիւրամեակի շեմին, պատեհ առիթն է, որ արժեւորենք մեր համազգային կացութիւնը, կարեւոր ձեռքբերումները եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրները:
Կասկած չկայ, որ ազգովին կը դիմագրաւենք մեր լինելիութեան սպառնացող մարտահրաւէրներ: Հայաստանի մէջ անյետաձգելի են փտտախտի եւ մենաշնորհներու դէմ պայքարը, ընկերային ու տնտեսական արդարութեան հաստատումը եւ արտագաղթի կասեցումը: Սփիւռքի մէջ հայութեան խոշոր հատուածներու ուծացումը եւ հայ կեանքի նկատմամբ շատերու անտարբերութիւնը լուրջ մտահոգութիւններ են: Այս բոլորը կ’արգելակեն Հայաստանի ու Արցախի արտաքին վտանգներու առաջքն առնելը, մեր պետութիւնը միջազգային բեմի վրայ կը դարձնեն խոցելի, որովհետեւ աշխարհը լաւ գիտէ, թէ զօրաւոր է այն ազգը ու ինքնավստահ՝ այն պետութիւնը, որ ներքին համերաշխութեամբ ու ընկերային արդարութեամբ գօտեպնդուած պայքար մղելու ամբողջական պատրաստակամութիւնն ունին: Հոս է հիմնական մարտահրաւէրը, որ պէտք է բոլորով դիմագրաւենք՝ շարունակաբար ամրապնդելով անքակտելի այն կապը, որ Հայրենիքն ու Սփիւռքը կը վերածէ մէկ ազդեցիկ ազգային հաւաքականութեան:
Կը գիտակցինք նաեւ, որ այսօր, բոլոր դժուարութիւններէն ու բազմազան ենթակայական եւ առարկայական լուրջ խոչընդոտներէն անդին, մենք կ’ապրինք պատմական աննախընթաց ժամանակահատուածի մը մէջ, երբ Հայաստան անկախացած է, Արցախը՝ ազատագրուած, ջաւախահայութիւնը՝ իր իրաւունքներուն տէր եւ Սփիւռքի գիտակից ու պայքարող տարրը՝ պատնէշի վրայ:
Այդ կազմակիրպ Սփիւռքի մէջ, աշխոյժ ու նպատակասլաց է Հայ Դատի ու քաղաքական կառոյցներու գործունէութիւնը: Այսօր, արտերկրի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ցանցը ու նմանօրինակ կառոյցները աննախընթաց զարգացում կ՚ապրին ու արտաքին աշխարհի մէջ լուրջ հեղինակութիւն կը վայելեն: Մեր ազգային կարեւորագոյն հարստութիւններէն է Հայ Դատի կամաւոր ու արհեստավարժ նուիրեալներու այս աշխարհասփիւռ փաղանգը, հայկական «երկրորդ բանակը», որ կը պաշտպանէ մեր հայրենի պետականութեանց թիկունքը, աշխարհով մէկ կ՚ամրապնդէ անոնց դիրքերը եւ որպէս տարբեր երկիրներու գիտակից քաղաքացիներ կը պահանջէ այդ երկիրներու կառավարութիւններէն ու խորհրդարաններէն հայանպաստ դիրքորոշում եւ մեր հայրենի պետականութեանց գործնական աջակցութիւն: Անոնք կ՚ամբողջացնեն հայկական դիւանագիտութիւնը՝ արտաքին գործերու նախարարութեան, դեսպանատուններու եւ այլ պետական ներկայացուցչութիւններու հետ համագործակցելով եւ աշխատանքը համադրելով:
Այսօր, հայրենի պետականութեանց զօրակցութիւնը առաջնահերթ հարթակն է նորօրեայ մեր Հայ Դատի գործունէութեան չորս մարզերուն, զորս առհասարակ կ՚ամփոփենք հետեւեալ կէտերուն մէջ.-
1) Հ.Հ. եւ Արցախի Հանրապետութիւններու պետական հիմքերու ամրապնդում, անոնց միջազգային վարկի բարձրացում, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի արծարծում ու բանակցութեանց ծիրէն ներս հայանպաստ կեցուածքներու ապահովում եւ Հ.Հ. ու Արցախի արտաքին մարտահրաւէրներու դիմակալման զօրակցութիւն.
2) Ջաւախահայութեան եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութիւն.
3) Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործի շարունակութիւն եւ պահանջատիրութեան հարցի բարձրացում.
4) Սփիւռքի հայութեան ու մանաւանդ՝ երիտասարդութեան քաղաքականացում:
Կեդրոնանալով առաջին կէտին վրայ, որ հայրենի պետականութեանց lobbyingի գործն է, կարելի է նշել կարեւոր յառաջխաղաց ու բազում հնարաւորութիւններ:
Առաջին՝ բաւական ճամբայ կտրած ենք արդէն աշխարհին փաստելու, որ որեւէ ոտնձգութիւն Հայաստանի ու Արցախի նկատմամբ հարուած է ողջ հայութեան, որ պատրաստ է ազգովին ծառանալու ամէնուրեք. աշխարհը այսօր կ՚անդրադառնայ, որ արտերկրի պահանջատէր հայութիւնը պատրաստ է ամէն զոհողութեան՝ ապահովելու համար հայրենիքի անվտանգութիւնը, անոր միջազգային ցանցի ընդլայնումը, այլ երկիրներու հետ յարաբերութեանց սերտացումը եւ երկկողմանի ու բազմակողմանի կապերով տնտեսական զարգացման խթանումը: Բնականաբար Հայաստանի ներքին մթնոլորտի բարելաւումը մեծապէս կը սատարէ արտաքին յաջողութիւններուն, եւ հակառակը՝ ներքին որեւէ ցնցում Հայաստանը կը դարձնէ խոցելի արտաքին ճակատի վրայ ու աշխարհով մէկ տարուող աշխատանքներուն կը հասցնէ մեծ հարուած:
Երկրորդ՝ աւելի համակարգուած ձեւով Հայրենք-Սփիւռք քաղաքական գործակցութիւնը թեւակոխած է նոր ու խոստմնալից հանգրուան, սակայն պարտինք առաւել խթանել համագործակցութեան հնարաւորութիւնները՝ նոր մեթոտներով տեղեկութիւններու երկկողմանի հոսքը ապահովելով, զարգացող կացութիւններու միացեալ գնահատումով եւ դերերու ճիշտ բաշխումով: Ու այս բոլորը՝ փոխադարձ վստահութեամբ ու նոյն առաջնահերթութիւններու վրայ աշխատելով: Գաղտնիք չէ, որ, որպէս Հայ Դատի ոչ-պետական կառոյցներ Սփիւռքի մէջ, մենք ունինք հնարաւորութիւն աւելի կարծր ու համապարփակ կեցուածքներ ճշդելու կարգ մը հարցերու նկատմամբ, ի տարբերութիւն մեր պետական ներկայացուցիչներուն, որոնք առաւել զուսպ կը ներկայանան ու կ՚արտայայտուին միջազգային նորմերու պարտադրած սահմանափակումներու շրջանակէն ներս: Եւ սա լուրջ հնարաւորութիւն է բոլորիս համար զիրար լրացնող պատգամներ, յարաբերական աշխատանքներ ու յայտարարութիւններ դրսեւորելու համար:
Երրորդ՝ պարտինք անմիջապէս նախաձեռնել քարոզչական մարզէն ներս մեր հաւաքական բացթողումներու սրբագրման: Հաղորդակցութիւններու այս դարուն, աններելի են քարոզչական մեքենաներու դանդաղկոտութիւնը, չհամակարգուած ըլլալը, ինչպէս նաեւ՝ կտրուկ եւ ազդեցիկ պատգամներու եւ լոզունգներու յստակ դրսեւորման բացակայութիւնը:
Արհեստավարժ մօտեցումներով ու համակարգուած ձեւով քարոզչական արշաւներու անհրաժեշտութիւնը կարելի չէ անտեսել: Թուրք-ազերիական համակարգուած ու պետականօրէն ֆինանսաւորուած քարոզչական գրոհին պէտք է պատասխանենք նոյնքան արհեստավարժ մօտեցումներով:
Չորրորդ՝ Հայ Դատի աշխատանքները ունին յատուկ քաշողականութիւն սփիւռքահայ երիտասարդութեան համար, նոյնիսկ անոնց պարագային, որոնք այլապէս կապուած չեն հայ կազմակերպ կեանքին: Այս կարողականութիւնը պէտք է լաւապէս օգտագործենք՝ բազմացնենք Հայ Դատի բանակի շարքերը բոլորին հրաւիրելով, որ գոնէ փոքր բաժնով մասնակցին այս սրբազան գործին, հայրենիքին զօրակցութիւնը իրենց բարոյական պարտքը նկատելով:
Սփիւռքի կազմակերպուած, կարգապահ եւ Հայ Դատի նուիրեալ արհեստավարժ ու կամաւոր մեր բանակը բազմաշերտ ու բազմակողմանի պայքար կը մղէ ի նպաստ հայրենիքին եւ մեր ազգային շահերուն, միաժամանակ ազդու կերպով դիմակայելով Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի ու անոնց զինակիցներու շղթայազերծած ու մեծ ֆինանսաւորումով առաջ տարած համաշխարհային հակահայ արշաւին:
Պարտինք ազգովինք զօրակցիլ նաեւ այս երկրորդ բանակին, որպէսզի համահայկական տարողութեամբ շարունակենք մնալ ազդու դերակատար աշխարհի երեսին: Հայ Դատի մեր մարտիկները կը գործեն արտաքին ճակատի վրայ, հեռու սփիւռքեան մանր տարակարծութիւններէն ու հայրենի ներքին քաղաքականութեան վերիվայրումներէն: Մեզի հարկաւոր չեն սփիւռքեան նոր կառոյցներ, այլ եղածը պահպանելու, զարգացնելու եւ շարունակաբար բարելաւելու ձգտումը պէտք է համարուի էական: Այլեւս քանդուած են բաժանարար գիծերն ու պայմանները եւ այսօր աննախընթաց առիթն ունինք համախմբուելու, զիրար լաւապէս ճանչնալու, աշխատանքը համադրելու եւ ազգային առաջնահերթութիւններու մշակումով առաւել ազդու գործ ծաւալելու: Մէկ խօսքով՝ ազգովին բռնցքուելու՝ հայրենիքին սատարելու ու ազգային ազատագրական պայքարը շարունակելու համար: