ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

­Քա­նի մը շա­բա­թէն, ­Սեպ­տեմ­բեր 18ին, Ե­րե­ւա­նի մէջ պի­տի կա­յա­նայ ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք 6րդ ­հա­մա­գու­մա­րը։ ­Մա­մու­լին մէջ ցարդ ե­րեւ­ցած կի­սա­ներ­բո­ղա­կան լրա­տո­ւու­թե­նէն կ’ի­մա­նանք, թէ կ’ակն­կա­լո­ւի «քա­նի մը հա­զար» հո­գիի մաս­նակ­ցու­թիւ­նը եւ թէ այս հա­մա­գու­մա­րին պի­տի քննո­ւի (այ­սինքն… պի­տի յայ­տա­րա­րո­ւի) «հա­մազ­գա­յին խոր­հուրդ»ի մը կազ­մու­թիւ­նը։
Այս յօ­դո­ւա­ծա­գի­րը կ’ու­զէ սկիզ­բէն իսկ յստա­կաց­նել, թէ հայ­րե­նի­քէն դուրս ապ­րող­նե­րու եւ հա­յաս­տա­նա­ծին ու հա­յաս­տա­նաբ­նակ հա­յե­րու մի­ջեւ կա­պը, շփում­նե­րը միշտ ալ օգ­տա­կար են՝ բո­լոր ի­մաստ­նե­րով։ Այն­պէս որ, ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք հա­մա­գու­մա­րի մը կա­րե­լի չէ ընդ­դի­մա­նալ, գէթ սկզբուն­քա­յին գետ­նի վրայ։ Ոչ ալ կա­րե­լի է նման հա­մա­գու­մար­նե­րու նկատ­մամբ մեր տե­սա­կէտ­նե­րը եւ կե­ցո­ւածք­նե­րը հիմ­նել վար­չա­կազ­մին նկատ­մամբ մեր հա­մակ­րան­քին կամ հա­կակ­րան­քին վրայ։
Խն­դի­րը շատ ա­ւե­լի խոր­քա­յին է։
Այն լու­րը, որ յա­ռա­ջի­կայ հա­մա­գու­մա­րին կը ծրագ­րո­ւի յայ­տա­րա­րել «հա­մազ­գա­յին խոր­հուրդ»ի մը կազ­մու­թիւ­նը, իր մէջ կը պա­րու­նա­կէ բազ­մա­թիւ հար­ցա­կան­ներ։ ­Գա­ղա­փա­րի ըն­կեր­նե­րէս ­Կա­րօ Ար­մէ­նեան քա­նի մը օր ա­ռաջ դի­մա­տետ­րի վրայ դի­տել կու տար, որ նման խոր­հուր­դի մը կազ­մու­թիւ­նը «վա­ղուց պէտք է դրո­ւած ըլ­լար հան­րա­յին քննարկ­ման»։ ­Մեր կող­մէ ա­ւելց­նենք, որ հար­ցա­կան կը մնայ այն, թէ բազ­մա­հա­զա­րա­նոց հա­մա­գու­մար մը ինչ­պէ՞ս «պի­տի քննէ» նման ա­ռա­ջադ­րանք մը. ար­դեօք պի­տի չնմա­նի՞ ­Չի­նաս­տա­նի, կամ Խ. ­Միու­թեան ­Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեանց հա­մա­գու­մար­նե­րուն, ուր ո­րո­շում­նե­րը կը տրո­ւէին ձե­ռամ­բարձ եւ նոյն ձե­ւով ալ «կ’ընտ­րո­ւէին» պե­տու­թեան ղե­կա­վար մար­մին­նե­րը։ ­Դեռ կայ ա­ւե­լին. չենք գի­տեր, թէ ի՞նչ է նման խոր­հուր­դի մը պատ­կե­րա­ցու­մը, ի՞նչ են ա­տոր պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րը եւ մա­նա­ւանդ՝ ի՞նչ են այդ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րուն գա­ղա­փա­րա­կան հիմ­նա­ւո­րում­նե­րը։
Այս ընդ­հա­նուր խո­րա­պատ­կե­րին մէջ, անց­նինք մեր այ­սօ­րո­ւան բո՛ւն ը­սե­լիք­նե­րուն։
Յս­տակ է, որ Ս­փիւռ­քը հա­մա­հայ­կա­կան ի­րա­կա­նու­թեան մէկ ան­բա­ժան մասն է, որ հայ ժո­ղո­վուր­դին ու ա­նոր հայ­րե­նի­քի ներ­կա­յին ու ա­պա­գա­յին նկատ­մամբ ռազ­մա­վա­րա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի (կամ պէտք է ու­նե­նայ)։
Այս դե­րա­կա­տա­րու­թեան ինչ պատ­կե­րա­ցում կամ պի­տակ կ’ու­զէք տո­ւէք՝ մշա­կու­թա­յի՞ն, ըն­կե­րա­յի՞ն, տնտե­սա­կա՞ն, թէ կրօ­նա­կան։ ­Սա­կայն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ այս բո­լո­րին հիմ­քը, ներ­քին տրա­մա­բա­նու­թիւ­նը եւ մղիչ ու­ժը քա­ղա­քա­կանն է, ո­րով­հե­տեւ ա­ռանց քա­ղա­քա­կան մտա­ծո­ղու­թեան, վե­րոն­շեալ­նե­րը պար­զա­պէս ա­նի­մաստ ու ինք­նանպա­տակ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կը վե­րա­ծո­ւին։
Տ­րո­ւած ըլ­լա­լով, որ կա­րե­լի չէ հա­մա­հայ­կա­կան խնդիր­նե­րը վեր­լու­ծել ա­ռանց հա­շո­ւի առ­նե­լու հա­մաշ­խար­հա­յին խմո­րում­նե­րը, ու­րեմն փոր­ձենք տես­նել, թէ ի՞նչ ջու­րե­րու մէջ նա­ւար­կե­լու պար­տադ­րանք­նե­րուն տակ ենք բո­լորս ալ։

ԴՐԱՄԱՏԻՐԱԿԱՆ ՊՈԼՇԵՒԻԶՄԻ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆԸ

Ա­ւե­լի քան քսա­նա­մեա­կէ մը ի վեր, ­Պիլ Ք­լին­թը­նի օ­րե­րէն սկսեալ, Ա­րեւ­մուտ­քի մէջ սկսաւ քա­ղա­քա­կան գոր­ծըն­թաց մը, ուր անդ­րազ­գա­յին ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը եւ ե­լեւմ­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը սկսան ի­րենց ամ­բող­ջա­կան հա­կակշ­ռին տակ առ­նել քա­ղա­քա­կան ու­ժի կեդ­րոն­նե­րը։ Խ. ­Միու­թիւ­նը տա­պա­լած էր ար­դէն եւ այս ըն­կե­րու­թիւն­նե­րը (ինչ­պէս քա­րիւ­ղի հսկա­նե­րը, ­Ռէյ­թէոն, ­Լաք­հիտ ֊ ­Մար­տին, ­Կոլտ­ման ­Սաքս, ­Մի­ջազ­գա­յին Դ­րա­մա­կան ­Հիմ­նար­կը-ե­ւայլն) ա­ռի­թը յար­մար նկա­տե­ցին ի­րենց յար­ձա­կո­ղա­կա­նին հա­մար, միա­բե­ւեռ դար­ձած աշ­խար­հի մը մէջ։ Այս­պէս, Ո­ւա­շինկ­թը­նը, ­Լոն­տո­նը, Պ­րիւք­սե­լը (Ե.Մ.ի կեդ­րոն) եւ ­Պեր­լի­նը այ­սօր ին­կած են քա­րիւղ ար­տադ­րող, զէնք ար­տադ­րող, կամ եր­րորդ աշ­խար­հի եր­կիր­նե­րուն տո­կո­սով գու­մար­ներ պար­տադ­րող ե­լեւմ­տա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու գրե­թէ ամ­բող­ջա­կան հա­կակշ­ռին տակ։
Ա­նոնք աշ­խար­հը կը տես­նեն իբ­րեւ մէկ ու միակ շու­կայ մը, ուր կա­րե­լի է թէ՛ եր­կիր­նե­րու բնա­կան հարս­տու­թիւն­նե­րը կո­ղոպ­տել եւ թէ՛ ի­րենց ար­տադ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար շու­կա­յի (այ­սինքն միայն սպա­ռո­ղի) կար­գա­վի­ճակ պար­տադ­րել ա­նոնց։ Այս մէ­կը ը­նե­լու հա­մար, ա­նոնք նաեւ ի հար­կին գոր­ծի կը լծեն ի­րենց զի­նո­ւո­րա­կան թե­ւը՝ ՆԱԹՕն։
Այս ու­ժե­րը ա­ռաջ կը մղեն հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը՝ ան­տե­սե­լով ժո­ղո­վուրդ­նե­րու, եր­կիր­նե­րու ազ­գա­յին, մշա­կու­թա­յին ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­նե­րը, որ­պէս­զի ի­րենց հա­կակ­շի­ռը ըն­դար­ձա­կեն։ Ըստ ի­րենց՝ վայ ա­նոր, որ կը դի­մադ­րէ… ­Յու­նաս­տա­նը, ­Լի­պիան, ­Սու­րիան, ­Սու­տա­նը, ­Վե­նե­զո­ւել­լան եւ ու­րիշ­ներ այս վայ­րագ դրա­մա­տի­րա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թեան (ա­ւե­լի ճիշդ՝ դրա­մա­տի­րա­կան պոլ­շե­ւիզ­մի) «ապ­րող» զո­հերն են։
­Մէկ խօս­քով՝ բո­լոր այն ժո­ղո­վուրդ­նե­րը կամ եր­կիր­նե­րը, ո­րոնք չեն են­թար­կո­ւիր այս հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման հար­թիչ գլա­նին, հե­տա­մուտ են ի­րենց ազ­գա­յին շա­հե­րուն, կը մնան են­թա­կայ նոյն այս գա­ղա­փա­րա­խօ­սու­թիւ­նը ա­ռաջ մղող ու­ժե­րու հա­րո­ւա­ծին։
Են­թար­կո­ւիլ հա­մաշ­խար­հայ­նաց­ման գա­ղա­փա­րա­բա­նու­թեան ջա­տա­գով այս ու­ժե­րուն, պի­տի նշա­նա­կէ կորսնց­նել ազ­գա­յին դի­մա­գիծ, ազ­գա­յին շա­հեր, ինք­նու­րոյն մշա­կոյթ եւ մա­նա­ւանդ՝ ազ­գա­յին դատ։

ԵՕԹԱՆԱՍՈՒՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆԸ

Ս­փիւռ­քի մէջ, Հ.Յ.­Դաշ­նակ­ցու­թեան քա­ղա­քա­կան միտ­քը ար­դէն իսկ եօ­թա­նա­սու­նա­կան­նե­րու կէ­սե­րուն գտած էր այս խնդիր­նե­րուն գա­ղա­փա­րա­կան պա­տաս­խա­նը։ Այդ ալ քա­ղա­քա­կա­նա­ցումն էր՝ փո­խան հա­յա­պահ­պա­նու­մին։
­Հա­յա­պահ­պա­նու­մը այդ օ­րե­րուն ար­դէն ինք­զինք սպա­ռած էր, իբ­րեւ վար­քա­գիծ ու մտա­ծո­ղու­թիւն։ Ի­րա­ւազր­կո­ւած հա­յու­թեան հա­մար, հա­յա­պահ­պա­նու­մը այ­լեւս ոչ մէկ լու­ծու­մի կրնար ա­ռաջ­նոր­դել, ոչ մէկ ձե­ւով կրնար ի­րա­ւա­տէր հա­յու­թեան հա­մար գա­ղա­փա­րա­կան ու­ղե­ցոյց հան­դի­սա­նալ, ո­րով­հե­տեւ ա­նոր կը պակ­սէր ներ­գոր­ծօն նկա­րա­գի­րը, ո­րուն պէտք ու­նէր (ու այ­սօր ալ ու­նի) հա­յու­թիւ­նը՝ իր հո­ղա­յին ու այլ ի­րա­ւունք­նե­րու հե­տապնդ­ման ճամ­բուն վրայ։
­Հա­յա­պահ­պա­նու­մը ու­րիշ բան չէ, ե­թէ ոչ ե­ղա­ծը պահ­պա­նե­լու զուր ճիգ մը, զուրկ՝ քա­ղա­քա­կան ո­րե­ւէ հե­ռան­կա­րէ ու զսպա­նա­կէ։
­Հե­տե­ւա­բար, քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մի ա­ռա­ջադ­րան­քը, որ այդ օ­րե­րուն ա­ռաջ մղո­ւե­ցաւ դաշ­նակ­ցա­կան քա­ղա­քա­կան միտ­քին կող­մէ, այ­սօ՛ր եւս կը պա­հէ իր այժ­մէա­կա­նու­թիւ­նը՝ յատ­կա­պէս ներ­կայ հա­մաշ­խար­հա­յին դրո­ւած­քին լոյ­սին տակ (տես­նել նա­խորդ են­թա­խո­րա­գի­րի վեր­լու­ծու­մը)։
Իսկ քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մը ու­րիշ բան չէ, ե­թէ ոչ գոր­ծըն­թաց մը, ուր են­թա­կան, կամ հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն մը (այս պա­րա­գա­յին հա­յու­թիւ­նը), կը գի­տակ­ցի իր քա­ղա­քա­կան շա­հե­րը, կրնայ զա­նա­զա­նել ի­րեն հա­մար նպաս­տա­ւոր ու անն­պաստ զար­գա­ցում­նե­րը եւ ազ­դակ­նե­րը ու կը հե­տապն­դէ իր ու­րոյն ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րը։
Իսկ այս ազ­գա­յին նպա­տակ­նե­րու հիմ­նա­քա­րը ու­րիշ բան չէ, ե­թէ ոչ մեր հա­ւա­քա­կան դա­տը, Ա­րեւմտա­հա­յաս­տա­նի վե­րա­տի­րաց­ման խնդի­րը։
40 տա­րի ա­ռաջ, երբ հա­յու­թիւ­նը տա­կա­ւին զրկուած էր ան­կախ ­Հա­յաս­տա­նի մը ըն­ձե­ռած ա­ռա­ւե­լու­թիւն­նե­րէն, քա­ղա­քա­կա­նաց­ման գոր­ծը­նա­ցը (յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սար­դու­թեան մօտ) կրցաւ այժ­մէա­կա­նաց­նել ­Հայ ­Դա­տը, կրցաւ վերս­տին զայն զե­տե­ղել հա­մաշ­խար­հա­յին քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մի քար­տէ­սին վրայ։
Իսկ այ­սօր, երբ գո­յու­թիւն ու­նի ան­կախ ­Հա­յաս­տան մը, հա­յու­թեան ու մա­նա­ւանդ Ս­փիւռ­քի քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մը ա­ւե­լի քան եր­բեք կը դառ­նայ անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն, ոչ միայն ­Հա­յաս­տա­նի զօ­րակ­ցու­թեան ա­ռու­մով, այլ նոյ­նինքն Ս­փիւռ­քի վե­րա­կազ­մա­կեր­պու­մը ա­ւե­լի ա­մուր հի­մե­րու վրայ դնե­լու հա­մար։
Ս­փիւռ­քի հա­յու­թեան մօտ իր հա­մազ­գա­յին քա­ղա­քա­կան շա­հե­րու գի­տակ­ցու­թեան մա­կար­դա­կին բարձ­րա­ցու­մը ինք­նա­բե­րա­բար կը լու­ծէ նաեւ նոյն այդ Ս­փիւռ­քին ազ­գա­յին դի­մա­գի­ծին ու­ժե­ղաց­ման խնդի­րը, դէ­պի երկ­րոր­դա­կան կամ եր­րոր­դա­կան գի­ծեր մղե­լով «լե­զո՞ւ, թէ՞ ինք­նու­թիւն» հար­ցադ­րու­մը։
Այն տրա­մա­բա­նու­թեամբ, որ լե­զուն, մշա­կոյ­թը եւ ինք­նու­թիւ­նը ար­դէն քա­ղա­քա­կան գի­տակ­ցու­թեան մը բաղ­կա­ցու­ցիչ տար­րերն են։
­Հե­տե­ւա­բար, Ս­փիւռ­քի քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մը ռազ­մա­վա­րա­կան ար­ժէք ու­նե­ցող «մայր բա­նա­լի» մըն է, որ կո­չո­ւած է բա­նա­լու բազ­մա­թիւ դուռ­ներ։
Աս­կէ ան­դին, Ս­փիւռ­քը իբ­րեւ պատ­մամ­շա­կու­թա­յին, կրօ­նամ­շա­կու­թա­յին կամ զուտ պատ­մա­կան յի­շո­ղու­թեամբ բնո­րո­շե­լու ճի­գե­րը ան­պէտք ու վնա­սա­կար մօ­տե­ցում­ներ են, զուրկ՝ ո­րե­ւէ քա­ղա­քա­կան ար­ժէ­քէ։
Այն­պէս որ, ­Հա­յաս­տան-Ս­փիւռք յա­ռա­ջի­կայ խորհր­դա­ժո­ղո­վէն ա­ռաջ, կ’ու­զենք յի­շեց­նել մեր պե­տա­կան այ­րե­րուն, որ Ս­փիւռ­քը քա­ղա­քա­կան փոր­ձա­նօթ չէ, «լա­պո­րա­թո­ւար»ի մուկ կամ նա­պաս­տակ չէ, ո­րոնց վրայ փոր­ձար­կում­ներ կը կա­տա­րո­ւին։ Ս­փիւռ­քը հա­մա­հայ­կա­կան խնդիր­նե­րու, ա­մէ­նէն ա­ռաջ՝ հա­յու­թեան հո­ղա­յին խնդրին հա­մար ռազ­մա­վա­րա­կան ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող ազ­դակ է, ո­րուն հա­մար սա­կայն անհ­րա­ժեշտ է վերս­տին թափ տալ ա­նոր քա­ղա­քա­կա­նա­ցու­մին։