Այ­ցե­լու­թիւն՝ ­Հա­ղար­ծի­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րին

ԱՆՈՅՇ ՖԵՆԴԵԱՆ

­Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նո­ւան հայ­կա­կան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նին (Հ.Պ.Մ.Հ.) մէջ, ­Յու­լիս 3ին մեկ­նար­կեց սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման մէ­կամ­սեայ ծրա­գիր, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 17 եր­կիր­նե­րէ 62 ու­սու­ցիչ­ներ։
­Ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի տնօ­րէն ­Ռու­բէն ­Միր­զա­խա­նեան ընդգծեց ար­դէն 18րդ­ ան­գամ ըլ­լա­լով կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նար­կը եւ վստա­հե­ցուց, որ հա­մալ­սա­րա­նը կ­՚ը­նէ ա­մէն ինչ, որ­պէս­զի վե­րա­պատ­րաս­տու­մը ըն­թա­նայ ճիշդ ու լա­ւա­գոյն ո­րա­կով։
Այս ծրա­գի­րը ­Հա­յաս­տա­նին մէջ կը գոր­ծէ 2000 թո­ւա­կա­նէն, եւ այս տա­րի ա­ռի­թը ու­նե­ցայ հե­տե­ւե­լու դա­սըն­թաց­նե­րուն, որ­պէս ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին հա­յե­րէն լե­զո­ւի եւ հա­յոց պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի, եւ ա­նոնց ըն­թաց­քին ստա­ցայ ա­ռա­ւել նո­րա­գոյն գործ­նա­կան ման­կա­վար­ժա­կան գի­տե­լիք­ներ։
­Դա­սըն­թաց­նե­րը կ­՚ըն­թա­նա­յին 6 ու­սում­նա­կան խում­բե­րու՝ ման­կա­պար­տէ­զի, տար­րա­կան ու­սուց­ման, մէ­կօ­րեայ, հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­ւանդ­ման, լրա­ցու­ցիչ կրթու­թեան կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ՝ ար­տա­սահ­մա­նեան հա­մալ­սա­րա­նե­րուն մէջ հա­յե­րէն ու­սում­նա­սի­րող ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար:
­Դա­սըն­թաց­նե­րը տե­ղի կ­՚ու­նե­նա­յին Հ.Պ.Մ.Հ. «Ս­փիւռք» գի­տաու­սում­նա­կան կեդ­րո­նին մէջ, Եր­կու­շաբ­թիէն Ուր­բաթ, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 09:30էն 14:30 եւ ըստ խում­բի կ­՚ի­րա­գոր­ծո­ւէր նիւ­թե­րու դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը. օ­րի­նակ՝ աշ­խա­տա­կարգ­ներ (մե­թոտ)՝ գրա­ճա­նա­չու­թեան եւ մայ­րե­նիի տար­րա­կան ու­սուց­ման, հա­յե­րէ­նի՝ որ­պէս օ­տար (երկ­րորդ) լե­զո­ւի դա­սա­ւանդ­ման, բա­նա­ւոր եւ գրա­ւոր խօս­քի զար­գաց­ման, գործ­նա­կան ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն-ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն եւ դա­սա­ւանդ­ման, ե­րաժշ­տու­թեան դա­սա­ւանդ­ման, պա­րի դա­սա­ւանդ­ման, գրա­կա­նու­թեան եւ դա­սա­ւանդ­ման, Էթ­նիկ (ազ­գա­յին) հո­գե­բա­նու­թեան. նաեւ՝ դիւ­րին գրա­բար, հայ ե­րե­խան՝ բազ­մամ­շա­կու­թա­յին մի­ջա­վայ­րի մէջ, հա­յոց պատ­մու­թեան դրո­ւագ­ներ, հայ գաղ­թա­վայ­րե­րու պատ­մու­թեան է­ջեր, ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւն, նե­րա­ռա­կան կրթու­թիւն, ման­կա­կան հո­գե­բա­նու­թիւն, նկար­չու­թիւն, ձե­ռա­գործ, կա­ւա­գոր­ծու­թիւն, քան­դա­կա­գոր­ծու­թիւն, հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի պատ­մու­թիւն ե­ւայլն։
Ա­ռա­ւել՝ ու­սու­ցիչ­նե­րուն տրո­ւե­ցաւ, հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ, է­լեկտ­րո­նա­յին դա­սա­գիր­քե­րու եւ այլ ու­սում­նա­կան նիւ­թե­րու կայ­քէ­ջե­րու ցանկ մը։
Ծ­րա­գի­րի ըն­թաց­քին սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած էին գրամ­շա­կու­թա­յին տա­րաբ­նոյթ մի­ջո­ցա­ռում­ներ, թան­գա­րան­նե­րու եւ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րե­րու այ­ցե­լու­թիւն­ներ, պտոյտ­ներ:
Ն­շենք, նաեւ, որ ­Յու­լիս 17ին հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ե­ղաւ հան­դի­պու­մը Հ.Հ. կրթու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մկրտ­չեա­նին՝ վե­րա­պատ­րաս­տո­ւող սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հետ: Պրն. նա­խա­րա­րը, անդ­րա­դառ­նա­լով ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ցա­ւոտ խնդի­րին, յայտ­նեց, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը եւ ա­րեւմ­տա­հա­յուն յու­զող խնդիր­նե­րը ոչ միայն Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, այ­լեւ Հ.Հ. կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան տակ են եւ վստա­հե­ցուց, որ մօ­տա­կայ ա­պա­գա­յին ­Հա­յաս­տա­նին մէջ պի­տի հիմ­նո­ւի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ուղ­ղո­ւա­ծու­թեամբ յա­տուկ դպրոց, որ պի­տի ըլ­լայ իւ­րա­տե­սակ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման կեդ­րոն:
Ծ­րա­գի­րի ա­ւար­տին, ­Յու­լիս 28ին, Խ. Ա­բո­վեա­նի ա­նո­ւան հայ­կա­կան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­թեան դա­սըն­թաց­քի փակ­ման հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին տրո­ւե­ցան վկա­յա­գիր­ներ: