«Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ»

«Սփիւռքահայ կեանքեր՝ ինչպէս որ տեսայ» (­Տոքթ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նի նոր գիր­քը)

0
27470

­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան

­Սե­ղա­նիս վրայ է տոքթ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նի «Ս­փիւռ­քա­հայ կեան­քեր՝ ինչ­պէս որ տե­սայ» երկ­րորդ գիր­քը, զոր վեր­ջերս ու­ղար­կած էր ան ին­ծի: 550 է­ջե­րէ բաղ­կա­ցած պատ­կա­ռե­լի ծա­ւա­լով հա­տոր մը, ուր մէկ­տե­ղո­ւած են հայ­կա­կան մա­մու­լի մէջ ի­րենց ա­տե­նին հրա­տա­րա­կո­ւած յօ­դո­ւած­նե­րը, ինչ­պէս ա­ռա­ջին հա­տո­րի պա­րա­գա­յին էր: Այս երկ­րոր­դը կա­րե­լի է հա­մա­րել ա­ռա­ջի­նին շա­րու­նա­կու­թիւ­նը՝ իր շօ­շա­փած նիւ­թե­րու պա­րու­նա­կով, ո­րով եւ ան­հա­ւա­նա­կան չէ, ու­րեմն, որ հե­տա­գա­յին ալ շար­քը եր­կա­րի՝ լոյ­սին տրո­ւե­լիք նոյ­նա­տիպ նո­րե­րով:
Ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թիւ­նը, զոր ըն­թեր­ցո­ղը կ­՚ու­նե­նայ, շշմեց­նող աշ­խա­տու­նա­կու­թիւնն է հե­ղի­նա­կին, ո­րուն քա­նի մը տա­րո­ւան ընդգրկուն յօ­դո­ւա­ծագ­րու­թեան վաս­տա­կը ոչ միայն կը հարս­տաց­նէ մեր մա­մու­լին բո­վան­դա­կու­թիւ­նը, այ­լեւ հա­ւա­տար­մօ­րէն ըն­թեր­ցո­ղը հա­ղոր­դու­թեան մէջ կը դնէ՝ աշ­խար­հի տար­բեր ան­կիւն­նե­րու մէջ տե­ղա­կա­յո­ւած հայ բե­կոր­նե­րու անձ­կու­թիւն­նե­րուն հետ:
Իբ­րեւ աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան քա­րոզ­չու­թեան լծո­ւած չյոգ­նող գոր­ծիչ, ­Ծո­ցի է­մի­րու­թիւն­նե­րէն Ե­մէն ու Ա­տիս Ա­պա­պա, ա­սիա­կան եր­կիր­նե­րէն Եւ­րո­պա, Ար­ժան­թին ու ­Փե­րու եւ մին­չեւ ­Նիու ­Զե­լան­տա­ներ, ամ­բողջ երկ­րա­գուն­տի շրջա­նը ընդգր­կող իր ճամ­բոր­դա­կան դե­գե­րում­նե­րուն մէջ, հե­ռա­ւո՜ր, նոյ­նիսկ ան­ծա­նօթ քա­ղաք­ներ կ­՚այ­ցե­լէ ան, մշտա­տեւ կը փնտռէ եւ ան­պայ­մա՚ն կը գտնէ-կը յայտ­նա­բե­րէ հոս-հոն ծո­ւա­րած հայ բե­կոր­նե­րու հոյլ մը, կը ջա­նայ զա­նոնք քով-քո­վի բե­րել, հան­դի­պում­ներ կ­՚ու­նե­նայ ա­նոնց հետ, իր ապ­րած պա­հը կը պատ­կե­րէ եւ քա­ղած փոր­ձա­ռու­թիւնն ու այդ մա­սին իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րը յօ­դո­ւած­նե­րու ճամ­բով կու տայ հան­րու­թեան: Եւ այն­պի­սի հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ ու ո­գիով, որ կար­ծէք այդ հրա­պա­րա­կում­նե­րը քա­րո­զի­չի նո­ւի­րա­կան իր պարտ­քը կը սե­պէ:
Այս տե­սա­կէ­տէն՝ Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նի յօ­դուած­նե­րը ու­նե­նա­լով հան­դերձ գոր­ծուղ­ղում­նե­րու մա­սին ա­նուղ­ղա­կի զե­կու­ցում­նե­րու ե­րանգ, այ­դու­հան­դերձ, ա­նոնք կը ճո­խաց­նեն գե­ղա­րո­ւես­տա­կան մեր գրա­կա­նու­թեան ան­դաս­տա­նը՝ շնոր­հիւ իւ­րա­յա­տուկ իր գրի­չին, գրա­կան ո­ճին եւ խոր­քա­յին խորհր­դա­ծու­թեանց:
Ան իր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու շրջա­նա­կին մէջ կ­՚առ­նէ սփիւռ­քա­հա­յու ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան ու ըն­տա­նե­կան-ան­հա­տա­կան կեան­քի տագ­նապ­նե­րը, յոյ­սերն ու մա­քա­ռում­նե­րը, դժո­ւա­րու­թիւն­ներն ու նո­ւա­ճում­նե­րը եւ, այդ բո­լո­րին մէջ, հիա­նա­լի «յա­մա­ռու­թեամբ» մը միշտ կը տես­նէ դրա­կա­նը: «Ա­նուղ­ղե­լի» լա­ւա­տեսն է Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեան, ո­րուն հա­մար լա­ւա­տե­սու­թիւ­նը այ­լընտ­րանք չու­նի: ­Լա­ւա­տե­սու­թիւն մը՝ որ այն­քան ալ հե­ռու չէ ի­րա­տե­սու­թե­նէ:
Դ­ժո­ւար է հան­դի­պիլ հայ մար­դու, որ ի­րեն պէս սփիւռ­քեան թա­փա­ռում­նե­րու մէջ հա­յօ­ճախ­նե­րու հետ շփո­ւի, ա­նոնց խար­խա­փում­նե­րուն, ա­մէն մար­զի տե­ղա­տո­ւու­թեանց ա­կա­նա­տես ըլ­լայ, բայց եւ այն­պէս գի­տակ­ցա­բար ան­տե­սէ զա­ռի­վար ըն­թա­ցող ան­կու­մը, իր տե­սո­ղու­թեան կի­զա­կէտ դարձնէ զո­հա­բե­րո­ւող հոյ­լը փոք­րա­թիւ մար­դոց եւ վկա­յէ, թէ ա­նոնք նո­ւի­րո­ւած են մեծ ճի­գե­րու՝ կա­րե­նալ մագլ­ցե­լու հա­մար դժո­ւար զա­ռի­վե­րը, այ­սինքն՝ լծո­ւած են մեր կա­ռոյց­նե­րու եւ ազ­գա­յին ինք­նու­թեան պահ­պան­ման նո­ւի­րա­կան աշ­խա­տան­քին: ­Կը մեր­ժէ տես­նել ա­նա­պա­տին ա­մա­յու­թիւ­նը եւ կը սե­ւե­ռի ու կը կառ­չի ո­վա­սի­սին…:
Ա­մէ՜ն, ա­մէ՜ն ինչ, մարդ­կա­յին զգա­ցում­ներ թէ ան­հե­տա­ցած քա­ղա­քի ու ազ­գի պատ­մու­թիւն, ա­նոր մտքին մէջ ու գրի­չին տակ ան­պայ­ման կը կա­պո­ւի, կը հա­մե­մա­տի ու կը յան­գի հա­յու զգա­ցում­նե­րուն, մեր ազ­գի պատ­մու­թեան ու ճա­կա­տագ­րին եւ հայ­րե­նի­քին: Այդ բո­լո­րին մէ­ջէն կ­՚ո­րո­նէ հա­յուն հին պատ­մու­թիւ­նը, որ «այ­սօր նոր տա­րա­զով ու նոր նո­ւա­ճում­նե­րով իր նոր պատ­մու­թիւ­նը կը կեր­տէ»:
Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեան մէկ ու միակ ճշմար­տու­թիւն ու­նի՝ ­Հա­յու­թիւ­նը, ­Հայ­րե­նի­քը եւ ­Հո­ղին Ոյ­ժը: Ա­նոր յօ­դո­ւած­նե­րէն, նոյ­նիսկ տո­ղե­րուն ընդ­մէ­ջէն կը պոռթ­կայ իր այս միակ ճշմար­տու­թիւ­նը: ­Տեղ մը կ­՚ը­սէ՝ «հա­յուն ամ­բող­ջա­կան մշա­կոյ­թը ազ­գա­յին ինք­նու­թիւնն է, լե­զուն եւ պատ­մու­թիւ­նը, երգն ու գրա­կա­նու­թիւ­նը», եւ տա­կա­ւին՝ «ցե­ղաս­պա­նու­թիւնն է ու պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը եւ քրիս­տո­նէա­կան հա­ւատ­քը»:
Ինք­նա­շար­ժէն կը դի­տէ ­Մա­կա­րայ վան­քին ա­ւե­րակ­նե­րը եւ հոն կը տես­նէ հա­յուն կեան­քը, որ կը շա­րու­նա­կո­ւի, ո­րով­հե­տեւ թէեւ քան­դո­ւած են ­Մա­կա­րայ վան­քե­րը, բայց հաս­տատ մնա­ցած է ա­նոնց ա­ւե­րակ­նե­րէն ե­կող պատ­գա­մը՝ հա­ւատ­քը, «որ հին է, սա­կայն ոչ հին­ցած եւ որ վկա­յու­թիւնն է հա­յուն ապ­րե­լու վճռա­կա­նու­թեան: ­Հա­ւատք՝ ազ­գա­յին, քրիս­տո­նէա­կան ու պա­հան­ջա­տի­րա­կան»…:
Սր­տագ­րա՛ւ, միա­ժա­մա­նակ թե­լադ­րա­կա՛ն է «Ամ­մօ Ար­տո­յին կո­լե­րը» վեր­նագ­րով յօ­դո­ւա­ծը (էջ 296): Ամ­մօ Ար­տոն (Ար­տա­ւազդ ­Մա­րու­թեան) 30ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն ե­ղած է նշա­նա­ւոր ֆութ­պո­լիստ, մա­նա­ւանդ՝ կոլ նշա­նա­կող: Փնտ­ռո­ւած խա­ղա­ցող է ­Սու­րիոյ զա­նա­զան ա­կումբ­նե­րէն ու ազ­գա­յին խում­բէն: Ա­մէն մրցա­խա­ղի կողմ­նա­կից մար­զա­սէր­նե­րը միա­բե­րան կը կան­չեն ա­րա­բե­րէն «Ո՜՜վ Ար­տօ, կոլ կ­՚ու­զենք»: (Եա՜՜ Ար­տօ, պետ­նէ կոլ): Ամ­մօ Ար­տոն յու­սա­խաբ չէր ը­ներ մար­զա­սէր­նե­րը, ո­րոնք խա­ղի ա­ւար­տին յաղ­թա­պանծ ա­խո­յեա­նը ու­սամ­բարձ կը պտտցնեն թա­ղէ-թաղ: Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նի գրի­չը միայն պի­տի կա­րե­նար այդ կո­լե­րու իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ տես­նել հա­յուն վե­րապ­րու­մը: ­Կը հաս­տա­տէ, թէ «­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ետք Ամ­մօ Ար­տոն եւ ի­րեն նման շա­տեր դար­ձան մեր հե­րոս­նե­րը, ո­րոնք մեր հո­գի­նե­րուն մէջ դրին հա­յուն ապ­րե­լու հպար­տու­թիւ­նը: Իւ­րա­քան­չիւր կոլ քիչ մը ա­ւե­լի ար­մա­տա­ցուց այս հպար­տու­թիւ­նը: Ա­տի­կա ա­ռանց աշ­խա­տան­քի չե­կաւ, այլ ան­պայ­ման կար պայ­քա­րը: Եւ հա­յուն շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը նոյ­նինքն այդ պայ­քա­րին մէջ է…»:
Վս­տա­հա­բար հա­յու հա­ւա­քա­կան ու ան­հա­տա­կան կեան­քի մա­քա­ռում­նե­րուն եւ անձ­կու­թիւն­նե­րուն խոր­քը կը պե­ղէ եւ սփիւռ­քա­հա­յու ներ­քին խռով­քը կ­՚ապ­րի տոքթ. Հ­րայր ­Ճէ­պէ­ճեա­նի այս նոր գիր­քը կար­դա­ցո­ղը:
­Հե­ղի­նա­կին վարձ­քը կա­տար: