ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ
Ես Ուշի գիւղին ոչ անունը լսած էի, ոչ ալ տեղը գիտէի, սակայն բարեդէպ առիթով մը ծանօթացայ Աշտարակի շրջանի այս գողտրիկ գիւղին, երբ հրաւէր ստացայ ներկայ գտնուելու ֆրանսաբնակ հանգուցեալ գրող Մովսէս Պչաքճեանի ամբողջական գործերու շնորհահանդէսին, շաբաթ, 28 Հոկտեմբերին: Զիս հրաւիրողը, «Հայաստան» հրատարակչատան հետ երեկոն կազմակերպող, նախկին քանատահայ գրող եւ կրթական մշակ Մարգար Շարապխանեանն էր, որ Քանատան եւ այնտեղի իր հանգստաւէտ կեանքը ձգած, տարիներ առաջ որոշած էր իր կեանքի ամենակարեւոր երազը իրականացնելՙ հայրենիքի մէջ տուն մը ունենալու եւ վերջնականապէս հոս հաստատուելու: Մարգար Շարապխանեանը ընտրած էր Ուշի գիւղը, ուր կառուցած էր իր առանձնատունը եւ ձեռնարկած բնակավայրին օգտակար դառնալու, այնտեղ կառուցելով Մշակոյթի տունը, որուն իրագործման օժանդակած էին թէ՛ գիւղացիները եւ թէ Շարապխանեանին ծանօթ թորոնթոյաբնակ ազգայիններ:
Մշակոյթի տան դահլիճը լեցուն էր տեղացիներով եւ Երեւանէն յատուկ ժամանած մտաւորականներով ու գրողներով: Առաջին տպաւորութիւնս ոչ միայն դրական էր, այլեւ հաճելիօրէն ապշեցուցիչ, քանի որ գիւղի մը մէջ, գրական ձեռնարկի մը այսքան մարդ հաւաքուած էր, երբ նման առիթներով Երեւանի մէջ այսքան հանդիսատես դժուար է տեսնել:
Մովսէս Պչաքճեան Հալէպի ծնունդ է, ուսանած է այնտեղ, ապա համալսարանական ուսումը ստացած Դամասկոսի համալսարանի անգլերէն գրականութեան բաժինէն, որմէ ետք շրջան մը Պէյրութ մնալէ յետոյ անցած է Ֆրանսա եւ վերջնականապէս հաստատուած այնտեղ:
Անվարան կարելի է ըսել, որ սփիւռքահայ գրողներու ընտրանիի առաջին շարքին վրայ կարելի է դասել զինք, իր վճիտ արեւմտահայերէնով երկնած բազմաթիւ գրական գործերուն համար, որոնք հաճոյքով կ՛ընթերցուին եւ ընթերցողը կը մղեն մտածելու եւ հեղինակին հետ կիսելու անոր ապրումներն ու հոգեմտաւոր թրիչքները:
Պչաքճեան եղաւ այն բացառիկ սփիւռքահայ գրողը, որուն ամբողջական գործերը 8 գեղատիպ եւ գեղակազմ հատորներով հրատարակուեցան Երեւանի մէջ «Հայաստան» հրատարակչատան կողմէ:
Իր գրիչին կը պատկանի բանաստեղծական, արձակ, խոհագրական եւ վիպական հարուստ շարք մը, ինչպէս՝ «Անցողիկն ու անժամանցելին», «Մինչեւ վերջինը արեւներուն», «Աշխարհահայեաց պատուհան», «Լուսաւոր աչքերով օտարականը», «Վարագոյրը իջնելէ առաջ», «Խմելով քաղաքը», «Անկատար վերծանումներ», «Լուացք փռուած տանիքի վրայ», «Անկարելի կարելին»: Իսկ անոր «Ծիծեռնակները պիտի չվախնան …» գիրքը արժանացած է Թ.Մ.Մ. Հայկաշէն Ուզունեան գրական մրցանակին:
Պչաքճեան 2009ին արժանացած է Հայաստանի նախագահի Մովսէս Խոենացի շքանշանին, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի նախարարութեան Ու. Սարոյեան շքանշանին:
Երեկոյթին, որ նաեւ կը զուգադիպէր գրողի մահուան առաջին տարելիցին, իրենց յուշերն ու դրուատանքի խօսքերը ուղղեցին շարք մը մտաւորականներ, վեր առնելով Մ. Պչաքճեանի գրականութեան արժէքն ու արժանիքները: Օրուան հանդիսավարն էր «Հայաստան» հրատարակչատան տնօրէն Վահագն Սարգսեանը:
Խօսք առնողներու շարքին էին Հայաստանի գրողներու միութեան փոխ նախագահ Պետրոս Դեմիրջեանը, Հայաստանի Թատերական ինստիտուտի նախագահ Դաւիթ Մուրատեանը, գրողներ եւ գրականագէտներ Արեւշատ Աւագեանը, Մերուժան Տէր-Գուլանեանը, Թորոս Թորանեանը, Մարգար Շարապխանեանը եւ ուրիշներ: Մ. Պչաքճեանի փունջ մը բանաստեղծութիւններու ասմունքով ելոյթ ունեցաւ Կամօ Տէր-Պետրոսեանը, մէջընդմէջ գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր: Իսկ հանդիսութեան աւարտին եղաւ հիւրասիրութիւն:
Ուրախառիթ երեւոյթ էր սփիւռքահայ գրող մը պատուելը տեսնել հայաստանեան գիւղի մը մէջ, բան մը, որ սովորական երեւոյթ չէ եւ որ միեւնոյն ատեն խթան պիտի հանդիսանայ յետայդու նմանատիպ ձեռնարկներով ապրեցնելու մշակոյթի այս օջախն ու հայկական մշակոյթով ջերմացնելու գիւղացիները, որոնք հեռու ըլլալով մայրաքաղաքէն՝ առիթ չեն ունենար մասնակից դառնալու այսպիսի ձեռնարկներու: