­Սուր­բե­րու մե­ծա­րան­քը սեր­տօ­րէն մաս կը կազ­մէ քրիս­տո­նէա­կան ա­ւան­դու­թեան եւ ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին։ Այն ան­հատ­նե­րը, ո­րոնք ու­նե­ցած են սրբակ­րօն վարք եւ ո­րոնք Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ սուրբ կը նկա­տո­ւին, կը բարձ­րա­ցո­ւին խո­րան­նե­րու պա­տո­ւին եւ կը վա­յե­լեն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու յար­գան­քը եւ մե­ծա­րան­քը։ ­Մար­դիկ կը դի­մեն այդ սուր­բե­րու բա­րե­խօ­սու­թեան՝ Աս­տու­ծոյ մօտ։ Ե­կե­ղե­ցա­կան տար­ւոյն ըն­թաց­քին կը կա­տա­րենք բազ­մա­թիւ սուր­բե­րու տօ­ներ։ Այդ տօ­նե­րու նպա­տակն է ոչ թէ ան­հա­տի մը պաշ­տա­մուն­քը, այլ նախ՝ շնոր­հա­կալ ըլ­լալ Աս­տու­ծոյ, որ սուր­բե­րը օժ­տած է բա­ցա­ռիկ շնորհք­նե­րով, ա­պա՝ յի­շա­տա­կե­լով սուր­բե­րը եւ ծա­նօ­թա­նա­լով ա­նոնց կեան­քին՝ մենք ալ ձգտինք ա­նոնց նմա­նու­թեամբ հե­տե­ւիլ Ք­րիս­տո­սի, որ իւ­րա­քան­չիւր քրիս­տո­նեա­յի կեան­քի նպա­տակն է։ Ա­ռա­ւել եւս, քրիս­տո­նեայ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի­րենց հան­գու­ցեալ եղ­բայր­նե­րուն եւ քոյ­րե­րուն հետ, սուր­բե­րուն հետ միա­սին կը կազ­մեն Ե­կե­ղե­ցին։ ­Բազ­մա­հա­զար են ե­կե­ղե­ցի­նե­րու կող­մէ ըն­դու­նո­ւած կամ հռչա­կո­ւած սուր­բե­րը։ ­Կան սուր­բեր, ո­րոնք ու­նին տե­ղա­կան նշա­նա­կու­թիւն, ո­րոնք մե­ծա­րանք կը վա­յե­լեն թե­մի մը մէջ կամ ազ­գի մը մօտ կամ երկ­րի մը մէջ։ ­Կան նաեւ սուր­բեր, ո­րոնք ու­նին տիե­զե­րա­կան ճա­նա­չում, ա­ռանց յա­րա­նո­ւա­նա­կան կամ ցե­ղա­յին կամ նոյ­նիսկ կրօ­նա­կան սահ­ման­նե­րու։ Այս­պի­սի տիե­զե­րա­կան ճա­նա­չում վա­յե­լող սրբու­հի մըն է Սր­բու­հի ­Մայր ­Թե­րե­զա ­Քալ­քու­թա­ցին, ո­րուն տօ­նը կա­տա­րե­ցինք 5 ­Սեպ­տեմ­բե­րին։
­Մայր ­Թե­րե­զա, ա­ւա­զա­նի ա­նու­նով Ակ­նէս ­Պո­յա­ճի, ծնած է 26 Օ­գոս­տոս 1910ին Ալ­պա­նիա­յի մէջ։ Ար­դէն ման­կու­թան տա­րի­նե­րուն, Ակ­նե­սի մայ­րը զայն ստէպ կը տես­նէր խո­րա­ցած խո­կու­մի մէջ։ ­Փոք­րիկ աղջ­նա­կը ստէպ կը կար­դար Հնդկաս­տան ծա­ռա­յած քրիս­տո­նեայ մի­սիո­նար­նե­րու մա­սին եւ ի մաս­նա­ւո­րի ­Յի­սու­սեան կրօ­նա­ւոր­նե­րու կեն­սագ­րու­թիւն­նե­րը։ Ա­պա­գա­յին ինք ան­ձամբ կը վկա­յէր. «Ար­դէն, 12 տա­րե­կա­նէս ցան­կու­թիւն ու­նէի մի­սիո­նար ըլ­լա­լու»։ Ար­դէն, փոքր տա­րի­քէն ան խան­դա­վա­ռու­թեամբ կը մաս­նակ­ցէր ի­րենց տան մօտ գտնո­ւող ե­կե­ղեց­ւոյ բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն եւ յատ­կա­պէս մար­դա­սի­րա­կան գոր­ծու­նէու­թեան։ Ան ա­ւե­լի ուշ կը վկա­յէր. «Երբ լսե­ցի աս­տո­ւա­ծա­յին կո­չը՝ ­Տի­րոջ ծա­ռա­յու­թեան նուի­րո­ւե­լու, շատ ու­րախ էի։»
Ե­րի­տա­սարդ Ակ­նէս 18 տա­րե­կա­նին կ­՚ըն­դու­նո­ւի Հնդ­կաս­տա­նի ­Քալ­քու­թա (­Կալ­կա­թա) քա­ղա­քի վան­քի մը մէջ եւ կը կա­տա­րէ իր կրօ­նա­ւո­րա­կան ուխ­տե­րը 1931 թո­ւա­կա­նին։ ­Կը դա­սա­ւան­դէ քա­ղա­քի միակ դպրո­ցին մէջ եւ հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կը նո­ւի­րո­ւի աղ­քատ ա­շա­կերտ­նե­րու ծա­ռա­յու­թեան։
­Մայր ­Թե­րե­զա 1946-ին կը լսէ ­Տի­րոջ կո­չը՝ ծա­ռա­յե­լու աղ­քատ­նե­րուն եւ ապ­րիլ ա­նոնց մէջ։ Այս կո­չը ան կ­՚ըն­դու­նէր իբ­րեւ լու­սա­ւո­րու­թիւն՝ ­Հօր Աս­տու­ծոյ կող­մէ։ 1950-ին կը հիմ­նէ իր միա­բա­նու­թիւ­նը, ա­նո­ւա­նե­լով զայն «Գ­թասր­տու­թեան ­Մի­սիո­նար­ներ»։ Ան իր քոյ­րե­րուն հետ կը փնտռէր ա­մե­նէն աղ­քատ­նե­րը՝ զա­նոնք խնա­մե­լու եւ ա­նոնց ար­ժա­նա­վա­յել կեանք մը շնոր­հե­լու հա­մար։
1965 թո­ւա­կա­նին ­Սուրբ Ա­թո­ռէն կ­՚ըն­դու­նի թոյլ­տո­ւու­թիւն՝ իր քոյ­րե­րը ա­ռա­քե­լու աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րը։ 1983-ին կը հաս­նի ­Յու­նաս­տան չորս քոյ­րե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, իր ­Յու­նաս­տա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան ծնունդ տա­լով Ա­թէնք, ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի յար­կին տակ։ ­Հա­մայն­քիս ա­ռաջ­նոր­դը ­Գերպ. ­Յով­հան­նէս ­Գո­յու­նեան կը հիւ­րըն­կա­լէ ­Մայր ­Թե­րե­զան ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նին մէջ։ Այ­սօր ալ կը պահ­պա­նո­ւի այն սե­նեա­կը, ուր Սր­բու­հին գի­շե­րած էր իր կե­ցու­թեան օ­րե­րուն։
­Սուրբ ­Յով­հան­նէս ­Պօ­ղոս Բ. ­Պա­պը ը­սած է Սր­բու­հիի մա­սին. «­Մայր ­Թե­րե­զան ա­ղօթ­քի կին մըն էր, երբ կ­՚աշ­խա­տէր իր ձեռ­քե­րով, կ­՚ա­ղօ­թէր վար­դա­րա­նը։ Ա­նոր կեան­քը մտեր­միկ ա­ղօթ­քի կեանք մըն էր՝ կենդ­րո­նա­ցած Ա­մե­նա­սուրբ ­Հա­ղոր­դու­թեան վրայ»։
­Մայր ­Թե­րե­զա պաշտ­պան սրբու­հի է հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու դէմ։
­Մայր ­Թե­րե­զա, իր ալ­պա­նա­կան ծա­գու­մով, եւ իր Հնդ­կաս­տա­նի մէջ ծնունդ ա­ռած միա­բա­նու­թիւ­նը ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը եւ ծա­ռա­յու­թիւ­նը չեն սահ­մա­նա­փա­կեր կրօ­նա­կան կամ ցե­ղա­յին պատ­կա­նե­լիու­թիւն­նե­րու մէջ։ Ա­նոնք իւ­րա­քան­չիւր մար­դու դէմ­քին մէջ կը տես­նեն Աս­տու­ծոյ պատ­կե­րը, Ք­րիս­տո­սի դէմ­քը։ ­Ծա­ռա­յու­թիւ­նը որ ծայր ա­ռած էր Հնդ­կաս­տա­նի մէջ, այ­սօր կը տա­րա­ծո­ւի բո­լոր ցմա­քա­մա­սե­րու վրայ, բազ­մա­թիւ եր­կիր­նե­րու մէջ։
Ար­ժա­նի է յի­շել թէ 1988-ի ­Հա­յաս­տա­նի երկ­րա­շար­ժի պատ­ճա­ռած ար­հա­ւիր­քի օ­րե­րուն, ­Մայր ­Թե­րե­զա­յի քոյ­րե­րը ա­ռանց վա­րա­նու­մի փու­թա­ցին օգ­նել ­Հա­յաս­տա­նի մեր ժո­ղո­վուր­դին։ ­Մայր ­Թե­րե­զա ­Հա­յաս­տան կը հաս­նէր ար­դէն իսկ 1988-ի ­Դեկ­տեմ­բե­րին, չորս քոյ­րե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ ­Միա­բա­նու­թիւ­նը այ­սօր ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ու­նի եր­կու կենդ­րոն­ներ։ Ս­պի­տա­կի մէջ, ­Մայր ­Թե­րե­զա­յի ­Միա­բա­նու­թան վեց քոյ­րեր մեծ նո­ւի­րու­մով կը խնա­մեն շուրջ քա­ռա­սուն մա­նուկ եւ չա­փա­հաս հաշ­ման­դամ­ներ, հաս­նե­լով նաեւ շրջա­կայ գիւ­ղե­րու ա­ռող­ջա­պա­հա­կան, նիւ­թա­կան եւ սննդա­կան կա­րիք­նե­րուն։ Ե­րե­ւա­նի տան մէջ քոյ­րե­րը նո­ւի­րո­ւած են մա­նուկ­նե­րու հո­գա­տա­րու­թեան։ Ե­րե­ւան քա­ղա­քին մէջ կը գոր­ծէ նաեւ ­Սուրբ ­Թե­րե­զա­յի ա­նո­ւան բժշկա­կան հա­մալ­սա­րա­նը։
­Վառ պա­հե­լու հա­մար Սր­բու­հի ­Մայր ­Թե­րե­զա­յի կե­ցու­թեան յի­շա­տա­կը, Ա­թէն­քի ­Նէոս ­Գոզ­մոս ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի յար­կէն ներս, 13 ­Սեպ­տեմ­բե­րին, ­Խա­չի ­Վե­րաց­ման տա­ղա­ւար տօ­նին ա­ռի­թով, ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի բա­կե­րէն մին ա­նո­ւա­նո­ւե­ցաւ «Սր­բու­հի ­Մայր ­Թե­րե­զա»-ի բակ։ Ե­րե­կո­յեան ժա­մը 7ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Կա­թո­ղի­կէ­նե­րու Ա­ռա­քե­լա­կան կա­ռա­վա­րիչ ­Գերպ. ­Յով­սէփ Թ.Ծ.Վ. ­Պե­զա­զեան մա­տու­ցա­նեց հան­դի­սա­ւոր ­Սուրբ ­Պա­տա­րագ։ Իր քա­րո­զին մէջ ան տո­ւաւ օ­րո­ւան տօ­նին պատ­գա­մը, մեկ­նա­բա­նե­լով ­Սուրբ ­Խա­չի փրկա­րար եւ կեն­դա­նա­րար խոր­հուր­դը։ Ան ներ­կա­յա­ցուց ­Սուրբ ­Խա­չը՝ ոչ միայն իբր խորհր­դա­նիշ այլ մեր հա­ւատ­քը եւ յոյ­սը ամ­րապն­դող նշան, ո­րուն վրայ ­Յի­սուս զո­հուե­լով քա­ւեց մեր մեղ­քե­րը։ ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, ­Մայր ­Թե­րե­զա­յի ­Միա­բա­նու­թեան ­Քոյ­րե­րու, ­Թի­նոս կղզիի վրայ ծա­ռա­յող ­Միա­բա­նու­թեան քոյ­րե­րու, հայ, ալ­պա­նա­ցի եւ յոյն հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու բազ­մու­թեան մը ներ­կա­յու­թեան, ­Գերպ. Ա­ռաջ­նոր­դը կա­տա­րեց ռե­հա­նի օրհ­նու­թիւ­նը եւ ա­պա Սր­բու­հի ­Մայր ­Թե­րե­զա­յի ա­նո­ւան բա­կի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը։ ­Բա­ցու­մի ա­րա­րո­ղու­թեան խօսք ա­ռին ­Մայր ­Թե­րե­զա­յի ­Քոյ­րե­րու Ա­թէն­քի ա­ռա­քե­լու­թեան մե­ծա­ւո­րու­հի՝ ­Քոյր Anne Blandine, յու­նա­րէն լե­զո­ւով եւ ­Միա­բա­նու­թեան քո­յե­րէն մէ­կը՝ ալ­պա­նե­րէն լե­զո­ւով։ ­Սուրբ ­Պա­տա­րա­գի ծէ­սին եւ բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ի­րենց գոր­ծու­նեայ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին հա­մայն­քի ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րը։ ­Գերպ. ­Պե­զա­զեան գնա­հա­տեց նաեւ ­Մայր ­Թե­րե­զա­յի ա­նո­ւան բա­կի յու­շա­տախ­տա­կի ար­ձա­նագ­րու­թեան հե­ղի­նա­կը։ Ն­կա­տի առ­նե­լով ­Մայր ­Թե­րե­զա­յի ալ­պա­նա­կան ծա­գու­մը եւ ա­նոր գթասր­տու­թեան գոր­ծու­նէու­թեան ծնուն­դը Հնդ­կաս­տա­նի մէջ, օ­րո­ւան հան­դի­սու­թիւ­նը ճո­խա­ցաւ ալ­պա­նա­կան եւ հնդկա­կան երգ ու պա­րով։ Ըստ հայ­կա­կան ա­ւան­դու­թեան, ու­րախ մթնո­լոր­տի մէջ տօ­նը փա­կո­ւե­ցաւ խա­րոյ­կա­հան­դէ­սով ո­րուն ըն­թաց­քին հնչեց հայ եր­գը, պա­րի հար­թակ հրա­ւի­րե­լով խան­դա­վառ ներ­կա­նե­րը։
«Ո՛վ Ա­մե­նա­սուրբ ­Կոյս ­Մա­րիամ, թա­գու­հի սրբոց, օգ­նէ մե­զի որ ըլ­լանք հեզ եւ խո­նարհ Սր­բու­հի ­Մայր ­Թե­րե­զա­յի նման՝ ա­ռա­քեալ­ներ գթասր­տու­թեան. օգ­նէ մե­զի ը­լալ­լու ա­ռա­քեալ­ներ Ք­րիս­տո­սի, որ մեր խա­ղա­ղու­թիւնն է եւ յոյ­սը. Ա­մէն»։

Ռ.Ս.