Կ­’ու­զենք մեր ժո­ղո­վուր­դի սի­րե­լի զա­ւակ­նե­րուն յայտ­նել, որ յա­ռա­ջի­կայ ­Հինգ­շաբ­թի` 11 ­Փետ­րո­ւար 2021-ի, ե­րե­կո­յեան ժա­մը 9։00-ին, ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Կ­րօ­նա­կան ­Ժո­ղո­վին պատ­րաս­տու­թեամբ, Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի ­Դի­մա­տետ­րի (Facebook) է­ջէն պի­տի սփռո­ւի Սր­բոց ­Վար­դա­նանց դիւ­ցազ­նա­մար­տի ազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան տօ­նին ա­ռի­թով յա­տուկ յայ­տա­գիր։
Այ­սու կոչ կ­՚ուղ­ղենք մեր ժո­ղո­վուր­դին, որ հա­ւա­տա­րիմ մնա­լով ազ­գա­յին դաս­տիա­րա­կու­թեան նա­խան­ձախն­դիր գի­տակ­ցու­թեան, յա­տուկ ու­շադ­րու­թիւն դարձ­նեն այս ա­ռի­թին եւ ըն­տա­նի­քի ան­դամ­նե­րով ու մա­նա­ւանդ զա­ւակ­նե­րով, միաս­նա­բար վե­րոն­շեալ ժա­մուն հե­տե­ւին տօ­նին նուի­րո­ւած առ­ցանց յայ­տագ­րի սփռու­մին եւ հա­ղոր­դո­ւիլ Ա­ւա­րայ­րի հայ­րե­նա­սի­րա­կան ո­գիով ու խոր­հուր­դով։

ՅԱՅՏԱԳԻՐ

­* Բաց­ման խօսք՝ հոգշ. Տ. ­Յով­հան­նէս վրդ. ­Սաղ­տը­ճեան՝ Առաջնորդական փոխանորդ
­* Վար­դա­նանց ­Շա­րա­կան`«­Նո­րահ­րաշ Պ­սա­կա­ւոր»
* «­Հա­տո­ւած՝ ­Վար­դա­նի ճա­ռէն» ըն­թեր­ցում՝ հոգշ. Տ. Ս­տե­փա­նոս վրդ. ­Փա­շա­յեան
* Ա­ւե­տա­րա­նի ըն­թեր­ցում-­Մատ­թէոս (10:26-33)՝ արժ. Տ. Հ­րայր Աւ. քհնյ. ­Նի­կո­լեան
­* Մաղ­թանք Սր­բոց յի­շա­տա­կին՝ «Ք­րիս­տոս Աս­տո­ւած ­Մեր»
* Ա­ղօթք «Պ­սա­կիչ Սր­բոց»՝ արժ. Տ. ­Պա­րետ քհնյ. ­Խա­չե­րեան
­* Շա­րա­կան՝ «Ա­րե­գակն Ար­դա­րու­թեան»
* ­Հա­տո­ւած հայ նա­խա­րար­նե­րուն ­Հազ­կերտ Բ.-ի ուղ­ղած նա­մա­կէն՝ արժ. Տ. ­Նա­րեկ քհնյ. ­Շա­հի­նեան
­* Պատ­գամ` ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Ս. Արք. ­Խա­չե­րեան՝ Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց թե­մին
* «­Հա­յաս­տան», ­Պա­րոյր ­Սե­ւակ — աս­մունք՝ դպիր Գ­րի­գոր Ու­նա­նեան
* ­Վար­դա­նա­շունչ եւ ազ­գա­յին եր­գեր՝ հա­մա­ցան­ցէն քա­ղո­ւած

Առ­ցանց ե­լոյ­թը կա­րե­լի է դի­տել հե­տե­ւեալ ձե­ւե­րով՝
https://www.facebook.com/ArmenianPrelacyofGreece
https://www.facebook.com/armenianprelacygr

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ