«Ար­մի­նիըն Ո­ւիք­լի» թեր­թը հրա­պա­րա­կած է ­Տիգ­րա­նա­կեր­տի ­Սուրբ ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղեց­ւոյ ներ­կայ ի­րա­վի­ճա­կը պար­զող լու­սան­կար­ներ՝ նշե­լով, որ այս լու­սան­կար­նե­րը գաղտ­նա­բար առ­նո­ւած են ան­ցեալ ­Յու­լի­սին: Եր­կար տա­րի­ներ ա­ւե­րակ մնա­լէ ետք, ­Սուրբ ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին իր թա­ղա­կան խոր­հուր­դին, նախ­կին տիգ­րա­նա­կերտ­ցի­նե­րու եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի ջան­քե­րով վե­րա­նո­րո­գո­ւած էր եւ 2011ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին վե­րա­բա­ցո­ւած էր, մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն պատ­ճա­ռե­լով հա­մայն հա­յու­թեան եւ տեղ­ւոյն բնա­կիչ­նե­րուն: Ե­կե­ղեց­ւոյ վե­րա­բա­ցու­մով պա­տա­հած էր շա­հե­կան ա­նակն­կալ մը. բազ­մա­թիւ ծպտեալ հա­յեր սկսած էին հրա­պա­րակ իջ­նե­լու եւ հա­մախմ­բո­ւե­լու ե­կե­ղեց­ւոյ կա­մար­նե­րուն ներ­քեւ: ­Հայ հո­գե­ւոր գրա­կա­նու­թեան մէջ յա­ճախ կը շեշ­տո­ւի «ե­կե­ղե­ցին ժո­ղո­վո՛ւրդ է» հաս­տա­տու­մը: Այս շրջա­գի­ծին մէջ, ­Սուրբ ­Կի­րա­կո­սի այդ նոր օ­ծու­մը եւ վե­րա­բա­ցու­մը հրաշ­քի հա­մա­զօր ա­պա­ցոյց մը ե­ղան սոյն հաս­տա­տու­մին հա­մար:
Ափ­սո՜ս, սա­կայն, որ վեր­ջին տա­րի­նե­րուն ­Թուր­քիոյ որ­դեգ­րած ռազ­մա­տենչ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով, ե­կե­ղեց­ւոյ տա­րած­քը ան­հա­սա­նե­լի ե­ղաւ բո­լո­րին հա­մար:
­Նա­խա­պէս թրքա­կան մա­մու­լին մէջ յայտ­նո­ւած էին կարգ մը լու­սան­կար­ներ, ուր կը տես­նո­ւէին յա­տուկ ծա­ռա­յու­թեան ոս­տի­կան­ներ՝ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ: «Ար­մի­նիըն Ո­ւիք­լի»ի հրա­պա­րա­կած լու­սան­կար­նե­րով եւս յայտ­նի կը դառ­նայ, որ պա­տա­հած վնա­սը շատ մեծ չէ՝ բաղ­դատ­մամբ նոյն տա­րած­քին մէջ գտնո­ւող այլ սրբա­վայ­րե­րու: Ու­րեմն, կա­րե­լի է մխի­թա­րո­ւիլ այն բա­նով, որ ­Սուրբ ­Կի­րա­կոս ե­կե­ղե­ցին ա­ռայժմ նո­ւա­զա­գոյն վնա­սով դուրս ե­կած է այս բար­բա­րո­սա­կան կոր­ծա­նու­մէն: Իսկ ե­կե­ղեց­ւոյ հօ­տը յոյ­սով կը սպա­սէ ներ­կայ պայ­ման­նե­րու բա­րե­լաւ­ման եւ ե­կե­ղեց­ւոյ վերս­տին պաշ­տա­մուն­քի հա­մար բա­ցո­ւե­լուն: