Կի­րա­կի 9 ­Հոկ­տեմ­բեր 2022-ին, ­Գո­քի­նիոյ Ս. ­Յա­կոբ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տա­րուե­ցաւ Սր­բա­լոյս նոր ­Միւ­ռո­նով ջրօրհ­նէք։ Ս. պա­տա­րա­գը մա­տուցեց տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. ­Պա­րէտ քհնյ. ­Խա­չե­րեան։ Ս. խո­րա­նին սպասար­կե­ցին ­Կա­րա­պետ սրկ. ­Քէօ­սէեան եւ ­Գար­լօ սրկ. Աք­սա­րէ­լեան։ Եր­գե­ցողու­թիւ­նը կա­տա­րեց դպրաց դա­սի երգ­չա­խում­բը, խմբա­վա­րու­թեամբ պրն. ­Քե­րով­բէ Է­քի­զեա­նի եւ օր­կա­նի վրայ տիկ. ­Լիա­նա Սարեանի։
Ա­րա­րո­ղու­թեան հան­դի­սա­պե­տեց ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց ­Թե­մի Ա­ռաջնորդ ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րան։ ­Ներ­կայ էին Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Թագ­ւոր ­Յո­վա­կի­մեան եւ հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դը։
Ս. պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, ­Գերշ. Տ. ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան փո­խանցեց յա­ւուր պատ­շա­ճի օ­րո­ւան քա­րո­զը, զոր հիմ­նո­ւած էը ­Թարգ­ման­չաց Ս. ­Վար­դա­պե­տաց տօ­նին շուրջ։ ­Հարկ է նշել թէ մէկ օր ա­ռաջ, ­Հայց. Ա­ռա­քելա­կան Ս. ե­կե­ղե­ցին տօ­նեց ­Թարգ­մա­նիչ Ս. ­Վար­դա­պետ­նե­րու յի­շա­տա­կը։
Ան ը­սաւ, թէ Ս. ­Մես­րոպ ­Մաշ­տո­ցի, Ս. ­Սա­հակ ­Պար­թե­ւի եւ մնա­ցեալ վար­դա­պետ­նե­րու յա­տուկ ա­ռա­քե­լու­թեամբ, 4-րդ ­դա­րուն հիմ­քը դրո­ւե­ցաւ հայ մշա­կոյ­թին։ ­Թարգ­ման­չաց տօ­նի շա­րա­կա­նը կ’ը­սէ, թէ ­Մով­սէս մար­գարէն ­Սի­նա լե­ռան վրա­յէն Աս­տու­ծոյ պա­տո­ւի­րան­նե­րը բե­րաւ, իսկ Ս. ­Մեսրոպ ­Մաշ­տոց ­Հա­յաս­տան աշ­խարհ հա­յե­րէն լե­զո­ւի այ­բու­բէ­նը բե­րաւ եւ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցաւ ար­քու­նի­քին, ե­կե­ղեց­ւոյ ու ժո­ղո­վուր­դին կող­մէ։ Այս ա­մէ­նը ծրագ­րո­ւե­ցաւ ու ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ, որ­պէս­զի հայ ժո­ղո­վուր­դը ու­նե­նայ իր իւ­րա­յա­տուկ նկա­րա­գի­րը։ Ո­րով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւր լե­զու իր մէջ կը պա­րունա­կէ նաեւ իր ժո­ղո­վուր­դի նկա­րա­գի­րը։ Ու­րեմն հա­յե­րէն լե­զու կը նշա­նա­կէ հայ­կա­կան մշա­կոյթ եւ հա­յու նկա­րա­գիր։ ­Մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը այս հա­ւատ­քէն մեկ­նե­լով, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րուն հիմ­նե­ցին հայ­կա­կան վարժա­րան­ներ, ե­կե­ղե­ցի­ներ ու այլ կա­ռոյց­ներ։
­Քա­րո­զիչ Սր­բա­զան ­Հայ­րը յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ Ս. ­Միւ­ռո­նին մա­սին։ Ան յայտ­նեց, թէ Ս. ­Միւ­ռո­նը մեր ժո­ղո­վուր­դի սրբու­թիւննե­րէն մին կը հան­դի­սա­նայ եւ մե­զի հա­սած է Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ ա­ռաջին ­Կա­թո­ղի­կո­սի օ­րէն։ Ըստ ե­կե­ղե­ցա­կան հաս­կա­ցո­ղու­թեան, Ս. ­Միւ­ռո­նը կը խորհր­դան­շէ Ս. ­Հո­գին։ Իսկ մեր ժո­ղո­վուր­դը, հա­ւատ­քի զօ­րու­թեամբ այս մէ­կը շա­ղա­խած է նաեւ ազ­գա­յին իր նկա­րագ­րին հետ։
­Քա­րո­զի ա­ւար­տին, «­Լոյս ի լու­սոյ» շա­րա­կա­նի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ, Սր­բա­լոյս նոր ­Միւ­ռո­նը որ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հայ­րը բե­րած էր Ան­թիլիա­սի ­Մայ­րա­վան­քէն, մկրտա­րա­նէն Ս. խո­րան փո­խադ­րո­ւե­ցաւ յա­տուկ թափօ­րով մը։ Ետ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ ջրօրհ­նէ­քը ա­պա բժշկու­թեան ա­ղօթ­քի ըն­թեր­ցու­մը։
Ս. պա­տա­րա­գի ա­ւար­տին, հա­ւա­տա­ցեալ ժո­ղո­վուր­դին բաժ­նո­ւե­ցաւ օրհ­նո­ւած ջու­րէն։ Իսկ ե­կե­ղեց­ւոյ ­Տիկ­նանց մար­մի­նը, Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր ու Ազ­գա­յին ­վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տին պա­տո­ւեց հիւ­րա­սի­րու­թեամբ մը։

ԹՂԹԱԿԻՑ