­Կա­մօքն Աս­տու­ծոյ¸ 1 ­Յու­լիս 2022-ին¸ ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ Սր­բազ­նա­գոյն ­Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Ա­րամ Ա. ­Վե­հա­փառ ­Հայ­րա­պետ կա­նո­նա­կան ա­ղօթ­քով եւ մեր հա­ւա­տոյ հայր Ս. Գրի­գոր ­Լու­սա­ւոր­չի Ս. Ա­ջով եւ այլ սուր­բե­րու մա­սունք­նե­րով կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի մայ­րա­վան­քին մէջ պի­տի կա­տա­րէ սրբա­լոյս միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը։
­Միւ­ռո­նը ձի­թաիւ­ղի եւ դափ­նիի իւ­ղի հետ միա­խառ­նո­ւած ա­նու­շա­բոյր բոյ­սե­րով պատ­րաս­տո­ւած իւղ է¸ որ կը գոր­ծա­ծո­ւի սրբա­գոր­ծե­լու եւ նո­ւի­րա­գոր­ծե­լու ա­մէն անձ կամ սպաս¸ որ Աս­տու­ծոյ ծա­ռա­յու­թեան նո­ւի­րո­ւած է։
­Սուրբ իւ­ղի գոր­ծա­ծու­թիւ­նը աս­տո­ւա­ծաշն­չա­կան ժա­մա­նա­կագ­րու­թեան մէջ ետ կ­՚եր­թայ մին­չեւ ­Մով­սէս մար­գա­րէ։ ­Հին կտա­կա­րա­նի Ե­լից գիր­քին մէջ կը կար­դանք¸ թէ Աս­տո­ւած ­Մով­սէ­սին պա­տո­ւի­րեց¸ որ սուրբ օ­ծու­թեան իւղ պատ­րաս­տէ¸ թո­ւե­լով ա­նոր բա­ղադ­րու­թիւ­նը¸ եւ թե­լադ­րեց ա­նոր որ սուրբ իւ­ղով օ­ծէ Աս­տու­ծոյ պաշ­տա­մուն­քին հետ կա­պո­ւած բո­լոր վայ­րերն ու ա­ռար­կա­նե­րը։ Ինչ­պէս նաեւ թե­լադ­րեց օ­ծել ­Մով­սէ­սի եղ­բայ­րը՝ Ա­հա­րո­նը եւ ա­նոր որ­դի­նե­րը քա­հա­նա­յու­թեան հա­մար։ Կ­՚օ­ծո­ւէին նաեւ մար­գա­րէ­ներ եւ թա­գա­ւոր­ներ¸ ինչ­պէս ­Դա­ւիթ թա­գա­ւոր։ (Ե­լից 30.22-30)
Ք­րիս­տո­նէա­կան ա­ռա­ջին շրջա­նէն իսկ¸ ա­ռա­քե­լա­կան շրջա­նէն¸ իւ­ղով օ­ծե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը պա­հո­ւած է։ ­Սուրբ իւ­ղի օ­ծու­մը կը խորհր­դան­շէ աս­տո­ւա­ծա­յին շնորհք­նե­րուն ստաց­ման  տե­սա­նե­լի ար­տա­յա­տու­թիւ­նը։ ­Սուրբ ­Հո­գիին ներ­գոր­ծու­թեամբ կեն­դա­նա­ցած մկրտու­թեան ջու­րէն հո­գե­ւո­րա­պէս ծնած քրիս­տո­նեան կը դրոշ­մո­ւի¸ կը կնքո­ւի սուրբ միւ­ռո­նով՝ ի նշան Ս. ­Հոգ­ւոյն շնորհք­նե­րու ստաց­ման։ ­Կը դրոշ­մո­ւին մկրտո­ւո­ղին մարմ­նի ան­դամ­նե­րը՝ ճա­կա­տը¸ աչ­քե­րը¸ ա­կանջ­նե­րը¸ քի­թը¸ շրթունք­նե­րը¸ սիր­տը¸ ձեռ­քե­րը¸ կռնա­կը եւ ոտ­քե­րը։ Իւ­րա­քան­չիւր ան­դամ ի­րեն յա­տուկ ա­ղօթ­քով։
­Հայ ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թեան հա­մա­ձայն¸ ա­ռա­ջին միւ­ռո­նը օրհ­նած է Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւո­րիչ։ Այ­նու­հե­տեւ¸ ա­մէն ան­գամ օրհ­նո­ւող նոր միւ­ռո­նին մէջ միշտ միա­խառ­նո­ւած է հին միւ­ռո­նէն¸ այս­պէ­սով սե­րուն­դէ սե­րունդ փո­խան­ցե­լով լու­սա­ւոր­չա­ւանդ միւ­ռո­նի հնա­ւանդ սրբա­լոյս շնոր­հը։
­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կա­նո­նին հա­մա­ձայն¸ միւ­ռո­նօրհ­նէք կը կա­տա­րո­ւի եօ­թը տա­րին ան­գամ մը։ ­Միւ­ռո­նի պատ­րաս­տու­թիւ­նը կը կա­տա­րո­ւի քա­ռա­սու­նէ ա­ւե­լի ծա­ղիկ­ներ եւ այլ ա­նու­շա­բոյր նիւ­թեր  ձի­թաիւ­ղի եւ դափ­նիի իւ­ղի մէջ խառ­նե­լով¸ եր­կու օ­րեր շա­րու­նակ հան­դարտ կրա­կի վրայ ե­փե­լէ ետք¸ կը տե­ղադ­րո­ւի միւ­ռո­նի կաթ­սա­յին մէջ եւ ա­պա կը զե­տե­ղո­ւի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի ­Մայր ­Տա­ճա­րի խո­րա­նին վրայ¸ ուր կը մնայ քա­ռա­սուն օ­րեր։ Այդ մի­ջո­ցին¸ ա­մէն օր ե­կե­ղե­ցա­կան ժա­մեր­գու­թեանց ըն­թաց­քին կը կար­դա­ցո­ւին յա­տուկ ա­ղօթք­ներ եւ սաղ­մոս­ներ։
­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ¸ միւ­ռո­նօրհ­նէք կա­տա­րե­լը ­Կա­թո­ղի­կո­սի ա­ռանձ­նաշ­նոր­հում­նե­րէն մին է։ ­Պատ­րաս­տու­թե­նէն քա­ռա­սուն օ­րեր ետք¸ ­Կա­թո­ղի­կո­սը¸ յըն­թացս սուրբ պա­տա­րա­գի¸ շրջա­պա­տո­ւած հան­դի­սա­ւոր­՚ա­պէս զգես­տա­ւո­րո­ւած  12 ե­պիս­կո­պոս­նե­րով կը կա­տա­րէ սուրբ միւ­ռո­նի օրհ­նու­թիւ­նը¸ հին միւ­ռո­նէն նո­րին մէջ խառ­նե­լով եւ Ս. Գ­րի­գոր ­Լու­սա­ւոր­չի Ս. Ա­ջին մա­սուն­քով օրհ­նե­լով։
Սր­բա­լոյս ­Միւ­ռո­նը ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թեան վե­հա­գոյն խորհր­դա­նիշն է։ Ա­մե­նայն ­Հա­յոց կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ս. Էջ­միած­նի մէջ միւ­ռո­նօրհ­նէ­քին ներ­կայ կ­՚ըլ­լան ու կը մաս­նակ­ցին ­Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պա­տո­ւի­րակ ե­պիս­կո­պոս­ներ. փո­խա­դար­ձա­բար ­Մե­ծի ­Տանն կի­լի­կիոյ կա­թո­ղի­կո­սու­թեան Ան­թի­լիա­սի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին մէջ կա­տա­րո­ւած միւ­ռո­նօրհ­նէ­քին կը մաս­նակ­ցին Ա­մե­նայն ­Հա­յոց ­Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան ե­պիս­կո­պոս պա­տո­ւի­րակ­ներ¸ ո­րոնք ի­րենց հետ կը բե­րեն միւ­ռոն եւ ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին կը խառ­նեն նոր օրհ­նո­ւող միւ­ռո­նին մէջ։ Այդ հո­գե­թով պա­հուն ներ­կայ ուխ­տա­ւոր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ի­րենց անզս­պե­լի բերկ­րանքն ու գո­հու­նա­կու­թիւ­նը կ­՚ար­տա­յայ­տեն անզս­պե­լի հրճո­ւա­գին ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով։  Ե­թէ նոր միւ­ռո­նին մէջ հին միւ­ռո­նէն խառ­նե­լը կը խորհր­դան­շէ դա­րե­րու լու­սա­ւոր­չա­ւանդ օրհ­նու­թեան շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւ­նը¸ ա­պա նաեւ եր­կու կա­թո­ղի­կո­սու­թիւն­նե­րու միւ­ռոն­նե­րու միա­խառ­նո­ւի­լը կը խորհր­դան­շէ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թեան եւ մէկ սրբա­լոյս միւ­ռոն ու­նե­նա­լուն ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Այլ կար­ծիք­նե­րու եւ հա­մո­զում­նե­րու տե­ղի տո­ւող տա­րա­կար­ծու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ­նե­րը հե­տե­ւանք են¸ հայ ժո­ղո­վուր­դի ապ­րած ու դի­մագ­րա­ւած պատ­մա­քա­ղա­քա­կան եւ աշ­խա­հագ­րա­կան տա­րա­պայ­ման հար­կե­ցու­ցիչ պա­րա­գա­նե­րու¸ ո­րոնք դա­րե­րէ ի վեր առ այ­սօր ալ կը յա­մե­նան։ Ան­կաս­կած սա­կայն¸ ի լրումն ժա­մա­նա­կի¸ այդ բո­լոր պա­րա­գա­նե­րը՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ող­ջա­խոհ եւ ի­րա­պաշտ տնօ­րի­նու­մով պի­տի չքա­նան եւ ­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ միու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի պայ­ծառ եւ գե­ղե­ցիկ կեր­պով պի­տի դրսե­ւո­րո­ւի մեր ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ։
Սր­բա­լոյս միւ­ռո­նը տե­սա­նե­լի խորհր­դա­նիշն է Ս. ­Հոգ­ւոյ շնորհ­նե­րուն աղ­բե­րաց­ման մեր կեան­քէն ներս։  Իւ­րա­քան­չիւր միւ­ռո­նօրհ­նէք¸ Ս. ­Հոգ­ւոյ շնորհ­նե­րու զեղ­ման շա­րու­նա­կա­կա­նու­թեան առ­հա­ւատ­չեայ է։ ­Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քը¸ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն կեան­քին մէջ հո­գե­ւոր ապ­րում­նե­րու ար­ծարծ­ման եւ ջեռ­մե­ռանդ հա­ւատ­քի հաս­տատ­ման օրհ­նա­լի ա­ռիթ է։
­Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւա­զա­նէն նո­րոգ մկրտեա­լի ճակ­տին դրոշ­մո­ւած միւ­ռո­նը Ս. ­Հոգ­ւոյն շնորհ­նե­րուն ստաց­ման կող­քին¸ հա­յու­թեան կնիքն է։ Սր­բա­լոյս միւ­ռո­նը հա­յուն հա­ւատքն ու ազ­գու­թիւ­նը զօ­դող յօ­դա­կապն է։ Ս. Գ­րի­գոր նա­րե­կա­ցիի ­Նա­րեկ ա­ղօ­թա­մա­տեա­նի սրբա­լոյս միւ­ռո­նին նո­ւի­րո­ւած ա­ղօթ­քին մէջ հե­տե­ւեալ բա­ռե­րուն՝ «…երբ ­Սուրբ Եր­րոր­դու­թեան ներ­գոր­ծու­թիւ­նը կը խառ­նո­ւի ա­նոր (միւ­ռո­նին) մէջ¸ ա­նի­կա կ­՚ըլ­լայ շնոր­հաց ճա­ռա­գայթ¸ որ կը շքա­ւո­րէ մեր դէմ­քը¸ կը գե­ղեց­կաց­նէ ե­րե­սը» հայ­կա­կան ժո­ղովր­դա­յին հա­րա­զատ մէկ ար­տա­յա­տու­թիւնն է շնոր­հա­լի ան­ձին հա­մար ը­սել¸ որ ճակ­տին միւ­ռոն կայ¸ եւ հա­կա­ռա­կը¸ անշ­նորհ մար­դուն հա­մար ը­սել՝ ճակ­տին միւ­ռոն չկայ։
­Միւ­ռո­նօրհ­նէ­քի ա­ռիթն ու ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րը ա­ռինք­նող հա­մազ­գա­յին  ուխ­տագ­նա­ցու­թիւն է։ Ան­գամ մը եւս¸ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րը հրա­ւի­րո­ւած են սրբա­լոյս միւ­ռո­նին հետ հա­ղոր­դո­ւե­լու եւ հո­գե­պէս զո­ւար­թա­նա­լու ու պայ­ծա­ռա­նա­լու եւ հայ­կա­կան ինք­նու­թեամբ ամ­րապն­դո­ւե­լու։

                                                                                ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան
Ա­ռաջ­նորդ ­Յու­նաս­տա­նի ­Հա­յոց