Յունահայոց Ազգային Առաջնորդարանի դիւանը կը հաղորդէ, թէ Երեքշաբթի 17 Սեպտեմբեր 2019ին, Յունաստանի հայոց թեմի Առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, ընկերակցութեամբ Ազգային վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեանի, Պարէտ քհնյ. Խաչերեանի եւ Նարեկ քհնյ. Շահինեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Մէսոյեասի Նիքոլաոս մետրապոլիտին։
Այցելութիւնը ծանօթացման բնոյթ ունէր եւ կը դասուի Առաջնորդ Սրբազան հօր՝ յունաց եկեղեցւոյ մետրոպոլիտներուն այցելութեանց եւ անոնց հետ ծանօթացման շարքին։
Նիքոլաոս մետրապոլիտը բացառիկ ու ջերմ ընդունելութեամբ հիւրընկալեց Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ ընկերակցող պատուիրակութեան։
Ան յատուկ կերպով անդրադարձաւ մանկութեան օրերու՝ իրենց տան հայ դրացիներուն եւ ուսման տարիներուն՝ իր հայ դասընկերներուն մասին։ Ան յուզումով արտայայտուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին, միաժամանակ, մեծապէս գովաբանեց հայ ժողովուրդի վերապրելու եւ գոյատեւելու ամուր ձգտումը։
Գեղամ Արք. Խաչերեան անդրադարձաւ հայ եւ յոյն եկեղեցիներու պատմական յարաբերութեան ու գործակցութեան։ Ան շեշտեց, թէ երկու եկեղեցիները միեւնոյն մարտահրաւէրները կը դիմագրաւեն իրենց առաքելութեան ներքին թէ արտաքին ճակատներուն վրայ։ Այսօր, Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներու ճակատագիրը մէկ է։ Անոնց արտագաղթն ու կրած տառապանքը, մեծագոյն առիթը պէտք է ըլլայ քրիստոնեայ եկեղեցիներու համագործակցութեան։ Հանդիպման ընթացքին, Ազգային վարչութեան ատենապետը տեղեկութիւններ տուաւ յունահայ գաղութի պատմութեան ու կառուցային գործունէութեան մասին։
Աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։
Սրբազան հօր այցելութիւնը Մեսոյեասի մետրոպոլիտին
Սրբազան հօր այցելութիւնը Մեսոյեասի մետրոպոլիտին