Ուրբաթ, 16 Փետրուար 2024-ին, ժամը 12:00-ին, Թեմիս բարեջան Առաջնորդ գերշ. Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան, Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ Թաղական խորհուրդի ատենապետին ընկերակցութեամբ, այցելեց Թեսաղոնիկէի մետրոպոլիտին։
Յոյն հոգեւորականը ողջունեց Սրբազան հօր ներկայութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան համար։
Հանդիպումին ընթացքին, քննարկուեցան Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին եւ եկեղեցական հարցերու վերաբերող նիւթեր։ Մետրոպոլիտը շեշտեց, որ Թեսաղոնիկէի հայ համայնքին հետ ջերմ եւ եղբայրական յարաբերութիւնները ընդմիշտ պիտի շարունակուին։
Սրբազան հայրն ալ իր կարգին շնորհաւորեց անոր՝ մետրոպոլիտ ընտրուելուն առիթով։
Աւարտին, Սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար։
Ապա նուիրեց Թեսաղոնիկէի հայ գաղութի մասին գրուած երկու գիրք, իսկ մետրոպոլիտը, իր կարգին, իրենց եկեղեցւոյ մասին հրատարակուած գիրք մը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Սրբազան հայրը այցելեց Թեսաղոնիկէի մետրոպոլիտին