ՏԻՐՈՒՀԻ ՊԱՂՎԱՆՏԵԱՆ
Երկար տարիներէ ետք ծննդավայր այցելութիւնս զուգադիպեցաւ՝ նախակրթարանիս՝ «Զաւարեան» վարժարանի հիմնադրութեան 90ամեակին, որուն համար մեծ գոհունակութիւն զգացի ներկայ գտնուելով զոյգ տօնակատարութիւններուն:
1951-52 տարեշրջանին, 18 երկսեռ աշակերտներս աւարտեցինք վարժարանի 6ամեայ շրջանը՝ մեր հետ տանելով անմոռանալի յիշատակներ: Հայերէն լեզուի ուսուցիչները ամէն ջանք թափեցին, որպէսզի ճշգրիտ ձեւով ըմբռնենք մեր մայրենին:
1915ի ցեղասպանութենէն ազատած հայ ժողովուրդի մէկ մասը ապաստան գտաւ այս հիւրընկալ երկրին մէջ եւ, իր վրայէն տարագրութեան փոշին չթօթուած, իր զաւակները տեղաւորեց «Զաւարեան» վարժարան: Որպէս վերապրողի սերունդ՝ պարտք կը զգամ շնորհակալութեան խօսք յայտնելու՝ Հ. Կ. Խաչի Շրջանային Վարչութեան, որ պայծառ գաղափարը ունեցաւ 1927ին կերտելու համեստ դպրոց մը, ուր հարիւրաւոր զաւակներ հայեցի դաստիարակութիւն ստացան:
Տեղին է շնորհաւորել բոլոր անոնց, որոնք կարողացան կառուցել նոր «Զաւարեան»ը՝ իր յարակից սրահներով, մարզադաշտով եւ արդի խոհանոցով:
Գնահատանքի արժանի է Գոքինիոյ հայ գաղութը, որ կարողացաւ դպրոցին դռները բաց պահել՝ հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին:
Այժմ՝ որպէս գանատահայ եւ երկար տարիներ «Ազատ Օր»ի ընթերցող, բարձր կը գնահատեմ խմբագրութիւնը եւ սատար հանդիսացող բաժանորդները, որոնք երկար տարիներ կարողացան օրաթերթ ունենալ, ինչ որ հազուադէպ երեւոյթ է շատ մը հայկական գաղութներու մէջ:
Նորանոր ամեակներ կը մաղթեմ Հ. Կ. Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանին, երկար եւ բեղուն տարիներ՝ «Ազատ Օր» օրաթերթին: