Փետրուար 26ին, Հ.Հ. Պ.Ն. պաշտպանական քաղաքականութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեան ընդունեց Յունաստանի ազգային պաշտպանութեան գլխաւոր շտապի միջազգային յարաբերութիւններու տնօրէն, ծովակալ Միխայիլ Նաումի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին ամփոփուեցան 2018ի երկկողմ գործակցութեան ոլորտէն ներս կատարուած աշխատանքները: Գործակցութեան հիմնական ուղղութիւններն են՝ անձնակազմի մարտավարական պատրաստութիւնը, ռազմական կրթութիւնը, ռազմական բժշկութեան, աւիացիայի (օդանաւորդութեան), մարդկային աղբիւրներու կառավարման եւ այլ ուղղութիւներով փորձի փոխանակում, ռազմատեխնիկական գործակցութիւն, ինչպէս նաեւ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններ ու տեղեկատուութեան փոխանակում: Նախորդ տարուան ծրագրուած միջոցառումներու 83 տոկոսը կատարուած է: Հանդիպման ընթացքին համաձայնուեցաւ եւ ստորագրուեցաւ Հայաստան-Յունաստան ռազմական գործակցութեան 2019ի ծրագիրը: Անիկա կը ներառէ 20 միջոցառում Հայաստանի եւ Յունաստանի մէջ: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուեցաւ նաեւ բազմակողմ ձեւաչափերով գործակցութիւնը զարգացնելու ուղղութեամբ: Քննարկուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան առնչուող հարցեր:
Ստորագրուեցաւ Հայաստան-Յունաստան ռազմական գործակցութեան 2019ի ծրագիրը
Ստորագրուեցաւ Հայաստան-Յունաստան ռազմական գործակցութեան 2019ի ծրագիրը. Ծրագիրը կը ներառէ 20 միջոցառում՝ Հայաստանի եւ Յունաստանի մէջ