­Նէա Զ­միռ­նիի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան «­Գա­րուն 2019» ե­րաժշ­տա­գե­ղա­րո­ւես­տա­կան հա­մերգ­նե­րու հան­գոյ­ցի (ցու­ցադ­րու­թիւն, գիր­քի ներ­կա­յա­ցում, դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, հա­մերգ­ներ, թա­տե­րա­կան ներ­կա­յա­ցում­ներ, շար­ժա­պատ­կեր ե­ւայլն) ծի­րէն ներս, քա­ղա­քա­պետ Ս­թաւ­րօ ­Ծու­լա­քի­սի եւ քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մշա­կու­թա­յին հար­ցե­րու պա­տաս­խա­նա­տու փոխ-քա­ղա­քա­պետ ­Վա­կե­լի ­Խա­չա­տու­րեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 27 ­Մարտ 2019ի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 8ին, քա­ղա­քա­պե­տա­կան մշա­կու­թա­յին կեդ­րոն «­Ղա­լաք­սիաս» սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ յու­նա­հայ ե­րա­ժիշտ-յօ­րի­նող-նո­ւա­գող ու եր­գիչ Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեա­նի մօտ եր­կու­քու­կէս ժամ ա­նընդ­հատ տե­ւո­ղու­թեամբ հա­մեր­գը՝ իր նո­ւա­գա­խում­բին մաս­նակ­ցու­թեամբ (երգ՝ ­Վա­սիա ­Զի­լու եւ Էլ­սա Ա­ֆէն­տա­քի, ջու­թակ՝ Օ­տի­սէաս ­Զա­ֆի­րո­փու­լոս, կի­թառ՝ Ս­փի­լիոս ­Զեֆ­քե­լիս, քոնթ­րա պա­սօ Ա­քիս ­Փեթ­րի­նիո­թիս եւ դաշ­նա­կի, կի­թա­ռի ու եր­գի վրայ Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեան):
­Հա­րուստ ու փա­ռա­սէր յայ­տա­գիր, ո­րա­կա­ւոր մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ, սքան­չե­լի ձայ­ներ ու ար­հես­տա­վարժ նո­ւա­գող­ներ, ո­րոնք ի­րենց եր­գե­րով, նո­ւագ­նե­րով ու ե­րաժշ­տու­թեամբ խան­դա­վառ ու լա­րո­ւած մթնո­լոր­տի մէջ պա­հե­ցին սրա­հը բեր­նէ-բե­րան լե­ցո­ւած յոյն եւ մա­սամբ հայ գե­ղա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, որ յա­ճա­խա­կիօ­րէն իր ձայ­նը միա­ցուց եր­գիչ­նե­րուն, ի­րենց հետ եր­գե­լով, զգայ­նու­թեամբ հրամ­ցո­ւած ընդ­հան­րա­պէս ծա­նօթ ու համ­բա­ւի տի­րա­ցած եր­գերն ու մե­ղե­դի­նե­րը:
«­Ղա­լաք­սիաս» մշա­կու­թա­յին կեդ­րո­նի բազ­մա­տե­սակ ե­լոյթ­նե­րը ա­ռա­ջին ան­գամ նա­խա­ձեռ­նո­ւե­ցան ճիշդ տաս­նա­մեակ մը ա­ռաջ եւ, ըստ քա­ղա­քա­պե­տա­կան տո­ւեալ­նե­րուն, մին­չեւ այ­սօր ա­տոնց շար­քին մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րած են ա­ւե­լի քան 300.000 հան­դի­սա­տես­ներ:
­Մեր սի­րե­լի յու­նա­հայ ա­րո­ւես­տա­գէտ Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեա­նը, ի շարս իր գե­ղա­րո­ւես­տա­կան այ­լա­զան ու բազ­մա­պի­սի ե­րաժշ­տա­կան հա­մերգ­նե­րուն, տա­րին քա­նի մը ան­գամ կը հրա­ւի­րո­ւի «­Ղա­լաք­սիաս»՝ ի­րեն ե­լոյթ­նե­րուն հե­տե­ւող եւ զինք հա­ւա­տար­մօ­րէն սի­րող գե­ղա­րո­ւես­տա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան ճա­շա­կը գո­հաց­նող ե­րաժշ­տա­կան բազ­մա­զան սե­ռե­րու՝ ժո­ղովր­դա­կա­նօ­րէն հա­ղոր­դակ­ցա­կան, ան­կեղծ, գու­նա­ւո­րո­ւած, հիւ­մու­րով եւ բծախնդ­րու­թեամբ պատ­րաս­տո­ւած յայ­տա­գի­րով:
Ս­տե­փան ­Թե­քի­րեա­նի հա­մերգ­նե­րը լոկ միա­ձեւ ու միակ­տուր ե­լոյթ­ներ չեն, այլ հա­մե­մո­ւած են բազ­մա­լե­զու ու տար­բեր ե­րան­գա­ւո­րում­ներ գո­հաց­նող լայ­նա­ծիր մի­ջա­վայր ու մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու զգու­շա­ւոր ընտ­րան­քով: ­Յու­նա­րէն, անգ­լե­րէն, ֆրան­սե­րէն, սպա­նե­րէն, փոր­թու­կա­լե­րէն, ի­տա­լե­րէն, ռու­սե­րէն, թրքե­րէն եւ ան­շուշտ հա­յե­րէն կա­րօ­տի եր­գեր, ո­րոնց շար­քին ­Խա­չա­տուր Ա­ւե­տի­սեա­նի «­Բա­լէ­նի»ն, «­Պին­կէօլ»ը, ե­ւայլն: Եր­գեր՝ Եւ­րո­պա­յէն, ­Մի­ջերկ­րա­կա­նէն, Ատ­լան­տեա­նէն ան­դին, ­Լա­տին Ա­մե­րի­կա, Պ­րա­զիլ, ­Քու­պա՝ իր բազ­մա­գոյն ե­րաժշ­տա­կան ե­րան­գա­ւո­րում­նե­րով (­Քո­ման­տան­թէ ­Չէ ­Կէ­վա­րա, ­Նի­նօ ­Ռո­թա, ­Լէո­նարտ ­Քո­հէն, Ֆ­րանք ­Սի­նաթ­րա, ­Շարլ Ազ­նա­ւուր, ­Մա­նօ ­Խա­ծի­տա­քիս, ­Քաթ Ս­թի­վէնս ե­ւայլն):
Իւ­րա­քան­չիւր ա­րո­ւես­տա­գէտ կը յատ­կան­շո­ւի իր ընտ­րանք­նե­րով եւ ինք այդ ընտ­րանք­նե­րու ան­հա­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը բնո­րո­շող ար­տա­յայ­տիչն է: Ա­րո­ւես­տա­գէ­տին ձայ­նը պէտք է տե­ւա­բար լսո­ւի, որ­պէս­զի ան ե­րաժշ­տա­կան բնա­գա­ւա­ռի ճամ­բով կա­րե­նայ հին թէ նոր այժ­մէա­կան պատ­գամ­ներ փո­խան­ցել մար­դու­թիւ­նը բա­րե­լա­ւող ու մէկ քայլ ա­ռաջ տա­նող տես­լա­կան­նե­րու հա­րա­զատ ըն­կա­լու­մով:
­Հա­մերգ­նե­րը՝ բա­ցի վա­յել­քի ու յար­գան­քի ի­րենց մա­տու­ցած պատ­գամ­նե­րէն, մշա­կոյ­թի դաս­տիա­րա­կու­թեան ու վե­րա­պատ­րաստ­ման մի­ջա­վայր կը զար­գաց­նեն ե՛ւ փո­խան­ցո­ղին, ե՛ւ ըն­կա­լո­ղին հա­մար: Այս հա­մեր­գին մի­ջա­վայ­րը ա՛յդ կը թե­լադ­րէր եւ ներ­կա­նե­րուն դէմ­քե­րը դի­տե­լով, կար­ծեմ դրա­կան ու շնոր­հա­կալ այդ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը կը տի­րէր բո­լոր ցո­լա­ցող ար­տա­յայ­տու­թեան պատ­կե­րին վրայ:
­Հա­սա­րա­կու­թիւն­նե­րը ա­ռանց յա­րա­բե­րա­կան մշա­կոյ­թի չեն կրնար ապ­րիլ ու գո­յա­տե­ւել: ­Հա­մո­զո­ւինք, որ մշա­կոյ­թը կ­՚ա­մո­քէ տա­ռա­պած մար­դոց վիշ­տը, գէթ այդ է իր հա­ղոր­դա­կան դի­տա­ւո­րու­թիւնն ու ցան­կու­թիւ­նը:
Շ­նոր­հա­կալ ենք, Ս­տե­փա՛ն, այս իս­կա­պէս սքան­չե­լի ե­րաժշ­տա­կան ճամ­բոր­դու­թեան հա­մար: ­Մենք այս­պէս ո­րա­կա­ւոր կրկնու­թիւն­նե­րէ չենք վախ­նար: Ընդ­հա­կա­ռա՜­կը, ա­րո­ւես­տի ճա­նա­պար­հը վերջ չու­նի եւ պաշտ­պա­նուած է քա­ղա­քակր­թու­թեան պատ­մու­ճա­նով:
­Թո՛ղ քու կեանքդ նոյ­նա­ցած ըլ­լայ քու ե­րաժշ­տա­կան ա­ռօ­րեա­յիդ, քու ա­ռօ­րեադ ալ քու ե­րաժշ­տա­կան կեան­քիդ հետ՝ քե­զի, մե­զի, բո­լո­րի՛ս հա­մար:

Յ. Պ.