Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը, իր Ֆրանսայի տեղական մարմինին հովանաւորութեամբ, Ստեփանակերտի մէջ սկսած է handballի (ձեռնագնդակ) մարզահրապարակի կառուցումը:
Ծրագիրը կ՛իրականացուի ֆրանսացի գործարարներու նիւթական աջակցութեամբ: Մայրաքաղաքին կեդրոնը կառուցուող մարզահրապարակը պիտի ունենայ արհեստական խոտածածկով 800 քառմ. դաշտ, 102 նստատեղ հանդիսատեսի համար, հանդերձարաններ: Մարզահրապարակին լուսաւորումն ու կահաւորումը պիտի իրականացուին արդի պահանջներուն համապատասխան: Մարզահրապարակը, ուր կրնան իրականացուիլ նաեւ ֆութպոլի փորձեր, պիտի սպասարկէ շրջակայ դպրոցներու աւելի քան 3000 աշակերտի:
«Անհամբեր կը սպասենք, թէ երբ պատրաստ պիտի ըլլայ մարզակառոյցը: Ֆրանսայի handballի հաւաքականը երկար տարիներ եղած է աշխարհի առաջատարը եւ ով գիտէ, հաւանաբար, արցախցի պատանի handballistները նոյնպէս դառնան վաղուան ախոյեաններ»,- ըսած է հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինի ատենապետ Պետրոս Թերզեան:
Նշենք, որ 2014ին ալ ֆրանսացի գործարարներու միջոցներով հիմնադրամը ֆութպոլի փոքր դաշտ կառուցած էր Մարտունիի շրջանի Ճարտար քաղաքին մէջ, ուր իր փորձերը կ՛իրականացնէ Արցախի ֆութպոլի ամենազօրաւոր խումբերէն մէկը՝ Ճարտարի հաւաքականը:
Ճարտարի մանկապարտէզը եւս ֆրանսացի բարերարներու նուէրն է համայնքին:
Ստեփանակերտի մէջ սկսած մարզահրապարակի կառուցումը
Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամը Ստեփանակերտի մէջ ձեռնագնդակի մարզահրապարակ կը կառուցէ