Ստեփանակերտի Հայկաւան թաղամասին մէջ, Կրկժանի հարեւանութեամբ, պատերազմի տարիներէն յայտնի «Կոբրա» անունով բլուրին վրայ, հայ ազգի գոյատեւման պայքարի զոհերու յիշատակին նոր ու ժամանակակից յուշահամալիր կը կառուցուի: Ըստ «Արցախփրես»ի՝ յուշահամալիրի շինարարական աշխատանքներ իրականացնող «Կոբրա» ընկերութեան տնօրէն Արմէն Առստամեան ըսած է, որ անիկա կը կառուցուի ծնունդով արցախցի, պատերազմի մասնակից, մոսկուայաբնակ բարերար Սիմոն Պետրոսեանի մտայղացմամբ եւ օժանդակութեամբ: «Ստեփանակերտի գրեթէ բոլոր հատուածներէն երեւցող այս համալիրի շինարարական աշխատանքները կ՛ընթանան 2007 թուականէն ի վեր: Ընդհանուր առմամբ, համալիրը` իր օժանդակ կառոյցներով, կը զբաղեցնէ մօտ 3000 քառ./մ. տարածք: Ծաւալատարածական կառուցուածքով անիկա խաչաձեւ է, իսկ խաչի թեւերը կը ներկայացնեն եռանկիւն կտրուածքով սիւնաշարեր: Հատման կեդրոնին վեր կը խոյանայ յուշակոթող: Ջուրի հոսքի համար պիտի կառուցուի շատրուան, այնտեղէն պիտի հոսի դէպի փոքր ջրաւազաններ: Յուշակոթողը մօտ 20 մեթր բարձրութիւն ունեցող զարդաքանդակներով 2 կոթողներ ունի: Կը նախատեսուի անոնց միջեւ կառուցել պատեանի մէջ պահուած թուր, ինչ որ կը խորհրդանշէ, որ հայ ժողովուրդը յաղթանակած թուրը դրած է պատեան, բայց պատրաստ է վտանգի պահուն զայն դարձեալ հանելու: Յուշահամալիրի տարածքին նաեւ զբօսայգի պիտի ըլլայ` քարէ նստարաններով, ծաղկանոցներով, տաղաւարներով: Յուշահամալիրը երկու գլխաւոր մուտք ունի. առաջինը` Հայկաւան թաղամասէն, երկրորդը` Կրկժանի կողմէն: «Ուրախալին այն է, որ ամէն բան յարմարեցուած է սահմանափակ կարողութիւններով մարդոց ազատ տեղաշարժը ապահովելու համար: Համալիրի տարածքին, առաջին եւ երկրորդ յարկերուն, առանձին մուտքերով կը կառուցուի ճաշարանային համալիր, հարաւ-արեւելեան կողմէ` հիւրանոց: Հիմնական աշխատանքները աւարտած են. արդէն սկսած են ներքին յարդարման աշխատանքները: Ամենագլխաւորը` համալիրը իր ճարտարապետական կառոյցներով, եւ աշխարհագրական դիրքով որեւէ այլ կառոյցի չի նմանիր: Այս յուշահամալիրը հայ ժողովուրդի յարատեւութեան եւ անցեալի յիշողութեան իւրօրինակ խորհրդանիշ պիտի դառնայ»,- ըսած է Ա. Առստամեանը:
Ստեփանակերտի մէջ նոր յուշահամալիր կը կառուցուի
Ստեփանակերտի մէջ նոր յուշահամալիր կը կառուցուի